Ո՛չ մէկ ձեւով արդարացի է, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերը այսքան անտեսուին

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Նախորդ շաբաթներուն, երբ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու բացումը կատարուեցաւ, աւելի քան 1250 ՀՄԸՄ-ականներ` սփիւռքի տարբեր գաղութներէն, Հայաստանէն  եւ Արցախէն, բաւական լաւ ու աշխուժ մթնոլորտ ստեղծեցին:

Նախ ըսենք, որ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան համար նման նախաձեռնութեան մը իրագործումը ողջունելի է: Հակառակ տնտեսական, կազմակերպական եւ մարդուժի տագնապին` այդ տարողութեամբ բան մը իրականութիւն դարձնել: Սակայն նկատի ունենալով, որ մօտէն կը հետեւիմ Հայաստանի տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլին, դժբախտաբար ոչ մէկ ձեւով արձագանգ կատարուեցաւ այս նախաձեռնութեան:

Ինչո՞ւ այս անտեսումը, հակառակ անոր որ ամիսներ առաջ մամլոյ ասուլիս տեղի ունեցաւ եւ յայտարարուեցաւ այս մասին, այս խաղերուն վերաբերող հարցազրոյցներ կատարուեցան, սփիւռքի նախարարութիւնը հովանաւորեց զանոնք, եւ աւելի՛ն, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տողանցք եւ մեծ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ:

Ինչպէ՞ս բացատրել այս հաւաքական կեցուածքը: Ինչպէ՞ս տրամաբանական պատճառ գտնել նման տարողութեամբ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերուն մասին եղած լռութեան եւ անոնց անտեսումին:

Հայաստանի գիւղի մը հրապարակին վրայ կայացած ելոյթ մը աւելի մեծ արձագանգով կը մեկնաբանուի սովորաբար:

Ո՛չ մէկ ձեւով արդարացի է, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերը այսքան անտեսուին:

Ո՛չ մէկ ձեւով ընդունելի է, որ մենք մեզմով միայն ուրախ ըլլանք հայրենիքին մէջ:

Որքա՞ն ճիշդ է նման նախաձեռնութեան մը այսքա՛ն անտեսում:

Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերուն մասնակցելու համար իւրաքանչիւր գաղութ անկարելին կարելի ըրաւ, որպէսզի ամէն մէկ պատանի եւ պարմանուհի չզրկուի հայրենիքէն, նման նախաձեռնութեան մը մասնակից ըլլալէ:

Այս բոլորէն ետք շատ նեղացուցիչ եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթ է այս անտեսումը:

Անտեսում կ՛ըսեմ, որովհետեւ փաստօրէն Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերը մենք մեզի ըրինք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.