Շրջափակման Հետեւանքով Արցախի Կորուստները Կը Գնահատուին Օրական Առնուազն 1.9 Միլիոն Տոլար

ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճանապարհի՝ Բերձորի միջանցքը արգելափակելու հետեւանքով ելեւմտատնտեսական կորուստները կը կազմեն օրական առնուազն 753 միլիոն դրամ կամ 1.9 միլիոն տոլար: Այս մասին նշուած է «Շրջափակման հետեւանքով Արցախի տնտեսութեան կորուստներու գնահատման զեկոյց»-ին մէջ, որ պատրաստուած է հանրային ելեւմտական կառավարման միջազգային խորհրդատու Վարդան Արամեանի գլխաւոր տնտեսագէտներու մասնագիտական խումբին կողմէ՝ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ պետական նախկին նախարար, «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի պատուէրով:

Երեւանի մէջ զեկոյցի ներկայացման տեսակապով միացած էին նաեւ Ռուբէն Վարդանեանն ու «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան Արցախի նախագիծերու ղեկավար Գրիգորի Մարտիրոսեանը: «Արդէն 108 օր է, որ Արցախը շրջափակման մէջ է: Ատիկա իսկապէս Արցախի տնտեսութեան բոլոր ոլորտներուն վրայ ունեցած է ազդեցութիւն: Շատ դժուար պիտի ըլլայ վերականգնել Արցախի տնտեսութիւնը ապագային»,- ըսաւ Գրիգորի Մարտիրոսեանը՝ աւելցնելով, որ զեկոյցը պիտի ներկայացնեն  միջազգային կառոյցներուն:

Զեկոյցը ամբողջութեամբ կարդալ այստեղ։

Comments are closed.