Շուտով պիտի հրատարակուի Գ. Գինոսեանի հիմնած «Կարին» հայ աւանդական մշակոյթի ուսումնասիրման գիտական կեդրոնի արխիւը
- (0)

«Արարատ» դրամատան աջակցութեամբ կը հրապարակուի «Կարին» հայ աւանդական մշակոյթի ուսումնասիրման եւ հետազօտման գիտական կեդրոնի հսկայածաւալ արխիւըպահ տալով սերունդներուն: Ան ստեղծուած է շուրջ 30 տարուան բանահաւաքչութեան շնորհիւ: Գագիկ Գինոսեան տասնեակ տարիներ շրջած է Հայաստանի բոլոր մարզերը կանգ առնելով գիւղերու մէջ, տեսագրած եւ ձայնագրած է ինչպէս յայտնի, այնպէս ալ` նորայայտ հայ աւանդական երգեր, պարեր, պարերգեր, ծէսեր, որոնք մինչ այդ ոչ մէկ տեղ արխիւացուած էին: Ազգագրական արժէք ներկայացնող նիւթեր բերուած են նաեւ Արցախէն եւ արտերկրէն:
«Ազգային երգի ու պարի ակադեմիա» կրթամշակութային հիմնադրամի հետ համագործակցութիւնը մեկնարկած ենք ամիսներ առաջ եւ համագործակցութեան ծիրին մէջ աջակցած«Կարին» գիտական կեդրոնի մշակութային ժառանգութեան արխիւի թուայնացման գործին մէջ: «Արարատ» դրամատան աջակցութեամբ ձեռք բերուած են շարք մը սարքաւորումներ, ծրագիրներ: Շուրջ 30 տարի բանահաւաքչութեան աշխատանքներու շնորհիւ հաւաքագրուած մօտաւորապէս 600 երգի, պարի, ծէսի եւ աւանդոյթի թուայնացում կ՛իրականացուի: Այս պահի դրութեամբ գիտական կեդրոնին կողմէ շուրջ 90 պարի նմուշ արդէն թուայնացուած է», նշած է «Արարատ» դրամատան Հաղորդակցութեան եւ ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրներու համակարգման բաժինի ղեկավար Աննա Ալլահվերդեանը:
«Կարին» գիտական կեդրոնը տարիներ առաջ ձեռնամուխ եղած էր տարիներու ընթացքին հաւաքագրած, բանահաւաքչութեան շնորհիւ գրառուած, տարբեր ձեւաչափերով հաւաքագրուած պարերու թուայնացման, որպէսզի, Գագիկ Գինոսեանի խօսքերով, ժամանակի արհաւիրքը զանոնք անդառնալիօրէն չ՛ոչնչացնէ: Սակայն աշխատանքները կանգ առած էին տարիներ առաջ` համավարակի եւ պատերազմի ժամանակաշրջանին:
Այսօր արդէն արժէքաւոր հաւաքածուի թուայնացման գործը վերսկսած է «Արարատ» դրամատան աջակցութեամբ: Թուայնացման ենթակայ ընդհանուր արխիւի միայն 400 նմուշ պար Գինոսեանը հաւաքագրած էր Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղթօճախներէն:
«Առաջին փուլին փորձած ենք կարելի բոլոր նիւթերը արխիւացնել, տեսակաւորել, որպէսզի հասկնանք` ի՛նչ ունինք, ի՛նչ տեսակի նիւթ ունինք: «Արարատ» դրամատան ֆինանսաւորմամբ ձեռք բերած ենք սարքեր, որոնք կ՛օգնեն այդ նիւթերը թուայնացնելու, որովհետեւ ցարդ անոնք պահպանուած են հին տեսերիզներու վրայ, որոնք ենթակայ են ժամանակի ազդեցութեան», դրամատան աջակցութիւնը կը կարեւորէ Ազգային երգ ու պարի ակադեմիայի կրթամշակութային հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Անի Գինոսեանը:
«Արարատ» դրամատան կողմէ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը ընկերային պատասխանատուութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է, եւ այս առաջին ծրագիրը չէ, ուր դրամատունը ներդրում կը կատարէ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցման կարեւոր առաքելութեան գործին մէջ: Վերջին վառ օրինակներէն մէկը Մատենադարանի հետ համագործակցութիւնն է` ձեռագիրներու վերականգնման, թուայնացման եւ պահպանման ծիրին մէջ:
«Արարատ» դրամատունը գործընկերներուն հետ կը շարունակէ ժողովուրդէն վերցուցած մշակոյթը պահպանելու, թուայնացնելու եւ, ի վերջոյ, փակ շրջանով ժողովուրդին վերադարձնելու կարեւոր առաքելութիւնը: