Շունչ ներարկենք Հայոց Աշխարհի Հիւսիսի Բերդաքար Ջաւախքին
«Վրաստանի իշխողները պէտք է հասկանային, որ Վրաստանի ծաղկման, զարգացման, բարգաւաճման եւ կարգապահ, կայուն պետութիւն լինելու գրաւականը կոնֆեդերատիվ Վրաստանն է, եւ, ի հարկէ, այդ դէպքում Ջաւախքի իրաւունքները պաշտպանուած կը լինէին»
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան
Մեծ Հայքի Գուգարաց նահանգի Ջաւախք գաւառի բնակչութիւնը, իր հոգեկերտուածքով աւանդապահ եւ հողին կառչած հայն է, որ մինչ օրս կը շարունակէ պահել ազգային իր դիմագիծը։ Աշխարհագրական իր դիրքով՝ Ջաւախքը միշտ գտնուած է տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական բախումներու ոլորապտոյտին մէջ։
Արեւմտուտքէն եւ արեւելքէն շրջափակման մէջ գտնուող Հայաստանի համար Ջաւախքը ռազմավարական ազդեցիկ նշանակութիւն ունեցող այն տարանցիկ ճանապարհն է, որ կը բացուի դէպի Ռուսաստան, Եւրոպական ցամաքամաս եւ Սեւ ծով:
Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումէն ետք, Ջաւախքի հայութիւնը հետեւողականօրէն ենթարկուեցաւ քաղաքական, լեզուական, մշակութային, քաղաքացիական եւ կրօնական իրաւունքներու խախտման։ Այսօր, Ժողովրդագրական վիճակագրութիւնները կ՚ահազանգեն Ջաւախքի եւ շրջակայ հայկական բնակավայրերու հայութեան նոսրացման մասին։
Հայ ժողովուրդը 20-րդ դարու սկիզբը կը կազմէր Վրաստանի բնակչութեան աւելի քան 10 տոկոսը, 70-ական թուականներուն տոկոսային կշիռը նուազած էր 7,5-ի, իսկ այսօր, պաշտօնական ժողովրդագրական վիճակագրութեանց համաձայն այդ թիւը կը տարուբերի 5,4 – 5,5-ի միջեւ:
Վրացական խտրականութեան քաղաքականութեան մէջ երկար ժամանակ ոչ միայն ներառուած էին հայ ազգային փոքրամասնութեան լեզուական, կրթական եւ այլ իրաւունքներու ոտնակոխումը, այլեւ՝ կանխամտաածուած ձեւով կ՚իրագործուէր հայկական պատմական քաղաքակրթութեան հետքերը ջնջելու եւ կամ հայկական հոգեւոր յուշարձանները իւրացնելու յստակ մարտավարութեան իրագործումը։
Թիֆլիսի իշանութիւնները քաջ պէտք է գիտակցին, որ Անգարայի համաթուրանական ծաւալապաշտական բազմածիր նպատակակէտերու իրագործման մէջ է նաեւ Վրաստանի կլանումը, որուն հարաւ արեւելեան սահմաններուն վրայ տարածուած եւ բնակչութեան եօթ տոկոսը կազմող ատրպէյճանցիները ուշ կամ կանուխ, կրնան թրքական դրդումով պայթիւնավտանգ կացութիւն ստեղծել Թիֆլիսի համար։ Վրաստանի իշխանութիւնները պէտք է գիտակցին, որ հայ ազգաբնակչութեամբ Ջաւախքը անփոխարինելի պատուար է կասեցնելու թրքական ծաւալապաշտութիւնը եւ ռազմավարական հաւասարակշռող գործօն է տարածաշրջանին մէջ։
Վրաստանի ապագայ զարգացման բարեյաջող ընթացքը Ջաւախքի բնիկ հայ ազգաբնակչութեան հետ համերաշխ համակեցութեան եւ համագոյակցութեան բնականոն զարգացման գրաւականն է։
Այս օրերուն, Ջաւախքի հայապահպանութեան եւ Լոռիի հզօրացման ուղղուած նախաձեռնութիւններ կազմակերպուած են Գանատայի մէջ։ Նուիրահաւաքը հովանաւորող ՀՕՄ-ը երկար տարիներէ ի վեր Ջաւախքի զարգացման յատուկ ծրագիրներ իրագործած է։ Իր կարգին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Վանաձորի ճամբարը կը գործէ 10 տարիէ ի վեր, որուն ընթացքին աւելի քան երկու հազար վանաձորցի երեխաներ մասնակից դարձած են ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ամառնային ճամբարներու ծրագիրներուն։ Այս ուղղութեամբ, ՀՅԴ ԳԵՄ-ը իր գործունէութիւնը ընդլայնելով արդէն իսկ այս ծրագրին մէջ ներառած է Սպիտակ քաղաքը։
Յառաջիկայ օրերուն, Գանատայի տարածքին վերստին նուիրահաւաքի զօրաշարժ է՝ ի նպաստ հիւսիսի մեր պաշտպանական պարիսպներու եւ բերդամրոց Ջաւախքի ամրագրման։
Հայոց քաղաքական արեւելումին մէջ իր կարեւորագոյն տեղը կը գրաւէ պատմական Ջաւախքը, որուն որդիները երեք տասնամեակ առաջ չվարանեցան օրհասական պահուն արիւն ներարկելու Արցախին։ Այսօր՝ պահն է, որ մենք վճռակամ կանգնինք իրենց կողքին եւ շունչ ներարկենք Ջաւախքին։
«Հորիզոն»ի խմբագրական