Շաքիի միջադէպին շուրջ խորհրդարանական քննարկում պահանջող ընդդիմութեան նախաձեռնութիւնը չընդունուեցաւ

ԵՐԵՒԱՆ— Հայաստանի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովը հոկտեմբեր 13-ին քննարկեց Շաքի գիւղին մէջ ատրպէյճանցի զինծառայողի ներթափանցման եւ զինեալ յարձակման հանգամանքները պարզաբանելու նպատակով ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը։

Ընդդիմութիւնը կ՚առաջարկէր խորհրդարան հրաւիրել պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարը՝ բացատրութիւններ պահանջելու սահմանային անվտանգութեան, իրականացուած որոնողական աշխատանքներուն եւ հանրութեան տեղեկութիւններ փոխանցելու հարցերուն շուրջ։

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան շեշտեց, որ միջադէպը հանրային լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է եւ անհրաժեշտ է պատասխանատու մարմիններէն ստանալ յստակ պարզաբանումներ։ Խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան հարցականի տակ դրաւ որոնողական աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը՝ պահանջելով բացատրել, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանցի զինծառայողը օրեր շարունակ չէ յայտնաբերուած եւ ինչո՛ւ իշխանութիւնները չեն տեղեկացուցած հանրութիւնը։

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեան հակադարձեց, որ ընթացող նախաքննութեան պայմաններուն մէջ պաշտօնատարները չեն կրնար ամբողջական գնահատականներ ներկայացնել։ Իր կարգին, Սասուն Միքայէլեան ընդդիմացաւ հարցը խորհրդարանական լայն քննարկման վերածելու առաջարկին՝ պնդելով, որ միջադէպին շուրջ բարձրացած աղմուկը կրնայ Հայաստանի մէջ համատարած խուճապի տպաւորութիւն ստեղծել։

«Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան հարց բարձրացուց, թէ դէպքէն շուրջ երկու շաբաթ անց Ազգային ժողովը ի՛նչ քայլեր ձեռնարկած է։

Յանձնաժողովի նախագահ Վիլէն Գաբրիէլեան յայտարարեց, որ համապատասխան պաշտօնատարները կարելի է խորհրդարան հրաւիրել յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ՝ առանց յատուկ որոշում ընդունելու։

Շուրջ երկու ժամ տեւած քննարկումէն ետք ընդդիմութեան նախագիծը քուէարկութեան չդրուեցաւ։ Գաբրիէլեան խոստացաւ կազմակերպել պատասխանատու պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումը՝ առանց յստակ ժամկէտ նշելու։

Ատրպէյճանցի զինծառայող Նասիմի Մուսաեւ, որ Պաքուի տեղեկութիւններով սեպտեմբեր 26-ին լքած էր իր զօրամասը, Հոկտեմբեր 1-ին ներթափանցած էր Սիւնիքի Շաքի գիւղի բնակարաններէն մէկը եւ կրակած տանտիրուհի Անի Աւետիսեանի վրայ՝ ծանր վնասուածքներ պատճառելով անոր։ Միջադէպին ընթացքին վնասուածք ստացած էր նաեւ կնոջ որդին։

Երկու ամսուան նախնական կալանքի ենթարկուած Մուսաեւին Հայաստանի մէջ մեղադրանքներ առաջադրուած են սահմանը ապօրինի հատելու, զէնքի մաքսանենգութեան, հրազէնի գործածութեամբ առողջութեան ծանր վնաս հասցնելու եւ բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը խախտելու յանցանքներով։