Շարունակուող Շրջափակումը Եւ Զայն Բացառելու Անհրաժեշտութիւնը
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
10 դեկտեմբեր 2022-ին, ազրպէյճանական պատուիրակութիւն մը կը ծրագրէր այցելել Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն եւ Կաշէն հանքավայրերը: Նախապէս, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը, առանց խորհրդակցելու Արցախի Հանրապետութեան պատկան իշխանութեան հետ, արտօնած էր ազրպէյճանցիներու միանգամեայ տեսողական այցելութիւնը յիշեալ հանքավայրեր: Այցելութեան կայացման արգելք եղած են տեղի բնակիչները եւ ստիպած դադրեցնել շրջայցը: Արցախի իշխանութիւնները տեղեկանալէ ետք պատահարին, պատրաստակամութիւն յայտնած են բանակցութիւններու միջոցով հարցը հանգուցալուծելու: Սակայն Ազրպէյճան բողոքած է ռուսական կողմին, դիւանագիտական ճամբով, դիտել տալով, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պէտք չէ թոյլատրէ Ազրպէյճանի բնական հարստութիւններու ապօրինի շահագործումը եւ կանխարգիլէ այդ շահագործումին կենսոլորտի վրայ բացասական ազդեցութիւնը:
Ազրպէյճանի համար, Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրերը, ինչպէս ամբողջ Արցախը, իր սեփականութիւնն են: Հայերու կողմէ անոնց շահագործումը անցեալին եղած է ապօրինի ու այժմ եւս կը մնայ ապօրինի: Ծրագրուած շրջայցին նպատակը կենսոլորտային անպատեհութիւններու քննութիւնը չէր բնաւ, այլ` սեփականութեան իրաւունքը հաստատելու միջոց:
Արտօնութեամբ սեփականացնելու փորձին ձախողութենէն ետք, Ազրպէյճան դիմեց իր պահանջներուն գոհացման արդէն դասականացած ձեւին` բռնութեան: Արդարեւ, Հայաստանի ու Արցախի միջեւ գոյութիւն ունեցող միակ ճանապարհի արգելափակումը երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, այսինքն` Արցախի ամբողջական շրջափակումը, ուրիշ բնորոշում չունի բացի բռնութենէն: Բռնութիւնը ծանրացաւ յաջորդ օրն իսկ, երբ դադրեցուեցաւ պաշարուած Արցախի կազամատակարարումը: Հայաստանէն Արցախ կազ մատակարարող խողովակաշարը կ՛անցնի Բերձորի շրջանէն, որ յանձնուեցաւ Ազրպէյճանի, երբ Լաչինի միջանցքի հին ճամբան փոխարինուեցաւ նորով:
Ինչո՞ւ յանկարծ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման նախօրեակին, կը բեմադրուի այս բիրտ ներկայացումը: Որոշ հետազօտողներ երեւան հանած են, որ վերջերս Ազրպէյճան Արցախի հանքավայրերու շահագործումը 8 ամիս առաջ յանձնած է «Անգլօասիան մայնինկ փապլիկ լիմիթըտ քոմփանի»-ին: Այս ընկերութիւնը կը վայելէ Ազրպէյճանի բոլոր հանքերուն հիմնական շահագործման եւ ուսումնասիրման իրաւունքները: Սակարանի մէջ գրանցուած բաժնետոմսերու դասաւորումէն երեւան կու գայ, որ անոնց 28,7 առ հարիւրը սեփականութիւնն է Մոհամետ Դեզա Զափրիի, որ տնօրէնն է ընկերութեան, 9,3 առ հարիւրը կը պատկանի Ճոն Սուսուի, որ Միացեալ Նահանգներ – Ազրպէյճան առեւտրային պալատի պատուոյ խորհրդականն է եւ այլն: Անորոշ է բաժնեթուղթերու 43,3-ին սեփականատէրը. կը կարծուի, որ անոնք կը պատկանին Ազրպէյճանի Տաշքեսանի եւ Գետաբեկի հանքավայրերու սեփականատէր Ալիեւ ընտանիքին: Յստակ դարձաւ, որ անգլիական անունին տակ թաքնուած այս ընկերութիւնը պարզապէս ազրպէյճանական է ու կը յաւակնի տիրութիւն ընել Արցախի հանքավայրերուն:
Ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին Եւրոպական Միութեան դիտարկման խումբի անդամներ յայտնուեցան, իրենց դիտարկման շրջանէն դուրս գտնուող Լաչինի միջանցքի փակուած ճամբուն վրայ: Ռուս խաղաղապահներու ու ազրպէյճանցի կարծեցեալ բնապահպաններու բանակցութիւնները արդիւնք չէին տուած: Եւրոպացիները միջամտեցին իբրեւ միջնո՞րդ ռուսերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ: Լրատուամիջոցները ոչինչ կը հաղորդեն այս մասին. փաստ է սակայն, որ նոյն օրը վերականգնեցաւ կազի մատակարարումը: Ըսուեցաւ, որ շուտով ճամբան ալ պիտի բացուի. այս մասին հաղորդումներ կ՛ըլլան գրեթէ ամէն օր, սակայն առանց գործնական արդիւնքի:
Արցախի մէջ բնակող 120.000 հայերու շրջափակումը եւ կազի մատակարարման դադրեցումը բնականաբար առիթ հանդիսացան բողոքներու եւ դատապարտող դիրքորոշումներու: Արցախի խորհրդարանին կողմէ միասնական դատապարտում եւ զօրակցութեան կոչ համայն հայութեան: Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որ մերժելէ ետք ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու առաջարկած յայտարարութեան նախագիծը օրակարգի նիւթ դարձնել, 57 ձայներով վաւերացուց Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան անատամ յայտարարութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան նախարարաց խորհուրդի նիստին հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութեամբ, ընդգծելով Ազրպէյճանի շարունակական շեղումները զինադադարի եռակողմ յայտարարութենէն:
Սփիւռքի մէջ եւս գործի լծուեցան հայկական կազմակերպութիւնները, յատկապէս` Հայ դատի յանձնախումբերը: Կատարուածը անմարդկային տարողութիւն ունէր. Հայաստանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կատարուած բողոքը կը քննարկուի ու պատասխան մը կ՛ակնկալուի երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին: Այս բոլորին մէջ դժբախտաբար գործնական ոչ մէկ միջոցառում կայ: Բազմաթիւ երկիրներ պաշտօնապէս դատապարտեցին կատարուածը, սակայն… այդքան միայն: Միջազգային մամուլի կարգ մը օրկաններ, հեռատեսիլներ իրենց լուրերուն մէջ անդրադարձան շրջափակման, դէպքերը ճշգրիտ ներկայացնելով, բայց խուսափելով դատապարտանքի որեւէ արտայայտութենէ:
Հայերու կրած տառապանքին նկատմամբ ցոյց տրուած համակրական վերաբերումը օգտաւէտ գործունէութիւն ունենալու չկամութեան (կամ անկարողութեան) մեզի ծանօթ դասական երեւոյթ է: Պայքարը կը շարունակուի ու անիկա արդիւնաւէտ դարձնելու համար, ինչպէս կրկնած ենք բազմիցս, հարկ է հայութիւնը համախմբել, միասնականացնել, պահանջատիրական օրախնդիր գաղափարի շուրջ: Անյապա՛ղ: