Շահրամանեան. «Ռազմական Գործողութիւնները Սկսելէ Ժամեր Ետք Հասկցայ, Որ Մնացած Ենք Մինակ. Ռուսական Կողմը Դիտորդի Դերին Մէջ Էր»
- (0)

«Ռազմական գործողութիւնները սկսելէ ժամեր ետք հասկցայ, որ մնացած ենք մինակ. ռուսական կողմը դիտորդի դերին մէջ էր: Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը:
«19 սեպտեմբերին ես առաւօտեան կը գտնուէի ռուս խաղաղապահներու հրամանատարին մօտ, առաջին ազդակը, որ կարելի է սկսին ռազմական գործողութիւնները, եղած է այն, որ Շուշիի զրահապատի յուշարձանին մօտ, ուր կայ 2 յենակէտ` ռուսական ու ազրպէյճանական, ազրպէյճանական յենակէտէն մօտեցած են ռուսական յենակէտին եւ զգուշացուցած, որ թաքցուցէք անձնակազմը, շուտով պիտի աշխատի հրետանին: Այդ փաստը մենք ներկայացուցած ենք ռուս խաղաղապահներու հրամանատարին. անոնք ալ տեղեակ էին ատոր մասին, եւ ճշդումներէ ետք հաստատուած է այդ փաստը: Ինծի համար պարզ եղած է, որ որոշ ժամանակ ետք հաւանական է սկսի ռազմական գործողութիւնը: Արդէն տեւական ժամանակ մեր զինեալ ուժերը ու ուժային կառոյցները բարձր մարտական վիճակի բերուած էին, համապատասխան հրահանգները տրուած էին` ներառեալ քաղաքացիական պաշտպանութեան հետ կապուած», նշեց Շահրամանեան` աւելցնելով, որ աշխատասենեակ բարձրանալէ կէս ժամ ետք հրետակոծութիւնը սկսած է, գրեթէ բոլոր շրջանները կ՛ենթարկուէին աշխուժ հրետակոծութեան:
«Ռազմական գործողութիւնները սկսելէ յետոյ ժամեր ետք ես հասկցած եմ, որ մենք մինակ ենք ազրպէյճանական այդ նախայարձակումին դէմ: Ռուսական կողմը դիտորդի կարգավիճակին մէջ էր, մենք պէտք է ինքնորոյն ունակ ըլլայինք կարգաւորելու մեր հարցերը: Պաշտպանութեան բանակը այլ ուժային կառոյցներու, նաեւ` մեր բնակչութեան հետ միասին սկսած է ռազմական գործողութիւններու պատասխան գործողութիւնները եւ նոյնինքն այդ գործողութիւններուն շնորհիւ էր, որ կարելի եղաւ ազրպէյճանական կողմէն բանակցութիւններու սկսիլ: Մեզի համար պարզ էր, որ անհրաժեշտ է կանգնեցնել ռազմական գործողութիւնները, քանի որ ուժերը անհամեմատ էին եւ ինչքան երկար շարունակէինք, այդքան` կ՛ունենայինք զոհեր եւ կորուստներ», նշեց Շահրամանեան` աւելցնելով, որ իր նպատակը` իբրեւ Արցախի նախագահի` կը կայանար անոր մէջ, որ ըստ կարելւոյն արագ կանգնեցուէին ռազմական գործողութիւնները, եւ խուսափէինք աւելի շատ զոհերէ: