Շահումեանի արծիւը․ Այսօր Շահէն Մեղրեանի Յիշատակի Օրն է

Արցախեան հերոս Շահէն Զինաւորի Մեղրեանը ծնած է 1952-ի Յունուար 2-ին Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղը:

Շահէն Մեղրեան առաջիններէն էր, որ սկսաւ կազմակերպելու զինուած ջոկատներ: 1990-ին անդամագրուած է ՀՅԴ կուսակցութեան:

1991 թուականին` «Օղակ» գործողութենէն ետք, Ատրպէյճան գրաւեց Էրքեջ, Բուզլուխ, Մանաշիդ գիւղեր:  Սեպտեմբերին Շահէն Մեղրեան կազմակերպեց գործողութիւն, որու արդիւնքով Սեպտեմբեր 11-13-ին ազատագրուեցան երեք գիւղերը:

1992-ի Յունիսին Շահէն Մեղրեան Հաթերք գիւղին մէջ հաւաքեց 25 հոգինոց ջոկատ եւ մտաւ թշնամիի թիկունք: Հայդուկներու անմիջական օգնութեամբ ազատագրուեցան Մարտակերտի շարք մը գիւղեր` Հաթերքը, Ակնաբերդը, Մատաղիսը, Տօնաշէնը, Դաստագիրը, Սարսանգի ջրամբարը:

1993-ի Ապրիլ 17-ին ուղղաթիռը, որու մէջ էր Շահէն Մեղրեանը` իր զինակիցներուն հետ, զարնուեցաւ,եւ բոլորը զոհուեցան:

2014 թուականի Հոկտեմբեր 24-ին Շահէն Մեղրեանին յետմահու շնորհուեած է «Արցախի հերոս» կոչումը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.