Շահան Գանտահարեան․ Լիբանանի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ անորոշ

Լիբանանի մէջ անվտանգային, տնտեսական եւ մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ անորոշ։ Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ քաղաքական վերլուծաբան Շահան Գանտահարեան։

Հակառակ այն բանին, որ Լիբանանի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու եւ Հըզպալլայի զինաթափման քայլերու մասին կը խօսին, Իսրայէլը առայժմ համաձայնութիւն չէ տուած նման գործընթացի, նշած է Գանտահարեան։ Ան նշած է, որ Իսրայէլի հիմնական նպատակը կը թուի ըլլալ հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելը, ինչ որ կը փորձուի իրականացնել նաեւ ռազմական գործողութիւններու միջոցով։

Գանատահարեան յիշեցուցած է, որ վերջերս Պուրճ Համուտի մօտակայ Նապաա թաղամասը երկու անգամ հրթիռակոծուած է։ Թէեւ հայկական համայնքին մէջ զոհ կամ նիւթական վնաս չէ արձանագրուած, ան նշած է, որ նման դէպքերը ծանր հոգեբանական ազդեցութիւն կը ձգեն բնակչութեան վրայ։ Հարուածը թիրախաւորած է Հըզպալլայի հետ կապուած ենթադրեալ անձ մը։

Գանտահարեան ընդգծած է, որ բախումներու հիմնական գօտիները կը գտնուին Լիբանանի հարաւին եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ, սակայն թիրախային գործողութիւններու պարագային հարուածները կրնան հասնիլ նաեւ այլ վայրերու, ինչ որ կը խորացնէ անորոշութիւնը եւ բնակչութեան մտահոգութիւնը։

Ան նաեւ նշած է, որ ներկայ պատերազմը իր ծաւալով կը տարբերի նախորդէն, որովհետեւ ունի տարածաշրջանային բնոյթ։ Իրանի շուրջ զարգացումներու լոյսին տակ, Լիբանանը դարձած է երկրորդ թեժ կէտ մը։ Ըստ անոր՝ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու ծրագիրը կրնայ յանգեցնել որոշ տարածքներու անմարդաբնակ դառնալուն եւ վերահսկողութեան տակ առնուելուն։

Գանտահարեանի համաձայն՝ պատերազմի հետեւանքները յատկապէս ծանր պիտի ըլլան Լիբանանի արդէն ճգնաժամի մէջ գտնուող տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ մարդասիրական վիճակին համար։ Ան ընդգծած է, որ նախորդ տարիներուն նման արաբական երկիրներէ լայնածաւալ մարդասիրական աջակցութիւն ակնկալելը այսօր աւելի դժուար է, քանի որ շրջանի բազմաթիւ երկիրներ եւս ներգրաւուած են լարուածութեան մէջ։

Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայ համայնքին, Գանտահարեան նշած է, որ համայնքը ուղղակի անվտանգային սպառնալիքի տակ չէ, սակայն կը կրէ երկրի ընդհանուր տնտեսական եւ ընկերային ծանր վիճակին հետեւանքները։ Օդակայանը կը շարունակէ գործել, եւ թռիչքներ կան դէպի Երեւան, սակայն համայնքին մէջ կը տիրէ սպասողական եւ զգուշաւոր մթնոլորտ։

Ան նաեւ կարեւոր նկատած է լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններուն միջեւ կայացած խորհրդակցութիւնը, ուր քննարկուած է անվտանգային իրավիճակը եւ կոչ ուղղուած հայկական կազմակերպութիւններուն՝ հեռու մնալու ներքին լիբանանեան լարուածութիւններէն։ Միաժամանակ հայկական բարեսիրական կառոյցներուն յորդորուած է պատրաստ ըլլալ սպասուող ընկերային դժուարութիւններու դիմագրաւման։

Գանտահարեան եզրափակած է, որ ներկայ պատերազմը միայն ռազմական բնոյթ չունի, այլ նաեւ մեծ տնտեսական պայքարի մէկ արտայայտութիւնն է, ուր աշխարհաքաղաքական ուժերը կը մրցին բնական հարստութիւններու եւ ուժանիւթի աղբիւրներու վերահսկողութեան համար։