Շաբթուան ամփոփումը (5 մարտ 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ
ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ
– Փետրուար 27-ին, 28-ին եւ մարտ 1-ին Թորոնթոյի, Գեմպրիճի եւ Մոնթրէալի մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւններ՝ մասնակցութեամբ հոգեւոր-ազգային, քաղաքական, համայնքային ներկայացուցիչներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեան։ Երեք քաղաքներու մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութիւններուն գլխաւոր պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ իր ելոյթներուն մէջ 135-ամեակը բնորոշեց որպէս ուխտի թարմացում՝ շեշտելով ազգային միաւորման, ինքնուրոյն պետականութեան եւ պատասխանատու ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց։
Տեղի ունեցան նաեւ սերունդներու շարունակականութիւնը խորհրդանշող արարողութիւններ, ՀՅԴ պատանեկան միութիւններէն երիտասարդական միութեան փոխանցումներ, գեղարուեստական ելոյթներ եւ վաւերագրական ցուցադրութիւններ։ Ընկ. Ռուստամեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ, իրենց խօսքերուն մէջ վերահաստատեցին Դաշնակցութեան յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու ազգային ինքնութիւնը եւ պետականութիւնը, ընդգծելով որ 135-ամեայ կազմակերպութիւնը Գանատայի մէջ կը շարունակէ համախմբել սերունդներ եւ ամրապնդել իր պայքարի պատրաստակամութիւնը՝ յանուն հայ ազգին ու անոր ապագային։
– Գանատա կատտարած իր այցելութեան շրջածիրէն ներս, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստամեան 28 փետրուարին առիթը ունեցաւ այցելելու Հարաւային Օնթարիոյի հայ համայնքները, ուր հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի տեղական ՀՅԴ մարմիններուն եւ քոյր միութիւններուն հետ։ Սենթ Գաթրինզ, Համիլթըն եւ Գեմպրիճ կատարած այցելութեանց ընթացքին, ան մօտէն ծանօթացաւ Գանատահայ համայնքի պատմական գաղութներու գործունէութեան ու անոնց տարած քաղաքական, մշակութային եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Իսկ, Մոնթրէալի մէջ, Երկուշաբթի մարտ 2-ին, Ռուստամեան Ազգային առաջնորդարանէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշանորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հետ, ուր քննարկուեցան Հայաստանն ու Սփիւռքը յուզող ազգային-քաղաքական հարցերն ու մարտահրաւէրնէրը։ Նշենք, որ Արմէն Ռուստամեանի Գանատա այցելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Մարտ 6, երբ Վանգուվըրի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ 135-ամեակի նուիրուած տօնակատարութիւնը։
– Կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գանատայի շրջանի 46-րդ արտակարգ Շրջանային ժողովը՝ ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեանի եւ առցանց մասնակցութեամբ ատենադպիր Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մարալ Քիւլլահեանի եւ «Բագին» պարբերաթերթի խմբագիր Սոնիա Քիլէճեան Աճէմեանի։
Ժողովին մասնակցեցան նաեւ Քեպէգի «Սանահին», Թորոնթոյի «Գլաձոր», Գեմպրիճի «Տաթեւ» եւ Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները։ Քննարկուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութիւնը եւ առաջարկներ ներկայացուեցան ապագայ ծրագրման ուղղութեամբ՝ կրթական, մշակութային, կազմակերպական եւ այլ բնագաւառներու մէջ։ Շրջանէն ընտրուեցան երեք պատգամաւորներ՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Ռուբէն Սարգիսեան եւ Էօժենի Բարսեղեան, որոնք պիտի ներկայացնեն ժողովէն բխած բանաձեւերը Համազգայինի 10-րդ Պատգամաւորական ժողովին, որ պիտի կայանայ 28-31 մայիսին, Երեւանի մէջ։
– Շաբաթ, 28 փետրուար 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի։ Հանդիպումին ընթացքին Արա Պուլուզեան ներկայացուց Արցախի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու կատարուած աշխատանքները՝ բարձր գնահատելով Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը իր հերթին շեշտեց Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայականը՝ ընդգծելով արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը, Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ Արցախի եկեղեցիներու ու պատմական կոթողներու պաշտպանութիւնը՝ միջազգային օրէնքներուն համաձայն։
– Պաքուի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատունը շեշտեց Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի անկախութիւնը պետական դիրքորոշումներէն՝ փետրուար 25-ին Համայնքներու պալատին մէջ տեղի ունեցած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ լսումներէն ետք, ընդգծելով, թէ քննարկումները չեն արտացոլեր կառավարութեան պաշտօնական արտաքին քաղաքականութիւնը. այնուհանդերձ միջազգային ուշադրութիւնը կը շարունակէ աճիլ։
Լսումներուն կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցաւ Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը (ANC-UK), որ ներկայացուց մանրամասն իրաւական զեկոյց մը՝ յղում կատարելով Հաագայի եւ Ժընեւի համաձայնագիրներուն, Միջազգային Քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան, Ցեղասպանութեան մասին ուխտին եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2347 թիւ բանաձեւին, պնդելով թէ հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացումը կրնայ միջազգային իրաւագիտութեան մէջ ցեղասպանական մտադրութեան ապացոյց հանդիսանալ։
Զեկոյցը ներկայացուց Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Անդրէ Վարդանեան, իսկ յանձնախումբի նախագահ Աննէթ Մոսկոֆեան պատասխանեց խորհրդարանական յանձնաժողովի հարցումներուն։ Իր ներկայացուցած առաջարկութիւններուն մէջ Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան՝ աւելցնելու մարդասիրական աջակցութիւնը՝ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան, ճանչնալու Ատրպէյճանի 2023 թուականի յարձակումը որպէս ցեղային զտում, կիրառելու նպատակային պատժամիջոցներ՝ պատասխանատու պաշտօնատարներու նկատմամբ, աջակցելու արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին՝ Միջազգային դատարանի ժամանակաւոր միջոցառումներուն համաձայն, եւ ամրապնդելու հայկական մշակութային ժառանգութեան միջազգային պաշտպանութիւնը, ներառեալ ՅՈւՆԵՍԿՕ-ի ծիրէն ներս։
Այս բոլորը կը վկայեն Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի հետեւողական ու ազդեցիկ աշխատանքին մասին՝ հարցը բրիտանական հանրային եւ խորհրդարանական օրակարգի առաջնագիծ մղելու ուղղութեամբ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
– Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ արձանագրուեցան նոր զարգացումներ․
Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, թէ Հանրապետական կուսակցութիւնը տակաւին վերջնական որոշում չէ կայացուցած ընտրութիւններուն մասնակցելու հարցով, նշելով որ կանգնած են երկընտրանքի մը առջեւ եւ հաւանաբար մինչեւ Ապրիլի վերջ հրապարակեն իրենց դիրքորոշումը։
Միեւնոյն ժամանակ Արթուր Վանեցեանի գլխաւորած «Հայրենիք» կուսակցութիւնը որոշեց չմասնակցիլ ընտրութիւններուն, պատճառաբանելով ընդդիմադիր դաշտի բեւեռացումն ու համագործակցութեան դժուարութիւնը եւ կոչ ուղղելով իր համակիրներուն քուէարկել «իրական ընդդիմադիր ուժերու» օգտին։
Իսկ նախկին Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեանի «Միասնութեան Թեւեր» նախաձեռնութիւնը համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեց «Հայաքուէ»ին հետ, յայտարարելով որ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին համատեղ քաղաքական դաշինքով՝ միասնական օրակարգով։
– Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարած է, թէ «Հայաստան» դաշինքը յունիսին նախատեսուած ընտրութիւններուն անցողիկ շեմը յաղթահարելու խնդիր ունի, ինչին ի պատասխան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Բագրատ Միկոյեան «Ազատութիւն» լրատուամիջոցին պատասխանած է, թէ իրենց իրականացուցած մեծածաւալ հանրային հարցախոյզերը կը փաստեն տրամագծօրէն հակառակ պատկերը, վստահեցնելով որ իրական պատկերը պիտի յստականայ Յունիս 7-ին։ Միկոյեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Մարտ ամսուան կէսերուն պիտի յայտարարուի «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածուին անունը։
– Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ ապրիլ 1-էն սկսեալ կենսաթոշակները պիտի բարձրանան՝ համեմատաբար ցած թոշակները 10 հազար դրամով, իսկ աւելի բարձրները՝ աւելի նուազ համեմատութեամբ. որոշում մը, որ կը հնչէ յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք ամիս առաջ։ Թէեւ Փաշինեան երկու ամիս առաջ կը պնդէր, որ 10 հազար դրամի յաւելումը նպատակայարմար չէ, եւ գումարը կը նախատեսուի առողջապահական ապահովագրութեան համար, այժմ ան որոշումը կը հիմնաւորէ 2025-ի կանխատեսուածէն աւելի բարձր տնտեսական աճով եւ կը ներկայացնէ իբրեւ կառավարութեան խոստումի կատարում։
Ընդդիմադիր շրջանակները քայլը կ’որակեն նախընտրական, մինչդեռ յստակ չէ, թէ շուրջ 600 հազար թոշակառուներու համար նախատեսուած լրացուցիչ ծախսը ինչպէ՛ս պիտի ապահովուի, երբ 2026-ի պետական պիւտճէին մէջ նման յատկացում նախատեսուած չէ։
– Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ՝ քննարկելով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ շարունակուող լարուածութեան հետեւանքով յառաջացած անվտանգային մարտահրաւէրները։ Կողմերը կարեւոր նկատած են ճգնաժամային պայմաններուն մէջ սերտ գործակցութեան եւ շարունակական հաղորդակցութեան պահպանումը, իսկ Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ անհրաժեշտութեան պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով աջակցելու Գանատայի քաղաքացիներու Իրանէն տարհանման գործին։ Զրուցակիցները նաեւ ընդգծած են տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ տեղեկատուութեան փոխանակման եւ փոխադարձ համակարգման անհրաժեշտութիւնը։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
– Փետրուար 28-էն ի վեր Մերձաւոր Արեւելքը մտաւ նոր եւ վտանգաւոր փուլի մը մէջ, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով սպաննուեցաւ Իրանի գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենէին, ինչ որ յառաջացուց իշխանական ճգնաժամ եւ թէժացուց ռազմական առճակատումը։ Թեհրան արձագանգեց հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներով, միաժամանակ յայտարարելով Հորմուզի նեղուցի փակումը եւ սպառնալով թիրախաւորել նաւերու երթեւեկութիւնը. քայլ մը՝ որ կը վտանգէ համաշխարհային ուժանիւթի մատակարարումները։
Միեւնոյն ժամանակ, Լիբանանի մէջ Հըզպոլլահ սկսաւ հրթիռակոծել Իսրայէլը, ինչին ի պատասխան Իսրայէլ լայնածաւալ օդային հարուածներ հասցուց Լիբանանի տարբեր շրջաններու, ներառեալ Պէյրութի հարաւային արուարձանները, եւ զօրքեր տեղակայեց հարաւային Լիբանանի մէջ՝ տասնեակ զոհերու եւ հազարաւոր տեղահանուածներու պատճառ դառնալով։ Տարածաշրջանը այժմ կը գտնուի լայնածաւալ պատերազմի իրական վտանգին առջեւ։