Շաբթուան ամփոփումը (25 յունիս 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


Գանատա Եւ Սփիւռք

– Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը յունիս ամսուան ընթացքին հանդիսաւոր կերպով նշեց 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի աւարտը՝ կազմակերպելով Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ Լափոյեան երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսներն ու վկայականաց բաշխումը։ Մանկապարտէզի 51, նախակրթարանի 46 եւ երկրորդականի 29 շրջանաւարտներ երգերով, ասմունքներով, պարային ելոյթներով եւ հրաժեշտի պատգամներով ամփոփեցին իրենց ուսումնական ուղին՝ ներկայութեամբ ծնողներու, ուսուցիչներու, համայնքային ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան։ Երկրորդականի աւարտական հունձքը անուանակոչուեցաւ «Գարեգին Նժդեհ»՝ ի նշան ազգային ծառայութեան, նուիրումի եւ հայրենասիրական ոգիին, մինչ դպրոցի պատասխանատուները շեշտեցին նոր սերունդը հայ ինքնութեան, համայնքային ծառայութեան եւ ազգային առաքելութեան հաւատարիմ պահելու կարեւորութիւնը։

– Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» Շաբաթօրեայ վարժարանը արժանավայել հանդիսութեամբ նշեց իր 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի աւարտը՝ աշակերտներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած գեղարուեստական ճոխ յայտագրով։ Հանդէսին ընթացքին աշակերտները ներկայացուցին երգեր, արտասանութիւններ, պարեր եւ «Տարուան չորս եղանակները» խորագրով թատերական ներկայացում, ինչպէս նաեւ ամփոփեցին տարուան կրթական ու մշակութային գործունէութիւնը։ Վարժարանի տնօրէնուհի Շողիկ Ազարիկեան Ադամեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ծնողներուն, ուսուցիչներուն, հոգաբարձութեան, բարերարներուն եւ կամաւորներուն աջակցութիւնը՝ շեշտելով, որ վարժարանը արդէն 65 տարիէ ի վեր կը շարունակէ հայ լեզուին, մշակոյթին եւ ազգային ինքնութեան հաւատարիմ սերունդներ դաստիարակել։ Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեանի պատգամով եւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք ներկաները մասնակցեցան հիւրասիրութեան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ

– Եօթ քաղաքական ուժեր դիմած են Սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով անվաւեր ճանչնալ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները։ Դիմողներուն մէջ են խորհրդարան անցած «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանէն դուրս մնացած հինգ ուժեր, որոնք կը մատնանշեն վարչական լծակներու չարաշահում, քարոզչական անհաւասար պայմաններ, ատելութեան խօսք, ընտրակաշառքի մասին պնդումներ եւ երեք ընտրատեղամասերու մէջ վերաքուէարկութիւն չկազմակերպելու Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը։ Սահմանադրական դատարանը դիմումները միաւորած է մէկ գործի մէջ, որ պիտի քննուի յունիս 26-ին՝ ժամը 11:00-ին։

– Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ միաւորուող ընդդիմութեան հիմնական օրակարգը պիտի ըլլայ յունիս 7-ի ընտրութիւններուն դէմ պայքարի հարցը եւ Հայաստանի կողմէ տարածքային հնարաւոր նոր զիջումներու կանխումը։ Ան ողջունեց Սամուէլ Կարապետեանի առաջարկած յետընտրական ընդդիմադիր համագործակցութեան նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ ձեւաչափը դեռ պիտի յստականայ, սակայն նպատակը ընդդիմադիր ուժերու համադրուած աշխատանքն է։ Սաղաթէլեան նաեւ նշեց, որ ընդդիմութիւնը ընտրախախտումներու փաստերով դիմած է Սահմանադրական դատարան, յոյս յայտնելով որ դատարանը անաչառ որոշում պիտի կայացնէ։

– Յունիս 23-ի առաւօտեան իրաւապահները խուզարկութիւն կատարած են ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի բնակարանին ու ինքնաշարժներուն։ Քննչական կոմիտէն յայտնած է, թէ գործողութիւնները կը կատարուին քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ, իսկ փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեան տեղեկացուցած է, որ խուզարկութիւնը աւարտած է առանց որեւէ բան յայտնաբերուելու։ Ան նշած է, որ վարոյթը կը վերաբերի յայտարարագրուած կանխիկ գումարի եւ զարդերու, իսկ խուզարկութիւնը որակած է որպէս «թատերախաղ»՝ ընդգծելով, թէ գործողութիւնը կը հետապնդէ քաղաքական ակնյայտ նպատակներ։

– «Politico»-ի տեղեկութիւններով, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէն կը նախատեսէ յառաջիկայ շաբաթ կրկին այցելել Հայաստան՝ Եւրոպական միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ։ Նախնականօրէն յուլիս 1-ին նախատեսուած այցը կը դիտուի իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքական աջակցութեան յստակ ազդակ Նիկոլ Փաշինեանին՝ յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, երբ Երեւան կը փորձէ խորացնել իր կապերը Եւրոպական միութեան հետ։ Պարբերականին զրուցած եւրոպացի պաշտօնատարներ նշած են, որ այցը նաեւ ուղերձ է Ռուսաստանի ճնշումներուն պայմաններուն մէջ՝ ցոյց տալու, թէ «Եւրոպան Հայաստանի կողքին է»։

– Ատրպէյճանի մէջ կրկին կազմակերպուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճանի ժառանգութիւնը. վերադարձ պատմական արմատներուն» խորագրով փառատօնը, որուն ընթացքին ներկայացուած են Հայաստանի տարածքը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» բնորոշող մշակութային եւ քաղաքական ցուցադրութիւններ։ Միջոցառումը տեղի ունեցած է Նախիջեւանի մէջ վերջերս կազմակերպուած «Վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» համաժողովէն քանի մը օր ետք, ուր ատրպէյճանցի պաշտօնեաներ կրկին պահանջած էին Հայաստանի տարածքէն հեռացած ատրպէյճանցիներու «վերադարձ»ը։ Մինչ Երեւանը կը պնդէ, թէ այդ հարցը օրակարգի վրայ չէ, Պաքուն կը շարունակէ պետական մակարդակով առաջ մղել «Արեւմտեան Ատրպէյճան» գաղափարախօսութիւնը՝ փառատօներու, համաժողովներու եւ այլ նախաձեռնութիւններու միջոցով, ինչ որ հարցականի տակ կը դնէ խաղաղութեան գործընթացի իրական նպատակը եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի երկարաժամկէտ մօտեցումները։