Շաբթուան ամփոփումը (24 սեպտեմբեր 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

– Կիրակի, 20 սեպտեմբերին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ նորահաստատ «Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն»-ի պաշտօնական բացումը՝ թորոնթոհայ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ։ Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին ՀՅԴ Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, օրուան գլխաւոր բանախօս՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան։ Բանախօսներն ու Սրբազան Հայրը ընդգծեցին նոր կեդրոնին կարեւորութիւնը՝ իբրեւ թորոնթոհայ համայնքի կրթական եւ մշակութային կեանքին նոր թափ հաղորդող հաստատութիւն, միաժամանակ շեշտելով համայնքին վճռակամութիւնը՝ ընդարձակելու իր կառոյցները եւ անխնայ աշխատանք տանելու հայկական ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ։

– Քեպէգի Հայ դատի յանձնախումբը (CNAQ), 5 հոկտեմբերի նահանգային ընտրութիւններուն ընդառաջ, հանդիպումներ ունեցած է հայաշատ ընտրատարածքներու տարբեր կուսակցութիւններու եւ անկախ թեկնածուներու հետ, ներկայացնելով Քեպէգի հայ համայնքի առաջնահերթութիւնները եւ ծանօթանալով անոնց դիրքորոշումներուն։ Քննարկումները կեդրոնացած են երեք հիմնական հարցերու վրայ՝ CPE-ներու հասանելիութեան բարելաւում, Քեպէգի երկրորդական վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան դասաւանդում եւ Հայաստանի մէջ Քեպէգի գրասենեակի մը հաստատում։ Թեկնածուներու հետ հանդիպումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն, իսկ Յանձնախումբը իր զօրակցութեան ցանկը պիտի հրապարակէ սեպտեմբեր 25-ին՝ ներառելով այն թեկնածուները, որոնց դիրքորոշումները կը համապատասխանեն Քեպէգի հայ համայնքի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն։

– Շաբաթ, 19 սեպտեմբերին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն՝ ի պատիւ Գանատայի մէջ Լիբանանի նորանշանակ դեսպան Պաշիր Թաուքի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի դեսպանատան եւ Լիբանանեան մշակութային համաշխարհային միութեան (WLCU)։ Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի պատուիրակութիւնը, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեան եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ։ Դեսպանին հետ առանձին հանդիպման ընթացքին կողմերը ընդգծեցին փոխադարձ կապերն ու գործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը, իսկ դեսպան Թաուք հրաւիրուեցաւ այցելելու Հայ կեդրոն՝ ծանօթանալու լիբանանահայ համայնքին եւ կեդրոնի կրթական, մարզական, բարեսիրական ու հոգեւոր գործունէութեան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ

– ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան սեպտեմբեր 22-ի մամլոյ ասուլիսին անդրադարձաւ Արցախի հայկական ժառանգութեան, ընդդիմադիր գործիչներու կալանաւորումներուն, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերուն։ Ան դատապարտեց Ատրպէյճանը Արցախի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը աղուանական ներկայացնելու եւ հայկական հետքը վերացնելու քաղաքականութիւն վարելու հարցով, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները՝ այդ քաղաքականութեան դիմաց համարժէք հակազդեցութիւն չցուցաբերելու պատճառաւ։ Սաղաթէլեան ընդդիմադիր ղեկավարներու եւ գործիչներու կալանաւորումները որակեց քաղաքական ճնշում, իսկ Եկեղեցւոյ հարցով խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու նախաձեռնութիւնը՝ Եկեղեցւոյ դէմ շարունակուող արշաւի մաս։ Անդրադառնալով Տաւուշի եւ Տիգրանաշէնի շուրջ մտահոգութիւններուն՝ ան զգուշացուց, որ միակողմանի տարածքային զիջումները չեն կասեցներ Ատրպէյճանի պահանջները եւ կը տկարացնեն Հայաստանի անվտանգութիւնն ու պաշտպանունակութիւնը։

– Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց սեպտեմբեր 19-ին, 2023-ի ատրպէյճանական ռազմական գործողութեան եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան երրորդ տարելիցին առիթով, վերահաստատեց Արցախի ժողովուրդի անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքը։ Ան նաեւ պահանջեց Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս հայ գերիներու ազատ արձակումը, հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ տեղահանուած արցախահայութեան շարունակական աջակցութիւնը։ Բաղունց ընդգծեց, որ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու ինքնութեան պահպանումը պէտք է շարունակեն մնալ համազգային օրակարգի վրայ։

– Սեպտեմբեր 15-17-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովը։ Խորհուրդը քննարկեց Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները, եկեղեցականներու դէմ իրաւական գործընթացներն ու Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերող կառավարական եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները՝ անընդունելի նկատելով Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին պետական միջամտութիւնն ու ճնշումները։ Ժողովին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռի գործունէութեան առջեւ ծառացած խոչընդոտներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կրթութեան, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ թեմերու գործունէութեան վերաբերող հարցերուն։