Շաբթուան ամփոփումը (19 մարտ 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ
– Լաւալի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին շրջակայ այգին պաշտօնապէս վերանուանուեցաւ «Յոյսի այգի» (parc de l’Espoir)՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման ծիրին մէջ։ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թոփուզեան ընդգծեց, որ այս քայլը կարեւոր նշանակութիւն ունի տեղւոյն հայ համայնքին համար եւ կը խորհրդանշէ համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան արժէքներուն նկատմամբ յանձնառութիւն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գործընկերներուն եւ քաղաքային վարչակազմին՝ նախաձեռնութեան իրականացման համար։ Նշենք, որ այս աշխատանքին մէջ առաջատար դեր ունեցաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբը։
– Մարտ 14-ին եւ 15-ին, Գալիֆորնիոյ Պըրպենք քաղաքին մէջ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամեիկայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց Սփիւռքի խորհրդաժողով մը, ուր երկու օրուան ընթացքին Ամերիկայէն, Գանատայէն եւ հարաւային Ամերիկայէն ժամանած սփիւռքահայ մտաւորականներ, կրթական պատասխանատուներ, համայնքային ղեկավարներ եւ կուսակցականներ քննարկեցին սփիւռքի ներկային եւ ապագային առնչուող բազմակողմանի հարցեր։ Ինը նիստերու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի ինքնութեան, կրթութեան, լեզուի պահպանման, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ Հայ Դատի արդիականացման հարցերուն՝ շեշտելով, որ սփիւռքը պէտք է ընկալուի որպէս ինքնուրոյն ինքնութիւն եւ դերակատարութիւն ունեցող բազմաշերտ, համաշխարհային եւ զարգացող ցանց։ Քննարկումները մատնանշեցին, որ լեզուի, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան դերը վճռորոշ է համայնքային կայունութեան եւ քաղաքական յստակութեան համար: Նշենք, որ համաժողովը նպատակ չունէր վերջնական եզրակացութիւններ տալու, այլ՝ ձեւակերպելու հիմնական հարցերն ու ուղղութիւնները։ Համաժողովը ընկալուեցաւ որպէս մեկնակէտ՝ սփիւռքեան նոր մտածողութեան ձեւաւորման՝ ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ համայնքային փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ։
– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակը հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ՝ բազմամարդ մասնակցութեամբ եւ ազգային ոգեւորիչ մթնոլորտի մէջ։ Աթէնքի մէջ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն կազմակերպեց հանրային զրոյց եւ քննարկում՝ «Երէկ, այսօր, վաղը՝ միշտ միասին» խորագրով, որուն ընթացքին բանախօսները անդրադարձան Դաշնակցութեան պատմական եւ քաղաքական դերակատարութեան, հայութեան առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրներուն, Արցախի հարցին, Հայ Դատի առաջնահերթութիւններուն եւ յունահայ համայնքի կազմակերպական ու կրթական կեանքին։ Թեսաղոնիկէի մէջ եւս 135-ամեակը նշուեցաւ տօնական ձեռնարկով, ուր շեշտուեցան Դաշնակցութեան գաղափարական ժառանգութիւնը, երիտասարդութեան դերը եւ յունահայութեան ազգային ծառայութեան յարատեւութիւնը։ Երկու քաղաքներու ձեռնարկներն ալ վերածուեցան ոչ միայն յոբելենական տօնակատարութեանց, այլ նաեւ նոր ուխտի եւ յանձնառութեան վերահաստատման առիթներու՝ յանուն հայ ժողովուրդի, պետականութեան եւ համահայկական նպատակներու։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
– Մարտ 16-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր միջոցառման ընթացքին, Ռոպերթ Քոչարեան պաշտօնապէս հռչակուեցաւ «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու՝ յառաջիկայ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Իր ելոյթին մէջ Քոչարեան յայտարարեց, թէ իրենց նպատակը բացառապէս յաղթանակն է եւ վստահութիւն յայտնեց, որ գործող իշխանութիւնը պիտի պարտուի։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր կարգին տեղեկացուց, որ դաշինքը, որուն առանցքը կը կազմեն ՀՅԴ-ն եւ «Առաջ» կուսակցութիւնը, չ’առաջադրուիր որպէս սոսկ ընտրական համախմբում, այլ որպէս Հայաստանի ճակատագրով մտահոգ ուժերու միաւորում՝ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու, անվտանգ հայրենիք վերակերտելու եւ արժանապատիւ կայունութիւն ապահովելու նպատակով։ Դաշինքը նաեւ հրապարակեց իր նախընտրական «Միասին կարող ենք» կարգախօսը:
– «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեան յայտարարած է, որ իր քաղաքական ուժը պատրաստ է մասնակցելու յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, իսկ մասնակցութեան ձեւաչափն ու հնարաւոր համագործակցութիւնները պիտի քննարկուին մօտիկ ապագային։
– Եւրոպական խորհրդարանի 36 պատգամաւորներ մարտ 11-ին նամակ մը յղեցին Եւորպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասին՝ կոչ ընելով վերանայելու Ատրպէյճանի նկատմամբ Եւորպական Միութեան քաղաքականութեան եւ սահմանելու պատժամիջոցներ։ Նամակը կը մատնանշէ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու նկատմամբ կայացած խիստ դատավճիռները, մարդկային իրաւունքներու խախտումները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի դերակատարութիւնը ռուսական պատժամիջոցներու շրջանցման մէջ։ Պատգամաւորները կը զգուշացնեն, որ առանց պայմանականութեան շարունակուող համագործակցութիւնը կը վնասէ Եւրոպական Միութեան հեղինակութեան եւ կը շեշտեն շտապ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ թիրախային պատժամիջոցներու կիրառում, ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան կասեցում եւ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութիւն։
Մինչ այդ, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ եւ անոր մօտ ՀՅԴ Ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 61-րդ նիստին ելոյթ ունեցաւ, շեշտելով որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չի կրնար լուծուիլ ռազմական միջոցներով եւ կոչ ուղղեց ապահովելու տեղահանուած արցախահայերու անվտանգ, արժանապատիւ եւ միջազգային երաշխաւորութեամբ վերադարձը, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։
– Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան խստօրէն քննադատեց Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն Արցախի վերաբերեալ «կեղծ եւ նենգափոխուած» յայտարարութիւնները՝ ընդգծելով, որ Արցախի ժողովուրդը երբեք լիազօրած չէ Երեւանը իր անունով որոշումներ ընդունելու կամ իր ճակատագիրը տնօրինելու։ Ան վերահաստատեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, վերադարձի եւ անվտանգ ապրելու անօտարելի իրաւունքները՝ մատնանշելով, որ մինչեւ օրս չեն լուծուած գերիներու ազատ արձակման, տեղահանուածներու վերադարձի եւ հայկական ժառանգութեան ոչնչացման խնդիրները։ Դանիէլեան նաեւ շեշտեց, որ Արցախի հարցը որպէս «տարածքային վէճ» ներկայացնելը միջազգային իրաւունքի խախտում է, եւ խոստացաւ շարունակել պայքարը՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման համար։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
– Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմական իրավիճակը կը շարունակէ թեժանալ։ Իսրայէլի կողմէ իրականացած թիրախային գործողութիւններու հետեւանքով Իրանի մէջ սպաննուած են Հետախուզութեան նախարար Էսմայիլ Խաթիպը, ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին եւ Յեղափոխական Պահակագունդի «Պասիժ» զօրքերու հրամանատար Ղոլամրեզա Սոլէյմանին, ինչին Թեհրանը պատասխանած է Թել Աւիւի եւ Ծոցի երկիրներու դէմ հրթիռային լայնածաւալ յարձակումներով։ Միաժամանակ, Լիբանանի մէջ իսրայէլեան օդուժը սաստկացուցած է Պէյրութի ռմբակոծումները, որոնց ընթացքին զոհուած են նաեւ լիբանանեան բանակի զինուորներ, մինչդեռ Լիբանանեան կառավարութիւնը, իբրեւ աննախադէպ քայլ, պատրաստակամութիւն յայտնած է զինաթափելու Հըզպալլան եւ ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու Իսրայէլի հետ։