ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ողջոյնի Գիրերը՝ Գանատայի Եւ Յունաստանի Վարչապետներուն

Գանատայի հայոց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութենէն Մայրավանք վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը ողջոյնի յատուկ նամակ մը յղեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի հայութեան նկատմամբ անոր կատարած դրական արտայայտութիւններուն համար:

Յայտնենք, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետին հետ, նախ՝ առանձին եւ ապա՝ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան ներկայութեան:

27 Յունիսին, Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորութեան յատուկ գիր մը ուղղեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսին, որուն ղեկավարած կուսակցութիւնը վերջին ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահոված էր, եւ, հետեւաբար, վարչապետին ներկայ պաշտօնին վրայ վերահաստատումը դարձած էր բնական: Յաջողութիւն մաղթելով անոր առաքելութեան մէջ, Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ նոր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու ճամբով, ան պիտի կարենայ փայլուն էջ մը բանալ Յունաստանի ժողովուրդին կեանքէն ներս:

Նշենք, որ շուրջ երկու ամիսներ առաջ, Յունաստանի հայոց թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Հայրապետը հանդիպում ունեցած էր վարչապետին հետ:

Comments are closed.