Նոր Տուն՝ Նոր Յոյս. CAMAM-ի Օթթաուայի նոր կալուածին մէջ պիտի տեղակայուի Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը
Մոնթրէալի հայկական համաշխարհային աջակցութեան կեդրոն (ՄՀՀԱԿ-CAMAM) բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի քաղաքակեդրոնին մօտակայ շրջանի մը մէջ գնած է նոր կալուած մը։
ՄՀՀԱԿ այս առիթով կը յայտարէ, որ հպարտ է, որ նոր կալուած-շէնքի մէկ հատուածին մէջ պիտի տեղակայուի Գանատայի ամենէն ազդեցիկ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութեան՝ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCC) նոր գրասենեակը:
Բարեսիրական կազմակերպութիւնը անդրդառնալով վերոնշեալ նախաձեռնութեան կարեւորութեան, կը շեշտէ, որ այժմ, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է գանատահայ համայնքի նիւթական աջակցութիւնը, որպէսզէ Հայ դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի ճիգերուն շնորհիւ շարունակուի մարդասիրական օգնութեան հոսքը մեր հայրենակիցներուն, ապահովուի Արցախի անվտանգութիւնը, ապահովուի հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ պաշտպանուին հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնները։
Առ այդ, հաստատուած է առցանց նուիրահաւաքի կայքէջ, իսկ Մայիս 16-ին կը սփռուի CAMAM-ի նուիրահաւաքի յատուկ առցանց ծրագիրը՝ CAMAM-ի Facebook-ի հարթակով։
1991-ին կեանքի կոչուած CAMAM-ը, հայ ժողովուրդին առջև ծառացած տարբեր մարդասիրական կարիքները հոգալու առաջադրանքով՝ 30 տարիէ ի վեր նպատակաուղղուած աշխատանք կը տանի:
CAMAM-ը (Centre D’assistance Mondiale Armenien De Montreal) Գանատայի մէջ գրանցուած բարեսիրական կազմակերպութիւն է, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Մոնթրէալ։ 1991-էն ի վեր CAMAM-ը ջանք չէ խնայած աշխարհի տարբեր հայ համայնքներուն անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Արցախեան ազատամարտի օրերէն մինչև Միջին Արևելքի հայ համայնքներու դիմագրաւած տարբեր մարտահրաւէրները՝ CAMAM-ի օժանդակութիւնները հասած են Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներ։
https://camam.akaraisin.com/ui/OurNewHome