«Նոր ծաղիկ»ը երգեց եւ յուզեց
Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հովանիին տակ, իւրաքանչիւր Ուրբաթ օր, ժամը չորսէն սկսեալ, խումբ մը անուշիկ մանուկներ, պարման-պարմանուհիներ եւ երիտասարդ համալսարանականներ կը հաւաքուին խմբավար տիկ. Էլիզապէթ Պտղունի Հարպոյեանի շուրջ, երգելու։ «Նոր ծաղիկ» երգչախումբի տարբեր տարիքի անդամները զիրար կապողը հայ երգին նկատմամբ իրենց տածած սէրն է եւ խմբավարին մագնիսականութիւնը։ Խմբավարը բնորոշող գիծերն են՝ պահանջկոտութիւն, համբերութիւն, բծախնդրութիւն, մասնագիտական բարձր ճաշակ եւ մեծ մանկավարժի յատկանիշներ։ Երգչախումբին կայացման մէջ իրենց անգնահատելի ներդրումը ունին երէցկին Նինա Չիֆթճեան Գոյունեանը եւ դաշնակահարուհի տիկ. Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանը։ Երգչախումբին յաջողութեան իր անհերքելի նպաստը կը բերէ նաեւ Տէր Գառնիկը, ապահովելով խումբին նիւթական-բարոյական պահանջները։
«Նոր ծաղիկ»ի երգացանկին մէջ մնայուն է Ս. Պատարագը, տարբեր առիթներով այս փոքրիկները կը ստանձնեն Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը։ Պատարագին առընթեր երգչախումբը իւրաքանչիւր տարի հանդէս կու գայ հաշուետու համերգով մը։ Փաստօրէն «Նոր ծաղիկ»ի անդամները իւրաքանչիւր տարի իրենց առջեւ կը դնեն խնդիր՝ իւրացնելու երգերու բառերը եւ երաժշտութիւնը, կատարողականութեան հետ կապուած մանրամասնութիւնները յաղթահարելու, որպէսզի հաշուետու համերգը պսակուի յաջողութեամբ, եւ ոչ միայն…։ Այս փոքրիկները երգչախումբ յաճախելու ընդմէջէն կը սորվին երաժշտութիւն, բանաստեղծական խօսք, ձեռք կը բերեն պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ փորձ՝ խմբային աշխատանքի։ Կը ստանան հայ հոգեւոր եւ մշակութային սնունդ։
Այս տարի «Նոր ծաղիկ» երգչախումբը իր տարեկան համերգը նուիրեց հայ երգի Մեսրոպ Մաշտոցին՝ Կոմիտասին եւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ին՝ Յովհաննէս Թումանեանի։ Այս տարին յոբելեանական էր հայ ազգի այս երկու տիտաններուն համար. անոնց ծննդեան 150-ամեակը նշուեցաւ։ Համերգը կը վայելէր թեմիս առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի օրհնութիւնը եւ հովանաւորութիւնը տէր եւ տիկ. Սարօ եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններու եւ զաւակներուն:
Անոնք որոնք ներկայ եղան այս համերգին, անտարակոյս առիթ ունեցան ըմբոշխնելու զանազան զգացումներով. գեղագիտական հաճոյք, հրճուանք, յուզում եւ փշաքաղում, երբ փոքրիկները կրցան բացառիկ կատարումներով հմայել հանդիսականը եւ դիւթել զայն հայկական մաքրամաքուր երգով։
Համերգը ունէր երկու բաժին. առաջին բաժինը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի «Չարի վերջը» հեքիաթին, զոր երաժիշտ Ազատ Մանուկեան թատրերգի էր վերածած։ Երգչախումբը եւ մենակատարները բացառիկ կատարումներով կրցան Թումանեանական-Ազատեանական թատրերգը իր լրումին հասցնել։ Բարին յաղթեց։
Երկրորդ բաժինը առաւելապէս Կոմիտասեան երգաշար էր. մանկական «Հայր Մեր», «Ով մեծասքանչ դու լեզու», «Մայրենի լեզու», «Քաղհան», «Անձրեւն եկաւ», «Հինգ էծ ունեմ», «Երեւան բաղ եմ արել», «Երկնքի աստղերը», «Հօյ նազան իմ», «Ալագեազ-Խնկի ծառ»։ Վերջին երկու երգերն էին Թումանեանի խօսքերով «Հայրենիքիս հետ»ը (երաժշտութիւն՝ Ալեքսանդր Յարութիւնեանի) եւ «Համբարձում, եայլա»ն (երաժշտութիւն՝ Արմէն Տիգրանեանի)։
Նոյեմբեր 16-ի երեկոյեան, հայ նորահաս սերունդի այս ներկայացուցիչները հայ երգով փոխանցեցին իմաստուն խօսքն ու բարոյականը, փառաւորեցին զԱստուած, գովեցին հայրենիք եւ լեզու, վերակենդանացուցին հայ գաւառը։ Ազգային դիմագիծի անաղարտ պահպանման փորձ մըն էր, որ անտարակոյս յաջողեցաւ։
Պէյրութաբնակ, 98-ամեայ տիկ. Մարի Մանկասարեան, հպարտութեամբ կը յիշէ իր երգչախմբային փորձառութիւնը: Ան տարբեր առիթներով մեր հանդիպումներուն ընթացքին կ’երթայ իր սենեակը եւ կը բերէ Բարսեղ Կանաչեանի երգչախումբին խմբանկարը եւ հպարտօրէն կ’ըսէ, թէ ինք սանն է Կանաչեանի ու կը սկսի երգել։
«Նոր ծաղիկ»ի անդամները նոյնպէս, տիկ. Մանկասարեանի օրինակով, օր մը իրենց զաւակներուն ու թոռներուն պիտի ցոյց տան իրենց խմբանկարները ու ըսեն. «Մենք սանն էինք տիկ. Էլօ Պտղունի Հարպոյեանի» եւ պիտի երգեն մաքուր, հայաթով ու հայ երգը աւանդեն սերունդներուն՝ ապահովելով անոր անմահութիւնը։
Բժ. Այտա Ասատուրեան Աֆարեան