Նորարար մշակոյթի ծրագիր սատարելու արեւմտահայերէնով ստեղծագործական եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու

ՆՈՐԱՐԱՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԾՐԱԳԻՐ – ԼԻԲԱՆԱՆ

ՍԱՏԱՐԵԼՈՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

  1. Ներածական

Այս փաստաթուղթին սահմանած ցուցմունքները կը բխին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի (այսուհետ՝ ԳԿՀ) առաջնահերթութիւններէն, ուր յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ արեւմտահայ ժամանակակից մշակոյթի մը ստեղծումի նախադրեալներուն եւ զարգացումին։

ԳԿՀ Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր-ը կը հանդիսանայ ԳԿՀ-ի Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը։ Հիմնարկութեան որդեգրած ռազմավարութիւնը, որ յատկապէս կը վերաբերի արեւմտահայերէնին, կը կեդրոնանայ նաեւ երիտասարդներուն վրայ եւ կը միտի քաջալերելու արեւմտահայերէնով ստեղծագործողները. ԳԿՀ Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր-ը ուրեմն այն գործիքն է որ պիտի ձգտի ստեղծել պայմանները՝ արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու եւ մշակութային նորարար փորձառութիւն մը ապրելու։

Այս նպաստին հիմնական նպատակն է խթանել ստեղծագործ մտքերը՝ մշակելու արեւմտահայերէնով յղացուած եւ կիրարկուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ։ Ուրեմն, այս ծրագիրը կը միտի առաջին հերթին երիտասարդներուն մէջ արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու փափաք մը յառաջացնելու եւ սովորութիւն մը հիմնելու, ինչպէս նաեւ որոշ չափով մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու, միեւնոյն ժամանակ ապահովելով անոր շարունակականութիւնը։

  1. Նպատակներ. նիւթեր եւ առաջնահերթութիւններ

Արեւմտահայերէնով նորարար աշխատանքներու զարկ տալուն զուգահեռ, ԳԿՀ Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր-ին նպատակն է նաեւ պայմաններ եւ առիթներ ստեղծել այս աշխատանքները մշակելու, արտադրելու եւ ցրուելու։

Այս պարունակին մէջ, մշակոյթ ընդհանուր եզրով կը հասկնանք արուեստի բոլոր բնագաւառները եւ մտքի նուաճումներու այլ դրսեւորումները (աւելի մանրամասն տե՛ս ներքոնշեալ Դիմումի չափանիշեր բաժինը)։ Հիմնարկութեան մօտեցումը այստեղ կը կեդրոնանայ յատկապէս ստեղծագործական գործօնին վրայ, որ կ՚ենթադրէ փորձառութիւն մը՝ նորարար եւ նորաշունչ միջոցներով։

ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ

Նպատակ ունենալով արեւմտահայերէնի վերահաստատումը որպէս ստեղծագործութեան եւ նորարարութեան լեզու, ԳԿՀ Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր-ին առաջնահերթութիւններն են՝

– Քաջալերել երիտասարդները հայերէնով ստեղծագործելու՝ յայտնաբերելու համար իրենց մշակութային կարողականութիւնն ու կարելիութիւնները։

– Ապահովել երիտասարդներուն մասնակցութիւնը ներկայ մշակութային կեանքին։

– Առիթը ընծայել նորարարական մօտեցումներ ունեցողներուն՝ մշակելու միջկրթանք եւ բազմակրթանք աշխատանքներ, որոնք միտին արեւմտահայերէնը նոր ձեւերով գործածելու եւ մշակութային եւ ստեղծագործ արտադրութեան կարողականութիւնը բարձրացնելու։

– Գտնել երիտասարդ ուժեր եւ տաղանդներ, որոնք աշխատին արեւմտահայերէնը կապել մեր այժմու իրականութեան, լեզուն դարձնելով ժամանակակից։

– Ստեղծել պայմաններ, որպէսզի արեւմտահայերէնով նախաձեռնուած մշակութային այս ծրագրերը զարգանան եւ ծաղկին։

– Մղել ստեղծագործ մտքերը լեզուն գործածելու որպէս ստեղծագործական միջարկ՝ ընդունուած յղացքներ աստիճանաբար ընդլայնելու եւ այլ յղացքներու բացուելու։

 

Վերոնշեալ նպատակները իրագործելի են հետեւեալ հիմնարար մօտեցումներուն պարունակին մէջ՝

– Վերահաստատել լեզուին եւ անոր զարգացումին կարեւորութիւնը։

– Վերագնահատել նոր լեզուական ստեղծագործական նախաձեռնութիւններու որոշիչ դերը՝ մեր ինքնութեան կերտումին մէջ։

– Վերահաստատել իսկապէս նորարար ըլլալու եւ դէպի նոր յղացքներ բացուելու անհրաժեշտութիւնը, կապեր հաստատելով հայկական մշակոյթին եւ միջազգային արդի հոսանքներուն միջեւ։

  1. Գնահատումի չափանիշեր

ԳԿՀ Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր նպաստի դիմումները պիտի գնահատուին հետեւեալ չափանիշերով՝

– Ստեղծագործ եւ նորարար տարրերու եւ մտքերու առկայութիւն։

– Ժամանակակից արտայայտչամիջոցներու գործածութիւն։

– Նիւթերու առընչելիութիւն (relevance)։

– Մշակութային բազմազանութիւն, ժամանակակից եւ աշխարհին բացուած նիւթերու անդրադարձ։

– Նորարարութիւն արեւմտահայերէնի գործածութեան մէջ։

– Աշխատանքի եւ պարունակութեան որակ։

– Յառաջադէմ մօտեցումներու որդեգրում։

Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի ծրագրերու որոնք՝

– Մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ։

– Դիմեն աւելի լայն շրջանակներու, կամ յատուկ լսարան մը ունենան որպէս թիրախ։

– Ներգրաւեն կիները եւ երիտասարդները։

– Շարունակեն ունենալ իրենց դրական ազդեցութիւնը ծրագիրի աւարտէն ետք։

  1. Դիմելու չափանիշեր

Այս նպաստի դիմումնագիրը բաց է 18-էն 35 տարեկան ստեղծագործ երիտասարդներու՝ որոնք Լիբանան կը բնակին եւ որոնք փափաքին արեւմտահայերէնով մշակութային նորարար նիւթեր արտադրել։ Դիմումները կրնան ըլլալ անհատական կամ խմբային։

Ծրագրերը կրնան ըլլալ միջկրթանք կամ բազմակրթանք, ներգրաւելով հետեւեալները որպէս օրինակ՝

– Արուեստի տարբեր բնագաւառներ, ժառանգութիւն (որպէս ներշնչումի աղբիւր), եւ «մարդաբանական» գիտութիւններ։

– Գաղափարներ, փորձառութիւններ, եւ տարբեր զգացումներ արտայայտելու ստեղծագործական դրսեւորումներ, որոնք կը ներառեն հետեւեալ ձեւաչափերը, բայց չեն սահմանափակուիր անոնցմով՝

– Երգ, երաժշտութիւն։

– Գրականութիւն, (գիրքեր, լսողական գիրքեր, թերթեր, ամսագրեր, կայքէջեր, առցանց ներկայութիւն)։

– Թատրոն, կատարողական արուեստներ։

– Տեսողական արուեստներ։

– Միջկրթանք բնագաւառներ, որոնք գոյացած են արդի հաղորդակցութեան ձեւերու շնորհիւ։

– Տեսերիզներ, եւ այլ արտայայտչամիջոցներ՝ installations, animations, blogs, YouTube channels, podcasts, applications եւ այլն։

– Ձայնասփիւռի յայտագիրներ եւ այլ հեռարձակումներ (առցանց ծրագրեր ինչպէս օրինակ՝ Mixcloud, SoundCloud, iTunes…)։

– Նորարարական եւ ստեղծագործական աշխատանոցներու ծրագրեր։

  1. Ժամանակացոյց

– Այս նպաստի ծրագիրը պիտի յայտարարուի Փետրուար 2020-ին։

– Առցանց դիմումնագրերը հասանելի պիտի ըլլան Փետրուար 2020-էն։

– Դիմումներու վերջնաժամկէտն է Յունիս 2020։

– Նպաստառուները պիտի յայտարարուին Յուլիս 2020-ին։

  1. Նպաստներու նախահաշիւ

ԳԿՀ Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր-ը նպատակադրած է տարեկան մինչեւ հինգ ծրագիր հովանաւորել. ընդունուած ծրագրերու քանակը կախեալ է նաեւ դիմումներու թիւէն ու որակէն։ Իւրաքանչիւր ընդունուած ծրագիրի պիտի յատկացուի տարեկան առաւելագոյնը 5.000 տոլար։ Ի հարկին կարելի է այս նպաստը մէկ տարիով երկարաձգել. այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր դիմող միայն երկու յաջորդական դիմում կրնայ ներկայացնել նոյն նպաստին (ըլլայ ընթացիկ ծրագիրը իր աւարտին հասցնելու նպատակով կամ նոր ծրագիրի մը համար)։

Կարեւոր ցուցմունքներ եւ յիշեցումներ.

– Կը քաջալերենք որ բոլոր հետաքրքրուած երիտասարդները դիմեն, նոյնիսկ եթէ կը խորհին որ իրենց հայերէնի մակարդակը «կատարեալ» չէ։

– Պարտադիր չէ որ դիմողները ըլլան փորձառու արուեստագէտներ. այս նպաստին հիմնական նպատակն է քաջալերել արեւմտահայերէնով ստեղծագործելը, ուրեմն դիմումը բաց է բոլոր ստեղծագործ եւ նորարար անձերուն։

– Կը քաջալերենք որ դիմողները օգտուին առկայ միջազգային յաջող մշակութային գործունէութիւններէ եւ փորձեն այդ օրինակները համարկել մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ, մասնաւորապէս արեւմտահայերէնը բերելով առաջնահերթ կարգի։

  1. Դիմումի ընթացակարգ

Բոլոր դիմումները պիտի ըլլան առցանց, Հայկական Բաժանմունքի առցանց դիմումնագիրի համակարգի միջոցով, որ բաղկացած է երկու մասերէ։

Դիմողներէն կը խնդրուի գրանցուիլ եւ իրենց անունով հաշիւ մը ստեղծել, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ առաջին դիմումը ներկայացնել. հոն կը խնդրուի ծրագիրի հակիրճ բացատրական մը տալ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու պարագային, դիմողներէն պիտի խնդրուի երկրորդ՝ աւելի մանրամասն առցանց դիմումնագիր մը ներկայացնել։

Այլ մանրամասնութիւններ կարելի պիտի ըլլայ գտնել այստեղ՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/

Յաւելեալ տեղեկութիւններ

– Ծրագրերու որակը ապահովելու համար, ԳԿՀ-ն ի հարկին պատրաստ է նպաստառուներուն ուղղորդել։

– Նպաստառու ծրագրերը պիտի ներկայացուին ԳԿՀ-ի տարբեր ցանցերուն վրայ, որպէսզի ապահովուի անոնց տեսանելիութիւնը։

– Ծրագրերու որակը ապահովելու համար, ԳԿՀ-ն ի հարկին պատրաստ է նպաստառուներուն ուղղորդել։

– Նպաստառու ծրագրերը պիտի ներկայացուին ԳԿՀ-ի տարբեր ցանցերուն վրայ, որպէսզի ապահովուի անոնց տեսանելիութիւնը։

– Ծրագրերու գնահատումը պիտի կատարուի ԳԿՀ-ի կողմէ, Լիզպոնի մէջ, մասնագէտներու խորհրդակցութեամբ։

– Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ յստակացումներու համար դիմել Գայիանէ Մածունեանին՝ carmenias@gulbenkian.pt իմակին իբր վերնագիր նշելով՝ «Creative Culture Program – Lebanon»։

  • – Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին ներկայ ինչպէս նաեւ այլ ծրագրերու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։

 

ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.