Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին Կ՛օժանդակէ Արցախցի 100 Ընտանիքներու
1592
0
Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցին շարունակեց ուրախութիւն եւ յոյս պարգեւել ժամանակաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ հաստատուած Արցախի հարիւր ընտանիքներու:
Օժանդակութեան բաշխումը կատարուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան (Հայաստան) միջոցով: Իւրաքանչիւր ընտանիք կամ անհատ ստացաւ հարիւր ամերիկեան տոլար:
Մայր եկեղեցին պիտի շարունակէ հովանաւորել նմանօրինակ ծրագիրներ 2021-ի ընթացքին: Արդարեւ, Արցախի հազարաւոր գաղթականներ անորոշ ճակատագիրի մատնուած են եւ, դժբախտաբար, նման ծրագիրներու անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի յառաջիկայ ամիսներուն եւ թերեւս տարիներուն: