Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ապտալլա Բ. Թագաւորը Քննարկեցին Տնտեսական Կապերու Զարգացման Հարցեր
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ՝ հաստատելով, որ այս այցելութիւնը պատմական բնոյթ կը կրէ եւ առիթ է տարբեր հարցերու քննարկման։
«Յորդանանի հետ յարաբերութիւնները մեզ համար շատ կարեւոր են, քանի որ ընդհանուր առմամբ՝ Միջին Արեւելքը եւ ձեր երկիրը մենք տեսնում ենք որպէս ռազմավարական գործընկերութեան ուղղութիւն: Ես շատ ուրախ եմ, որ մեր երկրների միջեւ յարաբերութիւններն ակտիւանում են: Մենք արդէն կոնկրետացրել (յստակացուցած-Խմբ.) ենք արդիւնքները, ունենք մի քանի առանձնայատուկ ուղղութիւններ, որոնք երկկողմանի հետաքրքրութիւն են ներկայացնում: Ես նաեւ ուրախ եմ, որ ձեզ հետ գործարարների պատուիրակութիւն է եկել, եւ մենք պատրաստւում ենք ստորագրել կոնկրետ փաստաթուղթ մեր յարաբերութիւններն առաւել լաւացնելու եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար: Ցանկանում եմ շեշտել, որ մեր ժողովուրդը շատ դրական պատմական յիշողութիւն ունի ձեր երկրի հետ կապուած, քանի որ ձեր երկիրը, ձեր ժողովուրդը մեծ աջակցութիւն է ցուցաբերել Հայոց Ցեղասպանութիւնից փրկուածների նկատմամբ, եւ այս փաստն աւելի է ջերմացնում մեր վերաբերմունքը Յորդանանի եւ նրա ժողովրդի նկատմամբ: Սա շատ հզօր հիմք է մեր յարաբերութիւնների համար եւ յոյս ունեմ, որ այս հիմքի վրայ մենք կը կարողանանք կառուցել իրօք տպաւորիչ յարաբերութիւններ», շեշտեց Փաշինեան։
Ապտալլա Բ. թագաւորը յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ երկու երկիրներուն միջեւ առանձնայատուկ բարեկամութիւնը, որ աւելի պայծառ եւ ջերմութեամբ շարունակուելու տուեալներ ունի։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-յորդանանեան տնտեսական եւ մարդասիրական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ներկայիս տնտեսութիւնը ունի զարգացման լաւ միտումներ եւ ստեղծուած է բարենպաստ տնտեսական միջավայր՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է յորդանանեան գործարարութեան եւ դրամագլուխի ներգրաւումով ու փոխգործակցութեան լաւ հեռանկարներ կան տնտեսութեան զանազան ճիւղերու մէջ: Անոր համաձայն՝ Հայաստան նաեւ յորդանանցի գործարարների համար կրնայ ծառայել իբրեւ մուտք դէպի Եւրասիական տնտեսական միութիւն։
Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեց, որ իր երկրի կառավարութիւնը եւս շահագրգիռ է Հայաստանի հետ առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացումով եւ իրենք հետաքրքրուած են զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեամբ:
Երկկողմանի յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պարունակին մէջ, կողմերը կարեւոր նկատեցին նաեւ վիզայի դրութեան դիւրացման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքներու իրականացումը:
Հայաստանի վարչապետը եւ Յորդանանի թագաւորը միտքեր փոխանակեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Կողմերը անդրադարձան Արցախի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացին եւ ընդգեցին հարցը բանակցութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը։