Նահատակ Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան` Ներկայութիւն Աշակերտներուն Կեանքին Մէջ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

31 տարիներ առաջ` 23 օգոստոս 1993-ին ազատատենչ եւ հայութեան դատին իսկական հաւատացող Մհեր Ջուլհաճեանին Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ նահատակութեան լուրը արցախեան սիգապանծ լեռներէն ճախրելով կը տարածուի աշխարհով մէկ` հասնելով հոն, ուր կայ հայ մը` յուզումի կողքին հպարտութեամբ լեցնելով անոր էութիւնը` լիբանանահայ այս խրոխտ երիտասարդին վճռակամութեան ու քաջութեան  ի տես: Լուր մը, որ ամբողջովին հեռու է սովորական ըլլալէ, որովհետեւ անիկա պատգամ է ու կոչ:

Արդարեւ, յաջորդ տարուան հայերէնի մեր դասապահերէն մէկը, որ ազդու կերպով դրոշմուած կը մնայ մտքիս մէջ, յատկացուած էր Մհեր Ջուլհաճեանին: Այդ օր աշակերտներս քար լռութեամբ ու մեր ուսուցիչին ձայնին մէջ եղած յուզումի ու հպարտութեան միախառնումը լաւապէս զգալով` տեղեկացանք, որ մեր գտնուած նոյն վայրին մէջ տարիներ առաջ գտնուած, մեր դպրոցական նստարաններուն վրայ եւս տեղ գրաւած ու նոյն երդիքին տակ իր կրթութիւնը ստացած Մհեր Ջուլհաճեան անունով քաջորդի մը իր երիտասարդ, շա՛տ երիտասարդ կեանքը նուիրած է հայրենի հողին, Արցախ աշխարհին: Ոմանց արցունքները դաւաճանեցին իրենց, ուրիշներ փորձեցին իրենց կոկորդին մէջ սեղմել յուզումը, այլ աշակերտներ լեցուեցան հպարտութեամբ, բայց բոլորս ալ անխտիր զարմացանք ու հիացանք, որ մեր անմիջական կեանքին հետ սերտ կապ ունեցող, մեզի պէս պարզ աշակերտ եղած, մեծ ու փոքր երազներ շօշափած Մհեր` իր ետին ձգելով բառացիօրէն ամէն բան, հետեւած էր իր ազգային դաստիարակութեան, իսկական հայու սկզբունքներուն, խօսքը վերածած էր գործի եւ նետուած մարտի դաշտ` Արցախի ազատագրումին իր առաւելագոյնն ու ամէնէն թանկագինը նուիրելու: Եւ այդպէս Մհեր Ջուլհաճեանի ընդհատուած կեանքը ձեւով մը շարունակուեցաւ մեր ճամբով, վստահաբար` բազում այլ աշակերտներու ընդմէջէն եւս, երբ մեզի յանձնարարութիւն տրուեցաւ պատի թերթերով, ատենամարզանքներով կամ այլ նախաձեռնութիւններով գրել, պատմել Մհերին մասին, տեղադրել նկարները, ծանօթացնել զայն դպրոցի աշակերտութեան, ապրեցնել զայն մեր լաւ աշխատանքներուն ընդմէջէն ու ապրիլ իրմով` Մհեր Ջուլհաճեանի օրինակով: Այդ պահուն Մհեր արդէն դադրեցաւ վերացական ըլլալէ, այլ մեզի համար դարձաւ փարոս եւ տիպար:

Միեւնոյն հաւատքով եւ նպատակով Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով նահատակ ազատամարտիկին ընտանիքին առաջարկով եւ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական մրցանքը` աշակերտներուն ստեղծագործութեան ընդմէջէն նահատակ հայորդին կենդանի պահելու եւ աշակերտներուն Մհերին յանդգնութիւնը, մաքուր հայու նկարագրային կէտերը եւ բազուկի ուժին վստահելու պատգամը փոխանցելու համար: Այնուհետեւ, տարեկան դրութեամբ գեղեցիկ աւանդութեան վերածուեցաւ այս մրցանքը, որ կը կազմակերպուի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութեան համար, իսկ 2023-էն սկսեալ անիկա ունեցաւ նաեւ նախակրթարանի աշակերտութեան բաժին:

Իսկ այսօր, յուրախութիւն բոլորիս, լոյս աշխարհ եկաւ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» խորագրեալ եզակի գիրքը, որ կ՛ամփոփէ «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքի 20 տարիներու մրցանակակիր աշակերտներու 110 շարադրութիւններ: Պարզ ակնարկ մը գիրքին` արդէն նկատելի պիտի ըլլայ, թէ որքա՛ն կարեւոր եւ խորհրդանշական է համախմբումն ու մէկտեղումը այս շարադրութիւններուն, որոնց հեղինակները օրին լոկ աշակերտներ էին, իսկ այսօր անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր մարզի մէջ յաջողութիւն մը կերտած է, իր կարգին լծուած է սերունդներու դաստիարակութեան գործին, ոմանք նուիրուած են գիր ու գրականութեան, ուրիշներ հաւաքական մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն են ու դերակատար, նաեւ կայ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած մրցանակակիր մը, որոնց բոլորին ալ գիրը, մտածումն ու ստեղծագործութիւնը անմահացան այս մրցանքին ճամբով ու այս գիրքին մէջ: Մրցանքին մասնակից այս աշակերտներուն համար ալ հետաքրքրական է կարդալ ու տեսնել, թէ տարիներ առաջ ի՛նչ կը մտածէին, կը զգային, ի՛նչ ապրումներ ու միտքեր կը խայտային իրենց էութեան խորը:  20 տարի շարունակ հարիւրաւոր աշակերտներ համախմբուեցան այս մրցանքին մասնակցելու, անոնք լսեցին ու կրկնեցին Մհերին անունը, դպրոցին մէջ թէ տունը խօսեցան անոր մասին: Ասիկա արդէն ապացոյց է, որ իր նպատակին ծառայած է ու կը ծառայէ այս կարեւոր մրցանքը:

Նշենք, որ 2023 թուականին Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած մրցանքը իր շուրջ համախմբեց 13 վարժարաններու նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններէն 76 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք գրեցին օրին շրջափակուած Արցախին ու հոն տոկացող հայորդիներուն մասին, նամակներ յղեցին Մհերին, խօսեցան հերոսի մասին եւ իրենք զիրենք ալ հերոս պատկերացուցին` բանալով իրենց ներաշխարհի դռները, թռիչք տալով իրենց մտքերուն եւ հայերէնով արտայայտուելու իրենց կարողականութեան:

Իսկ այս տարուան մրցանքը տեղի պիտի ունենայ 18 մայիսին:

20 տարեկան մրցանքի յաջողութեան եւ գիրքի հրատարակութեան առիթով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան մեր խօսքը`

– Մրցանքը հովանաւորած Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդներուն եւ յատկապէս Շահէ արք. Փանոսեանին, որ իր առաջնորդող խօսքով օժտեց այս գիրքը,

– Լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն եւ հայերէնի ուսուցիչներուն, որոնց մղումով, քաջալերանքով ու ջանքերով աշակերտները սիրով եւ ուրախութեամբ մասնակցեցան մրցանքներուն,

– Ջուլհաճեան ընտանիքին, որ հաստատեց նման կարեւոր մրցանք մը, հաւատաց աշակերտներուն տաղանդին, ամէն տարի նիւթական պարգեւներով գնահատեց մրցանակակիրները եւ ստանձնեց գիրքին մեկենասութիւնը` իրենց պատուաւոր որդիին յիշատակը ապրեցնելով աշակերտներուն հոգիներուն մէջ եւս,

– Մրցանքի 20 տարուան բոլոր մասնակիցներուն` հայերէնով մտածելու, գրելու եւ արտայայտուելու իրենց փորձին ու ճիգին համար,

– Յաջորդական դատական կազմերուն` իրենց նուիրական եւ բծախնդիր աշխատանքին համար,

– Յաջորդական Ուսումնական խորհուրդներու գործավարներուն եւ անոնց գործակիցներուն, որոնց ուսերուն դրուեցան սեւ աշխատանքն ու հետապնդումները,

– Գիրքին պատրաստութեան մասնակցած Յովիկ Պէրթիզլեանին, Արշօ Պալեանին, էջադրող Գօգօ Հաւանճեանին ու Համազգայինի հրատարակչատան, որոնց միացեալ ջանքով կարելի եղաւ այս աշխատանքը իր բարւոք լրումին հասցնել:

Վեհ նպատակներու հաւատացող եւ անոնց համար իր կեանքը նուիրաբերած Մհեր Ջուլհաճեան, որուն անունը կը կրէ միջդպրոցական այս շարադրական մրցումը, կ՛ապրի, պէտք է ապրի ձեզմէ իւրաքանչիւրին էութեան մէջ, սիրելի՛ նոր ու հին մրցանակակիրներ, սիրելի՛ աշակերտներ, որովհետեւ Մհեր իր նահատակութեամբ փաստեց, որ ոչինչ աւելի կարեւոր է, քան` հաւաքական կեանքը, ազգը, հայրենիքը, ազգային արժէքներն ու սկզբունքները, մայրենի լեզուն ու մշակոյթը: Արդարեւ, սփիւռքի տարածքին անոնք են, որ ապրեցուցին եւ տակաւին կ՛ապրեցնեն մեզ` իբրեւ ազգ, արժէքներու տէր ազգ, Մհերի եւ արցախեան վերջին պատերազմի նահատակներուն նման հերոսներ ծնող ազգ, որուն կորուստները, հակառակ բազում եւ ծանր ըլլալնուն, ծունկի չեն բերեր զինք, որովհետեւ Մհերն ու մեր բիւրաւոր նահատակները կը պատգամեն` շարունակել իրենց բացած ուղին, կառչիլ հողին ու արժէքներուն, պայքարիլ` կրկին տիրանալու մեր բոլոր իրաւունքներուն:

Ուրեմն մնանք հաւատարիմ Մհերին ու մեր բոլոր նահատակներու պատգամին, որպէսզի անոնք շարունակեն ապրիլ մեր եւ մեր աշխատանքներուն ճամբով:

Երախտագիտութիւն ձեզի, փա՛ռք ու պատիւ Մհերին եւ մեր բոլոր նուիրեալ հերոսներուն:

—————–

* Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին անունով արտասանուած խօսք` «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութեան եւ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքի շնորհահանդէսին:

Comments are closed.