Նախագահ Ալիեւ Ինչպէ՞ս Դարձաւ Ատրպէյճանի Կաշառակեր Բռնապետը
Յարութ Սասունեան
Լրագրող Ֆին Տըփանսիըր Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ լոյս տեսնող «Փալատիում» եռամսեային մէջ բացայայտական ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է՝ «Իլհամ Ալիեւը եւ Ատրպէյճանի ստեղծումը» վերնագիրով։
Յօդուածը կը սկսի Իլհամ Ալիեւի մոսկովեան կեանքի առաջին տարիներէն, երբ հայրը՝ Հէյտար Ալիեւ, Խորհրդային Միութեան իշխող մարմինի՝ Քաղբիւրոյի անդամ էր։
Իլհամ Ալիեւ 16 տարեկանին «ընդունուած է Ռուսիոյ ամէնէն հեղինակաւոր համալսարանը՝ Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկը»՝ շնորհիւ հօրը ՔԿՊ-ական կապերուն։ Ան պատմական գիտութիւններու թեկնածու էր եւ 1985-1990 դասաւանդած է համալսարանի մէջ։ Տիրապետած է անգլերէն լեզուին եւ մասնագիտացած է բրիտանական պատմութեան մէջ:
1987ին, ԽՍՀՄ ղեկավար Միխայիլ Կորպաչով Հէյտար Ալիեւը հեռացուց Քաղբիւրոյէն։ Անոր որդին՝ Իլհամ, համալսարանի աշխատանքէն դուրս դրուեցաւ, երբ «Հէյտար քննադատեց Կորպաչովի կառավարութիւնը՝ Բաքուի մէջ ատրպէյճանցի բնակիչները սպաննելուն համար»։ Քանի որ Իլհամի անունը սեւ ցուցակի մէջ էր, ան չկրցաւ աշխատանք գտնել։ «Յայտնուեցաւ հագուստի առեւտուրի մէջ՝ գործարան մը գնելով Մոսկուայի ծայրամասը… Այնուհետեւ կարճ ժամանակով տեղափոխուեցաւ Սթամպուլ»:
1993ին, Հէյտար դարձաւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ եւ որդին յետս կոչեց Պաքու եւ զայն նշանակեց Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան՝ SOCAR-ի փոխ նախագահ։ Երբ Հէյտար վէճերու մէջ էր արեւմտեան նաւթային ընկերութիւններու հետ Կասպից ծովի նաւթի իրաւունքներուն շուրջ, ան խօսեցաւ նորընտիր նախագահ Պիլ Քլինթընիհետ, որ ստիպեց ընկերութիւններուն՝ ընդունիլ Ալիեւի պայմանները։ Իլհամ մեկնեցաւ Հիւսթըն եւ պայմանագիր ստորագրեց, որով SOCAR ստացաւ նաւթային նոր ընկերութեան 20 տոկոս բաժնեմասը, իսկ մնացածը բաժնուեցաւ British Petroleum-ի, Aramco-ի, ռուսական Lukoil-ի, Pennzoil-ի եւ միւսներուն միջեւ։
Հօրը մահէն ետք, Իլհամ՝ 2003ին, վիճայարոյց ընտրութիւններու շնորհիւ դարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ։ Ան իշխող խումբը մաքրեց հին պաշտօնեաներէն եւ բանտարկեց «գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատի հարիւրաւոր պաշտօնատար անձեր»։ Բանտարկեալներու շարքին էին «հարիւրաւոր լրագրողներ, գործիչներ եւ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին իշխանութեան այլ հակառակորդներ: 2015-ի դրութեամբ, Ատրպէյճան երկու անգամ աւելի շատ քաղաքական բանտարկեալ ունէր, քան Պելառուսիա եւ Ռուսիա միասնաբար»։ Այսուամենայնիւ, «Ալիեւ կ՛ակնկալէր, որ կաշառքին մեծ մասը կը հոսի իր եւ իր ընտանիքին միջոցով»։
1983ին, «Իլհամ ամուսնացաւ Մեհրիպան Փաշաեւայի հետ, որուն մեծ հայրը ատրպէյճանցի յայտնի գրող էր, որ արդէն հսկայական հարստութիւն կուտակած էր։ Ան ընդլայնեց Փաշաեւի արդէն առկայ մեծ կարողութիւնը՝ կառավարութեան մէջ ընտանիքի անդամներուն պաշտօններ տալով, զորս անոնք օգտագործած են իրենց անձնական շահերուն համար»։ Ահա մի քանի օրինակ. «Նարկիզ Փաշաեւան՝ Ալիեւի կնոջ քոյրը, Մոսկուայի պետական համալսարանի Պաքուի մասնաճիւղի տնօրէնն է։ Անոր աներհայրը՝ Արիֆ Փաշաեւ, կը ղեկավարէ ազգային օդանաւորդութեան ակադեմիան, Արիֆի եղբայրը՝ Հաֆիզ Փաշաեւ, Արտաքին գործերու փոխ նախարարն է եւ ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան եղած է աւելի քան 13 տարի, եւ այսպես շարունակ։ Փաշաեւները ներկայիս Ատրպէյճանի ամենահարուստ ընտանիքն են: Անոնց ընկերութեան՝ PASHA Holdings-ի կը պատկանի» Ատրպէյճանի տասը խոշորագոյն դրամատուներէն եօթն, զբօսաշրջութեան եւ ապահովագրութեան ընկերութիւններու շահաբաժիններուն հետ միասին»։ 2017ին, նախագահ Ալիեւ իր կինը նշանակեց Ատրպէյճանի փոխ նախագահ՝ իբրեւ իր իրաւայաջորդը։
Ալիեւ յաջողած է լռեցնել իր օտարերկրեայ քննադատները՝ «ահաբեկման եւ կաշառքի միջոցով»: Ատրպէյճանի մէջ կը գործէ հաստատութիւններու ցանց մը, որուն նպատակն է գումարներ բաշխել Արեւմուտքի մէջ եւ ապահովել լրատուական միջոցներու դրական լուսաբանումը, դաշնակիցներ՝ գործարարային աշխարհի մէջ եւ պաշտպաններ՝ քաղաքականութեան մէջ: Ցանցը ամէնէն աշխուժն է Եւրոպայի մէջ. 2012ին, Եւրոպական կայուն զարգացման նախաձեռնութիւնը օգտագործած է «խաւիարային դիւանագիտութիւն» եզրոյթը՝ նկարագրելու համար Ատրպէյճանի սովորութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան քաղաքական գործիչները կաշառելու առումով: Ատրպէյճանի մէջ պետական առեւտուրով զբաղիլը յարմարաւէտ է։ Վարչակարգը շռայլօրէն կը ծախսէ պանդոկային սենեակներու եւ եւ իր հիւրերուն ճաշերուն վրայ: Մտերիմ լրագրողներուն կ՛առաջարկուի մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ եւ ընտրուած այլ վայրեր: 2017ին, Ալիեւ որոշած է անվճար բնակարաններ յատկացնել 255 ատրպէյճանցի հաւատարիմ լրագրողներու՝ վարչակարգին ծառայութեան համար»։
2017ին, Համաշխարհային հակակաշառակերութիւն խմբակցութիւնը «բացայայտեց դաւադիր ծրագիր մը, որով Ատրպէյճանի կառավարութիւնը 2.9 միլիառ տոլար լուացած է Մեծ Բրիտանիոյ չորս կեղծ ընկերութիւններուն միջոցով…: Համաձայն «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի»՝ միւս ստացողներու շարքին էին «առնուազն երեք եւրոպացի քաղաքական գործիչներ, լրագրող մը, որ կը գրէր վարչակարգի համար բարեհաճ պատմութիւններ, եւ գործարարներ, որոնք կը գովաբանէին կառավարութիւնը…: Որոշ պարագաներուն այս նշանաւոր անձերը կրցան զօրաշարժի ենթարկել միջազգային կարեւոր կազմակերպութիւնները, ինչպէս ԻՒՆԵՍՔՕ-ն եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը, որպէսզի (հանրային կապերու) յաղթանակներ ապահովեն վարչակարգի համար»: Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւնը ծրագիրը որակեց իբրեւ «Եւրոպական խորհրդի պատմութեան մէջ կաղառակերութեան մեծագոյն գայթակղութիւնը»:
Լրագրող Տիփենսիըր հաղորդած է, որ British Petroleum-ը «պայմանագիր շահած է Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարի շահագործման համար: Բրիտանական հանքային արդիւնաբերական հսկան՝ Anglo American PLC-ը, մեծ ներդրումներ ունի Ատրպէյճանի մէջ եւ մեծագումար շահեր ապահոված է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի յաղթանակէն, քանի որ հայերէն խլուած են հանքային արդիւնաբերական վայրեր…: 2021ին պարզուեցաւ, որ Ալիեւն ու իր ընտանիքն անշարժ գոյքի գաղտնի հաւաքածոյ ունեցած են Լոնտոնի մէջ՝ ապշեցուցիչ 694 միլիոն տոլար արժողութեամբ»։ Բրիտանացի քաղաքական գործիչներ եւս ներգրաւուած եղած են։ «Բրիտանացի պատգամաւոր Պոպ Պլեքմէն 2011էն ի վեր տասնեակ հազարաւոր փաունտ արժողութեամբ եօթը անվճար ուղեւորութիւն կատարած է դէպի Ատրպէյճան»։
Ատրպէյճան նաեւ սերտ յարաբերութիւններ զարգացուցած է Իսրայէլի հետ։ «2012ի Wikileaks-ի զեկոյցը ցոյց տուաւ, որ Իսրայէլ գաղտնի հիմքեր ունի Ատրպէյճանի հարաւը՝ Իրանի սահմանին մօտ: Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապերու ամրապնդումը կը խրախուսուէր ԱՄՆ-ի կողմէ»։ Ամերիկացի պաշտօնեաները կ՛ենթադրէին, որ «ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցուող Իսրայէլ-Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան առանցքը հակակշիռը կ՛ըլլայ Սուրիա-Իրան-Հայաստան-Ռուսիա առանցքին: Իսրայէլ Ատրպէյճանին կը մատակարարէ ներմուծուող սպառազինութեան 69 տոկոսը, իսկ Ատրպէյճան Իսրայէլին կը մատակարարէ անոր ուժանիւթային կարիքներուն 40 տոկոսը»:
Տըփանսիըր եզրակացուցած է. «Ալիեւ կը կառավարէ տէ-ֆաքթօ միապետի պէս, որ ունի անառարկելի իշխանութիւն: Ան «չի վախնար, որ զինք կ՛անուանեն կաշառակեր, բռնակալ կամ չարակամ»։
Հակառակ Հայաստանի հետ ռազմական դաշինքին, Ռուսիա չպաշտպանեց Հայաստանը Ատրպէյճանի կրկնուող յարձակումներէն։ Միեւնոյն ատեն, Արեւմուտքը, գայթակղուած Ատրպէյճանի նաւթ ու կազով, խուլ մնաց Հայաստանի դժբախտ վիճակին ի լուր։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան