Յ. Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներն ու զանոնք կարելի եղածին չափ արագ լուծելու կարեւորութիւնը:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ հակառակ որոշ դիտողութիւններու, պէտք է առիթ տալ նորակազմ կառավարութեան եւ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապին, տնտեսական ու ընկերային իրավիճակին լուծումներ գտնելու:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ պետութենէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով ազգային միաձուլման մէջ լիբանանցի երիտասարդութեան դերակատարութեան ուժեղացումը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.