Յունահայ մարզիկ Արա Ճանիկեան Ju-Jitsuի համաշխարհային մրցաշարքի ոսկեայ շքանշանին արժանացաւ

Ուր­բաթ՝ 24 ­Նո­յեմ­բեր 2017ին, ­Քո­լոմ­պիոյ ­Պո­կո­թա քա­ղա­քին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան Ju-Jitsuի հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­շար­քի մրցում­նե­րը, ո­րոնց ա­ւար­տին յու­նա­հայ մար­զիկ Ա­րա ­Ճա­նի­կեան բարձ­րա­ցաւ ա­մէ­նէն բարձր հար­թա­կին վրայ՝ գրա­ւե­լով ոս­կի շքան­շա­նը։

Մր­ցա­շար­քի ըն­թաց­քին՝ ե­րէց­նե­րու 56 քի­լոկ­րա­մէն նո­ւազ կշիռ­քով խում­բին մաս­նակ­ցե­լով, Ա­րա յաղ­թեց Իս­րա­յէ­լի եւ ­Քո­լոմ­պիոյ մար­զիկ­նե­րուն եւ հա­սաւ ա­ւար­տա­կան մրցու­մին, ո­րու ըն­թաց­քին յաղ­թեց ­Ղա­զախս­տա­նի մար­զի­կին։

Ա­միս­նե­րու եր­կար մար­զում­նե­րու ու խիստ ճա­շա­ցու­ցա­կի հե­տե­ւե­լով՝ Ա­րա ­Ճան­կեան հա­սաւ ­Պո­կո­թա, ուր քա­ղա­քի կլի­մա­յա­կան տար­բեր ու դժո­ւար պայ­ման­նե­րու տակ գտնո­ւե­լով հան­դերձ՝ մրցե­ցաւ, յաղ­թեց եւ Ju-Jitsu մար­զա­ձե­ւին ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին ոս­կի շքան­շա­նը ա­պա­հո­վեց։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.