ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ կամ ՎԱՐԺԵՑՈՒՄ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ
- (0)

(Սփիւռքեան մտածողութիւն մը)
ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․
ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ…
Տեսանք, որ Քիւրքճեան Որբաշխարհի գիրին (ոչ-ամբողջական, նոյնիսկ՝ շատ մասնակի, որովհետեւ այլապէս պէտք է հատոր մը լեցնէր, գրած է – անկասկած՝ նուազագոյնը) եւ Ֆրանսահայ Գրականութեան երեւելի դէմքերու գրական վաստակին համառօտ ընթերցումներով՝ «գաղափարաբանութիւններ» վերլուծած է, նպատակ ունենալով անոնց ախտաբանական կառոյցները կամ հոգեկազմերը սեւեռել, եւ անոնց մահահոտ գաղափարներէն դուրս գալու կամ ելքի ստիպողականութիւնը շեշտել՝ վասն նորոգումի։
Գրած էի, թէ «Սփիւռք Եւ Ինքնացում» հատորին մէջ զետեղեալ իր «Շողանկարումներ / Սփիւռքի Առաջին Սերունդէն» յօդուածաշարքին առաջին բխումը՝ վերնագրուած էր «Գաղափարաբանութիւնները՝ / Սփիւռքահայ Գրականութեան Մէջ»։ Առաջին բխման Ներածականին մէջ, յատկացուցած է ենթաբաժին մը (Ի՞նչ Հասկնալ Հոս՝ «Գաղափարաբանութիւն» Եզրով. Եւ Ի՞նչ՝ «Գրականութեան Գաղափարաբանութիւններ» Եզրով)։ Սոյն ենթաբաժինը զեղչած է «Սփիւռք Եւ Ինքնացում»ի վերատեսեալ յօդուածաշարքին մէջ, գուցէ՝ զայն անգոհացուցիչ համարելով, թէ՛ բովանդակութեան առումով, եւ թէ՝ բանաձեւման։ Այսուհանդերձ, մեկնիչս Քիւրքճեանի բաց-ա-կայութենէն ներողամտութիւն խնդրելով, զայն կ’օգտագործէ՝ որոշ յստակութիւն մը բերելու իր «գաղափարաբանութիւն» եզրին։
Արդ, ըսած է, թէ «անշահ բան է» սահմանել «գաղափարաբանութիւն»ը, նկատի ունենալով՝ որ «հարիւրաւոր հատորներ կարելի է գտնել, որեւէ զարգացած մշակոյթի լեզուով, որեւէ մեծ մատենադարանի մէջ», որոնք այդ ճիգը ըրած են, եւ տուած եզրին «ընդհանրութիւններուն շուրջ» իրենց տեսակէտները։ Նաեւ եզրը սահմանելու փորձ չէ կատարած, որովհետեւ չէ ուզած «այդքան փառասէր ըլլալ»։ Բաւարարուած է՝ պարզագոյն բացատրութեամբ մը, թէ «գաղափարաբանութիւնը ներյայտ կամ բացայայտ համակարգ մըն է գաղափարներու», որ աւելի կազմակերպ է քան դրացի «աշխարհայեացք» եզրը։ Ըստ իրեն, թէ՛ աշխարհայեացքը եւ թէ՝ գաղափարաբանութիւնը «մարդկային տուեալ իրավիճակի մը առնչուող հոգե-մտաւոր արտադրութիւն» են։ Ակնարկած է, թէ ոմանք կը հակին զանոնք հասկնալ իբր իրավիճակէն կամ կեանքի իրական պայմաններէն բխող երեւոյթներ, այլք՝ հակադրուելով «նիւթապաշտ այս մօտեցումին», կը հակին զանոնք հասկնալ «ոգեպաշտ մօտեցում»ով, ըստ որուն՝ «գաղափարական-հոգեկան իրականութիւնն է, որ կենցաղի եւ նիւթեղէն կեանքի ծնունդ կու տայ»։ Այս ակնարկութիւնն ալ շատ արագ ձգած է, ըսելով՝ թէ իր Ներածականը տեղը չէ «այս կեցուածքները, կամ՝ իրենց երանգեալ տարբերակները աչքէ անցընելու»։
Մինչեւ այստեղ իր ըսածներուն մէջ, կէտը որ պէտք է ի մտի ունենալ՝ այն է, թէ գաղափարաբանութիւն մը համակարգ է, որ կրնայ ներյայտ կամ բացայայտ ըլլալ, եւ թէ՝ անիկա հոգե-մտաւոր արտադրութիւն է։

Համաձայն իրեն, գրականութիւնն է ներյայտ գաղափարաբանութեան տարածքը։ Գրականութեան պարագային, բացայայտ գաղափարաբանական ըլլալը՝ դադարումն է ստեղծագործութեան արուեստի բնոյթին։ Գրական արուեստը, ինչպէս որեւէ արուեստ, ներյայտօրէն գաղափարաբանական միայն կրնայ ըլլալ։ Եւ գրականութեան գաղափարաբանական համակարգը՝ յաճախ «անգիտակից» կ’ըլլայ։ «Անգիտակից» եւ համակա՞րգ. ինծի համար քիչ մը շատ իրարու օտար կը հնչեն։ Բայց քանի իրարու առնչուած են իր գրիչին տակ, «անգիտակից»ը չեմ հասկնար այնպէս, թէ հեղինակները չեն տեսներ իրենց գաղափարները, այլ զանոնք կը կազմակերպեն՝ առանց դրութենաւոր կարգաւորութեան մը ձգտելու, եւ լոկ հոգեխառնութեան մը եւ մտայնութեան մը մարմինը կազմելու, անոնց մարմին մը տալու։
Բացայայտ գաղափարաբանութեան տարածքը՝ «առհասարակ» քաղաքական կազմակերպութիւններէն «սեւով ճերմակի վրայ խմբագրուած»ն է (վստահաբար՝ ոչ միայն…), որ կարգ մը կազմակերպութիւններու մօտ «իբր դիմակ» կը ծառայէ եւ «շահեր» կը ծածկէ. այս տեսակները՝ չակերտելի են, այսինքն՝ կեղծիքներ են։ Ուրեմն, ըստ Քիւրքճեանի, կան քաղաքական թէ՛ գաղափարաբանութիւններ, եւ թէ՝ կեղծ-գաղափարաբանութիւններ։ Յիշեմ, որ Քիւքճեան ՀՅԴ-ի մտաւորական մըն էր, այլեւ՝ խմբագիրը երկու հատորի (նախատեսած էր երրորդ հատոր մըն ալ, որ նուիրուած պիտի ըլլար ՀՅԴ-ի ռազմավարութեան, որուն ճակատագիրը՝ չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ եղած է…), որոնց ընդհանուր տիտղոսն է՝ «Գաղափարագրութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան». Ա. հատորը ունի «Գաղափարաբանութիւն» անունը, իսկ Բ. հատորը՝ «Կազմակերպութիւն»։ «Բացայայտ» գաղափարաբանութեան չակերտելի տեսակին ակնարկեցի։ Անչակերտը ինչպէ՞ս տեսած է. 1) Որպէս «մտածում» մը «զանազան հարցերու եւ երեւոյթներու շուրջ». կազմակերպական կառոյց, գաղափարա-բարոյական թէ հոգեբանական ու ընկերաբանական սկզբունքներ, պատմական «ձեւաւորումներ»ուն՝ «ներկայ-գործնական թէ հեռանկարային խնդիրներ։ 2) Գաղափարներու համակարգ, որ «քննարկումներու վերանորոգ թափ»ի ենթակայ ըլլալու է։ Քննարկում-այժմէականացումը յատուկ ըլլալու չէ ներկայի մը մարտահրաւէրին, այլ միշտ կատարելի։ 3) Քննարկում-այժէականացում՝ որ սակայն իր «հիմնական աւանդ»ին կամ «անփոփոխելի»ին յանձնառու կ’ըլլայ (այս կէտին համար իր բացատրութիւնը նախընտրած է «աւանդական» մնալ, եւ ՀՅԴ-ի «հիմնական աւանդ»ը նկատի ունենալով՝ զայն պարզած է իբր կազմակերպական ապակեդրոնացում՝ գաղափարա-բարոյական կեդրոնացման մէջ»։
Յօդուածիս ընթերցողը թող չնեղուի, որ «բացայայտ» գաղափարաբանութիւնը լուսաբանելու ճիգիս մէջ յամեցայ քիչ մը, հարկադրաբար քալելով մտաւորականին քայլերով, որ սակայն անօգուտ ալ չէ։ Եւ հիմա կը դառնամ իր առաջադրութեան գիծին։
Իր ընթերցած էջերը, յետ-Եղեռնեան գրական կամ ներյայտ գաղափարաբանութիւնը տեսած են ընկղմած անցելապաշտութան, փախուստի, կեղծ-վիպականութեան, անհատի երկփեղկուածութեան, այլամերժութեան, ներկայի անտեսումին մէջ։ (Կը փութամ այստեղ աւելցնելու ընդվզումս այն կարծիքին, որ վերջերս բարձրաձայնուեցաւ, թէ այս տեսակի դիտարկումներ՝ Հայաստանի անկայուն իշխանաւորին խաբեբայութիւններուն հետ կը նոյնանան։ Քիւրքճեան պատեհապաշտ մը չէր, այլ՝ պարկեշտ ու անշահախնդիր մտաւորական մը, նախանձախնդիր իր ժառանգութեան։ Եւ հայակերտումի իր տեսլականը՝ անխառն էր, զերծ՝ ուրացումի որեւէ ստուերէ…)։ Անշուշտ, արդար պիտի չըլլար պնդել, թէ Ֆրանսահայ Գրականութիւնը այսպէս եղաւ ամբողջութեամբ։ Շահան Շահնուր յստակօրէն անցք մը կրցած էր բանալ, կամ՝ «համբարձում» մը արարե. Զարեհ Որբունի՝ բարձրացած էր «եւ եղեւ մարդ»ի հասունութեան. իսկ Նիկողոս Սարաֆեան՝ «հրաշալիօրէն զանցած» Գլխագիր Մահուան ստորոգութիւնները։
Սփիւռքի այս վաւերական բանաստեղծին գաղափարաբանութեան յատկանիշները. մտածումով գաղափարներու վերատեսութիւն. զանցում ընթացիկ իրապաշտութեան, սեւեռում ո՛չ թէ մտահերձեալ եւ մարմնահերձեալ գոյութեան, այլ՝ գոյաստեղծ լինելութեան, ուր միտքն ու մարմինը կ’ըլլան ամբողջապէս իրենց այժմէութիւնը. եւ դիմում դէպի ինքնացման նոր հեռանկարներ։ Ահաւասիկ Սփիւռքին գաղափարաբանական նորոգիչ սկզբունքներ։
Քիւրքճեանի տեսութեամբ, Սփիւռքը իր ներյայտ (նաեւ՝ իր բացայայտ) գաղափարաբանութիւններով չի կրնար իր լինելութիւնը արարել՝ եթէ մնայ քարացումի մէջ։ Որեւէ գաղափարաբանութիւն որ աւանդութեան մէջ կը քարանայ՝ այլամերժութեան եւ ձուլման գետին է։ Նաեւ որեւէ գաղափարաբանութիւն որ դէպի տարբերութիւն կը տարուի, այսինքն՝ զայն ընդունողները կրաւորական բարքով չեն անձնականացնէր աւանդութիւնը, ներկան եւ դուրսը՝ յանձնուած կ’ըլլան ձուլման…։ Անձնականացումը՝ գիտակցականացումն է աւանդութեան, ներկային եւ դուրսին, անոնց համարկումը՝ անհատական ինքնութեան։
Թէ նման իրագործումի մը պարագային՝ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ կապը անհատական ինքնութեան եւ հաւաքական ինքնութեան, կամ թէ՝ ինչպէ՞ս անոնք իրարու կը կապուին։ Ինք ուղղակիօրէն չէ բանաձեւած իր տեսակէտը, սակայն իր մտածումներուն մէջէն կարելի է ենթադրել զայն. ըստ որուն՝ անհատական ինքնութիւնը նման իրագործումի մը պարագային է, որ հասու կ’ըլլայ ընդգրկելու հաւաքականը՝ շնորհիւ ընդհանրացեալ գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն, որոնք տարբերակեալ կամ տարբեր ինքնութեան մը կը ձգտին։
(Շարունակելի 7)