ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ կամ ՎԱՐԺԵՑՈՒՄ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ
- (0)

(Սփիւռքեան մտածողութիւն մը)
ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․
Ինքնութիւն…
2) ա.- Քիւրքճեան իր «Շողանկարումներ / Սփիւռքի Առաջին Սերունդէն» (հատոր՝ «Սփիւռք Եւ Ինքնացում») վերլուծումի մեկնակէտին, նախքան «որբանոցային շրջանին էջերուն իր ընթերցումը, քանի մը էջեր յատկացուցած է Համաստեղի։ Եւ կատարած սա հաստատումը, թէ անոր գրականութիւնը «ներկայի եւ առհասարակ ժամանակի տիրապետութի՛ւն է. գրողական արարքը իրեն համար ջղագարային անգիտակցութենէն անդին՝ սեփական արարքի, սեփական Վայրի ու սեփական օրէնքի խոր ու պայծառ գիտակցութիւն ու գիտակից ինքնասահմանում է։ Կեանքին առջեւ ու մահուան առջեւ ինքնաշեշտում է»։ Ասոր, ուրեմն, հետեւած է որբաշխարհի «օրրան»ին (Սուրիա, Լիբանան) մէջ՝ որբանոցային լեզուազրկումի իր քննութիւնը։ Յետ այնու, անցած է Փարիզի տղոցմէ ոմանց հոգեկազմին քննութեան։ Թէ ինչո՞ւ։ Որովհետեւ զանոնք ճանչցած է նախ սփիւռքահայութեան «իրական եւ մտաւոր զոյգ աշխարհներու հանդիպում»ին դէմքեր, ապա նաեւ՝ որպէս հեղինակներ, որոնք ազդեցութիւն գործեցին սփիւռքահայ գիտակցութեան վրայ, թէ՛ ժխտական, եւ թէ՝ դրական առումներով։
Յետ Համաստեղին, ուրեմն, ընթերցած է նախ «որբանոցային շրջանի» էջեր։
Սփիւռքի սկզբնաւորութեան, ցրուեալ հայութեան «կարեւոր մաս»ը բաղկացած էր որբերէ եւ այրիներէ, ինչպէս նշուեցաւ։ Որբաշխարհի գիր մը, որ չէր յաւակներ գրականութիւն ըլլալ (թէեւ ոմանց մօտ կար այն յաւակնութիւնը), իր փորձառութիւնը կը դնէր պարբերականներու մէջ։ Այն փորձառութիւնը կը պատմէր հոգեկազմ մը։
Տեսած է, թէ 1925-ի որբերը լռած են «հիմնական դէպք»ին՝ Եղեռնի խոցին եւ իրենց կրած «ահաւոր ցնցում»ին մասին։ Ենթադրած է, թէ թեթեւօրէն զգալի «գրաքննութիւն» մը՝ «ուղեղալուացքի ձեւին տակ» ճնշած է անոնց արտայայտութիւններուն վրայ, եւ արգիլած «լեզուի մակարդակին հասցնելու՝ հիմնական, մահաշուք ու մահացու» իրենց փորձառութեան «բառի վերածումը»։ Գրաքննութեան իր ենթադրութեամբ՝ ո՛չ թէ բառին ծանօթ կիրարկումը հասկցած է, այլ միսիոնարական «երկարաշունչ դաստիարակութեան» ազդեցութիւնը։ Այն դաստիարակութիւնը խեղդած է զոհերուն «սարսափի ճիչը» եւ բողոքը։ Խեղդումը՝ համրացուցած է զիրենք, ենթարկած մտաւոր մահուան։ Այսպէս՝ անոնցմէ խլուած է զիրենք «կեանքին կապող հիմնական իմաստը», որ է իրենց անիրաւուածութեան իրողութիւնը, պիտի աւելցնէի՝ այն իրողութեան ճանաչումը եւ բարբառումը։ Հետեւա՞նքը։ Պարապ մը։ Եւ ձգտումը այն պարապը լեցնելու «կեղծ, անվաւեր, գաղափարաբանական տուեալներ»ով։

Առաջին տուեալը որ սեւեռած է՝ անոնց ձգտումն է երկնային գութ աղերսելու իրենց վիճակին համար։ Գութ՝ որովհետեւ դժբախտ են, տկար, անմեղուկ, խեղճ, անգիտակից, անմեղ, հրեշտակային, միամիտ, հրեշտակատիպ, առանձին, անտէր, անպաշտպան եւայլն։ Որակականներ՝ որոնք «ահաւոր կրաւորականութիւն» մը կը պատմեն։
Երկրորդ տուեալը՝ «երախտագիտութեան բեռին տակ» ինքնաջախջախումի պէտքը։ Բոլոր որբերը՝ արեւմտեան նպաստամատոյց միսիոնարները պիտի համարէին «ճշմարիտ ծնողներ»։ Մինչ անոնք՝ «իրաւազրկուած ժողովուրդի մը մնացորդացը» ուղեղալուացումի պիտի ենթարկէին՝ Ս. Գրային «Ոսկեղէն համար»ներ սորվեցնելով, խեղճերուն օգնութեան դասեր տալով, եւ թերեւս առանց դիտաւորութեան՝ զայն պիտի դաստիարակէին «կասկածելիօրէն աշխարհաքաղաքացիական ոգիով», որ անոր մէջ կը խեղդէր «մահուան աչքերուն նայելու նուազագոյն կարողութիւնը, եւ գրական-մշակութային արտադրութեան թէ կեանքի մէջ, կարելիութիւնը՝ օր մը զանցելու այդ մահը»։ Քիւրքճեան ինքնաջախջախումի պէտքին առնչած է մնացորդացին ներկայէն փախուստը՝ «կեղծ-վիպական բնութենապաշտութեան մը ուղղութեամբ», կամ՝ նախա-Եղեռնեան անցեալի իտէալականացումին։ Այս «կեղծ-վիպական»ութիւնը՝ գաղափարաբանական կեղծիք մըն էր։ Որբանոցային սերունդը «այնքան քիչ» սորված էր «իր պարապը, իր մահը խօսքի վերածել(ու)։ Այն սերունդը պիտի ըլլար լեզուազրկուած, որ «անհետեւանք» պիտի չանցնէր…։
Որբանոցային սերունդին «գաղափարաբանութիւն»ը՝ Սփիւռքի ծագման «օրրան»ին գաղափարներու աշխարհն էր։
Փարիզի տղոցմէ առաջին դէմքը, որ քննած է, Վազգէն Շուշանեանն է։ Ասոր յատկացուցած իր էջերուն վերնագիրն է. «Վազգէն Շուշանեան Կամ Ծայրագոյն Պառակտումը»։ Քիւրքճեան յետ գրութեամբ մը՝ ընդունելով հանդերձ հրապարակագիր-գաղափարախօս Շուշանեանի դրական յատկութիւնները, զայն հոգեբանութեան «հարկատու» չէ համարած, որովհետեւ հրապարակագրութիւն-գաղափարախօսութիւնը կը զանցեն «հոգեբանական դաշտը գրողին», եւ կ’ըլլան «անդր-հոգեբանական դաշտի մը մէջ»։ Մինչդեռ գրականութեան Շուշանեանը մնացած է ենթակայ իր «հոգեբանական սարք»ին։
Որպէս հոգեբանութիւն՝ ան «էապէս պառակտուած մարդն է, բնախօսական-յուզական իմաստով՝ խախուտ հաւասարակշռութեան վրայ կառուցուած հոգեկազմ։ Հոգեկազմ՝ որ բացայայտ տրամադրութիւններ ցոյց կու տայ երկճղելու, երկհերձուելու»։ Ան հայապահպան բարոյականէն կ’անցնի սեռահար ախտաւորի դիրքին։ Սեռային բնազդէն օտարումը՝ շեշտուած է Շուշանեանի մօտ։ Ուրիշին (ոչ միայն օտարին, այլեւ՝ որեւէ անհատի) հանդէպ բնականոն կեցուածք որդեգրելու անատակութիւն մըն ալ իրն է եղած։ Շուշանեան մնացած է անկարողութեան մէջ նոր կեանք մը ստեղծելու։
Քիւրքճեան անդրադարձած է անոր գրականութեան «մօտա» դառնալուն՝ 50-ական եւ 60-ական թուականներու միջին-արեւելեան սերունդին համար։ Եւ այս երեւոյթին համար պատասխանատու ցոյց տուած էր ոչ թէ Շուշանեանը, այլ «գրոց-բրոց տղաքը»։ Այս վերջինները, գրողին էջերուն մէջ իրենց հոգեկանին պատկերը գտած էին։
Ըստ իրեն, Շուշանեանի պարագան՝ «ծայրագոյն շեշտումն է» Շաւարշ Նարդունի, Շահան Շահնուր, Հրաչ Զարդարեան, եւ «նուազ չափով մը»՝ Զարեհ Որբունի «գաղափարաբանական» պարագաներուն։
Երկրորդ դէմքը՝ Շաւարշ Նարդունին է։ Ասոր մասին գրութիւնը՝ Քիւրքճեան խորագրած է «Շ․ Նարդունի՝ Բացարձակ Մերժումը Ներկային»։
Մինչ գաղափարախօս հրապարակագիր Շուշանեանը «պայծառ ներկայութիւն» բնորոշած է, Նարդունի հրապարակագրին մասին իր կարծիքը այնքան ալ դրական չէ։
Անցնելով Նարդունիի գրական էջերուն, գրած է, թէ անոնց մէջէն «կարմիր թելի պէս» կ’անցնի գիծը ներկային բացարձակ մերժման, նաեւ կարելի է աւելցնել՝ տարաշխարհին կամ Սփիւռքին մերժման։ Ան ընկղմած է նախա-Եղեռնեան «դրախտի հեշտանքներուն մէջ»։ Նարդունի չէ կրցած զանցել այս հոգեբանութիւնը։ Եւ դարձած է «ակնառու դէմքը» արեւմտեան Սփիւռքի որբաշխարհին, «ոգին ու մղիչը Չափահաս Որբերու շարժումին»։ Իր ցաւը՝ «Գլխագիր Որբութեան ցաւ»ն է։ Որմէ այն բոլոր արտայայտութիւնները՝ որոնք ախտանշաններ են սեռային զրկախտի, եւ զգացական ու մտաւոր հաշմումներու։ Ներառեալ վախը՝ օտարին, ուրիշին, տարբերին։ Բայց անոր վախը՝ միայն «ազգային» իմաստով օտարին, ուրիշին, տարբերին վախը չէ. նաեւ վախն է ներկային ու վայրին մէջ սեփական ժառանգութիւնը եւ ինքնութիւնը ստանձնելու։
Նարդեան աշխարհը եւս մշակութային-հոգեբանական «պատուաստումով» մը՝ անցած է յաջորդ սերունդին։ Իր օրինակը՝ ամբողջ սերունդի մը ողբերգութեան օրինակն է։ Այն նոյն սերունդին՝ որ հմայուած էր Շուշանեանի գրական էջերով։
Երրորդ դէմքը՝ Շահան Շահնուրն է։ Յօդուածին տիտղոսը՝ «Շահան Շահնուր»։
Քիւրքճեան Շահնուրի գործը հակադրաբար Շուշանեանի եւ Նարդունիի գործերուն՝ արժանի գտած է «բանական խօսք» բնորոշելու։ Խօսք՝ որ կազմակերպ է ու յստակ․ որ արտաքին աշխարհին հետ «մնայուն ու հաւասարակշիռ յարաբերութիւն կը մշակէ»։ Անկէ կ’օգտագործէ «բազմաթիւ տարրեր», ժամանակի բոլոր հարցերուն հանդէպ իր կեցուածքը կ’արտայայտէ, այլ խօսքով՝ իր աշխարհը «ներկայութիւն» մըն է, եւ ոչ՝ բացակայութիւն. ան ներկայ է իր ժամանակին գիտակցութեամբ եւ ստանձնումով։ Անոր խօսքը՝ «մինչեւ բաւական հեռուները կը պահէ պայծառատեսութիւն, ինքնագիտակցութիւն»։
Այսքան դրականութեամբ հանդերձ՝ ան չի կրնար Օտարին եւ Սփիւռքի օտարութեան հետ «բնականոն յարաբերութիւն մը» ապահովել։ Եւ ասիկա կու գայ ազգայինի իր ընկալումէն։ Ազգայինը մահուան ստուերին բնակիչն է։ Եւ քանի իր իսկութիւնը ազգային է, ապա մահուան ցանկութիւնը կը տիրէ իր մթնոլորտին վրայ։ Այսուհանդերձ, ան հրաշքի մը ցանկութենէն չէ հրաժարած. համբարձման հրաշքի մը ցանկութենէն։ Ուստի՝ այն հրաշքին յոյս մը կը սնուցանէ։ Ֆրանսագիր Շահնուրը՝ Արմէն Լիւպէն մահուան ստուերէն դուրս գալու փորձ մըն է։ Թէեւ այն փորձը մահուան ստուերին մէջ, սակայն պիտի յաջողէր զինք մօտեցնել «անյուսօրէն անմատչելի» ազատութեան։ Ու ինք պիտի ըլլար որպէս ազատ եւ անազատ, մինչեւ հասնիլը «Ազատն Կոմիտաս»ի «գմբէթաքար»ին։ Կոմիտաս վարդապետն է ազատութեան եւ ազատութիւնն իսկ է։ Վախճանը ամլութեան եւ կրաւորականութեան։ Ստեղծագործ անհատը կրնայ առանց օտարումի շարժիլ «հանճարայատուկ հեշտութեամբ»։ Ահա անհատական եւ միաժամանակ հաւաքական համբարձման գիւտը։ Շահնուրի այս եզրայանգումը, ըստ իս, զինք կը մօտեցնէ որբունիական եւ սարաֆեանական դրականութեան։
Չորրորդ դէմքը՝ Հրաչ Զարդարեանն է։ «Պահ մը», արագ պահ մը միայն յամեցած է այս գրողին վրայ։ Յամեցումին վերնագիրը՝ «Հ. Զարդարեան» է։ Անոր մասին եզրակացուցած է․ «Մռայլ, յուսալքիչ, հեղձուցիչ ոլորտ է Հ. Զարդարեանի աշխարհը, իր կերպարներուն աշխարհը…»։
Հինգրորդ դէմքը՝ Զարեհ Որբունին է։ Որբունիին նուիրած է երեք յօդուածներ. «Զ. Որբունի՝ Լինելութեան Փորձ Մը», «Որբունի Եւ Սաղմնաբանութիւն» եւ «Որբունի _ Մարդուն Եղելոյթը»։ Այս գրողով՝ Սփիւռքահայ գրականութիւնը կը թեւակոխէ «բառին զօրաւոր իմաստով՝ սփիւռքեան տարիքին»։ Անոր գրականութիւնը «գոյութենական իմաստով ստեղծագործ բնոյթ ունի»։ Անոր գոյաստեղծական եզրը՝ իր գործը կը վերածէ «սփիւռքեան մարդու կերտումի սպասին դրուած հսկայ տարրալուծարան մը»։ Որբունի յանձնառու է թէ՛ մարդկային որակի մը ստեղծման, եւ թէ՝ հայկական նոր ինքնութեան մը ստեղծման։ Իր յանձնառութիւնը՝ միայն «այս կամ այն գաղափարին կամ գաղափարաբանութեան հանդէպ դրական, կրկնողաբար ջատագովական կեցուածք» չէ, այլ գոյաստեղծական կեցուածք է, որ կեանք կը ստեղծէ։ Որբունիով կը յայտնուի «Սփիւռքի նախամարդուն ինքնաստեղծման ճիգին կորագիծ»։
Վեցերորդ դէմքը՝ Նիկողոս Սարաֆեանն է, անտեսուած, բայց սփիւռքեան «վաւերական» քերթողը։ Սարաֆեանի մասին Քիւրքճեան վեց յօդուածներ գրած է. «Նոր Անջրպետներու Ճամբորդը՝ Ն․ Սարաֆեան», «Նոր Անջրպետներու Արուեստը՝ Զգայութիւն Եւ Փոխաբերութիւն», «Ազգային Ինքնութեան Ծագումը՝ Տարաշխարհի Հորիզոնին. Ն. Սարաֆեան ՏԱՍՆՉՈՐՍի Ընդմէջէն», «Տեղատուութիւնը՝ Ինքնացման Գործօն Ընթածիրի Գագաթնակէտին», «ՄԻՋՆԱԲԵՐԴ Ժողովածուն» եւ «ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆ»։
Քիւրքճեանի համար՝ Սարաֆեան «ստեղծագործ հայեցիութեան մը թելադրանքը» կը բերէ։ Այս «թելադրանք»ը՝ փոխան պատգամի, որ «գաղափարաբանական» է, եւ մեր մօտ «հայապահպանման ամլութիւն»ը եւ «սնանկութիւն»ը կը յուշէ։ Սարաֆեանի գրականութիւնը Տարաշխարհը ունի «իբր իրական, դրական ներկայութիւն»ի ժամանակ ու վայր։ Գրողը չի մերժեր մեր պատմա-մշակութային անցեալը կամ անցեալի Աւանդը, այլ զայն կ’ընդունի իբր «բաղկացուցիչ էատարր» վասն նոր ինքնութեան։ Պատմա-մշակութային անցեալը կամ Աւանդը սակայն՝ չեն կրնար ըլլալ յենակէտ․ յենակէտը՝ անմիջական տարաշխարհն է, տուեալը տարաշխարհին։
Սարաֆեանի հոգե-լեզուական ճամբորդութիւնը՝ «գոյաստեղծման ձեռնարկութիւն» է։ Ան մահուան գիտակցութիւնը զանցած է, եւ ինքզինք հասցուցած Գոյին մէջ բնակութեան, որ կեանքին ստեղծումն է այսօր ու այստեղ։ Իր ճամբորդութիւնը անհատին իմաստնացումն է այժմէական լոյսի ճամբուն մէջ։ Տարաշխարհի ինքնութիւնը կերտելի, կազմաւորելի է անհատին իմաստնացմամբ։ Իմաստնացում մը՝ որ անդր-բարոյական պայծառացում է, «շարժման նոր տարազ», որ տրամախոհական զանցումով՝ կը մաքրէ ինքզինք մահուան բոլոր ստուերներէն, ինքզինք կ’ազատէ արցունքի հովիտէն, ինքզինք գողգոթայական պատկերով ճանչնալէ, եւ կը կանգնի իբր պատմական ենթակայ, գործօն եւ ոչ՝ կրաւորական օրինավիճակով։
Հոգեկազմերու քիւրքճեանական քննութիւնը՝ սփիւռքեան ինքնութեան հոլովոյթի ուրուագծում մըն է։ Ուրուագծումը երկարած է Սփիւռքի Ա. հանգրուանէն մինչեւ Բ. հանգրուանի աւարտը. ախտաբանականէն մինչեւ ախտազերծ հանգրուանը, կամ ախտազերծ լինելակերպի ստիպողութեան հանգրուանը։ Համաստեղ նախօրինակն է այն լինելակերպին, իսկ Սարաֆեան՝ տեսանողը։ «Շողանկարումներ»ու առաջին դէմքին եւ վերջին դէմքին ոգեկանութիւնները զիրար կը գրկեն։
Այստեղ կարեւոր է նշել, որ Քիւրքճեանի ախտազննիչ ընթերցումին նպատակը ո՛չ հոգեբուժական, եւ ոչ ալ՝ դատապարտողական եղած է, այլ՝ պարզապէս ունեցած իրերուն հոլովոյթը իրենց ընթացքին մէջ ներկայացնելու, եւ Գլխագիր Մահը յաղթահարելու, եւ նորոգուելու թելադրանք մը փոխանցելու ցանկութիւն։
(Շարունակելի 4)