ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ կամ ՎԱՐԺԵՑՈՒՄ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ (Գ. մաս)
- (0)

(Սփիւռքեան մտածողութիւն մը)
ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․
ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ…
1.- 2022-ին «Բագին Մատենաշար»ը լոյս ընծայեց Քիւրքճեանի «Սփիւռք Եւ Ինքնացում» գիրքը։ Արդէն գիրքին տիտղոսը կը թելադրէ հեղինակին ըմբռնումը ինքնութեան։ Ըստ իրեն, ինքնութիւնը անփոփոխ երեւոյթ մը չէ։ Ինք իր առաջին գիրքին մէջ ըսած էր. «ինքնութիւնը կայուն, անշարժ էութիւն մը չէ» («Փորձ Տարա-գրութեան Մասին»)։
Նախորդ յօդուածին մէջ, փորձեցի տալ իր ըմբռնումը Տարաշխարհի, օգտագործելով՝ «Փորձ Տարա-գրութեան Մասին» էջեր։ Ետքը պիտի փորձեմ վերլուծել ինքնութեան իր տեսութիւնը։
Սակայն նախ եւ առաջ, «ինքնութիւն» յղացքը անցեալին, աւելի ճիշդ՝ սկզբնապէս այն չէր՝ ինչ որ է ժամանակակից բառամթերքին մէջ։ Վերստին կը նայիմ «Նոր բառգիրք»ին։ Այնտեղ «Ինքնութիւն»ը որեւէ կապ չունի այսօրուան բառամթերքի «ինքնութիւն»ին հետ։ Անիկա բնազանցական ինքնագոն է. իր գոյացութիւնը, իր իսկութիւնը, իր էութիւնը ինքնիրմէ ունի. յաւիտենապէս եղողն է որպէս նոյնը։ Նաեւ՝ ինքնիշխանութիւնն է։ Այս վերջինէն զառածումը դէպի թագաւորի կամ ոեւէ իշխանաւորի ինքնիշխանութիւնը՝ իմաստներ ձեռնածելու մարդկային ծանօթ ախորժակէն է։
Ուրեմն՝ անցեալի յղացքը չունէր «դուրս»ի, «այլ»ի, «ուրիշ»ի, «միւս»ի եւ «օտար»ի յղացքները, չէր ըմբռնուեր իբր անոնց հետ փոխ-յարաբերութեան երեւոյթ։ Սոյն յղացքներով ըմբռնումը՝ ժամանակակից է։ Այսօրուան «ինքնութիւն»ը թարգմանութիւնն է «identité»ին կամ «identity»ին, որ «նոյնութիւն» կը նշանակէ։ Ո՛չ այն նոյնութիւնը, որ բնազանցականօրէն կ’ընկալուէր, այլ նոյնութիւնը անձի մը կամ հաւաքականութեան մը դիմագիծերու, յատկանիշներու, հաւատալիքներու, համոզումներու, սովորոյթներու եւայլն նոյնութիւնը։ Ինքնութեան այս հասկացողութեան մէջ, պիտի երեւան գար ու մտածուէր նաեւ այլութեան յղացքը՝ իբր անզեղչելի տարր ինքնութեան համար, անհրաժեշտ։
Արդ, Քիւրքճեանի մօտ «identité» կամ «identity» առումով է ինքնութեան յղացքը, թափանցուած այլութեան յղացքով։
Սփիւռքին ծնունդը «կը զուգադիպի… մահուան մը, գլխագի՛ր Մահուան հետ։ 1915», գրած է Քիւրքճեան։ Նախա-Մահ ինքնութեան մասին ոչ մէկ վերլուծում կամ միտք գրի առած է ան։ Այլ իր ուշադրութիւնը սեւեռած է յետ-Մահուան ինքնութեան վրայ։ Արձանագրած է, թէ 1915-էն «տասնամեակ մը ետք, արեւմտահայութիւնը դարձած է՝ սփիւռքահայութիւն (…) իր ետին՝ աւերի ու աւարի ձգած մատենադարանն ու դպրոցը, վանքն ու յուշարձանը, անունն ու ինքնութիւնն իսկ, մահուան մղձաւանջէն հալածական»։ Արդարեւ, 1915-ով, «ետին»՝ աւերի ու աւարի ձգուեցան մատենադարանն ու դպրոցը, վանքն ու յուշարձանը։ Ուրեմն, Եղեռնը խստագոյն խզում մը, արմատախլում մը պատճառած է. սփիւռքահայ ինքնութիւնը կը սկսի, «մահուան մղձաւանջէն հալածական» զանգուածներով, որոնք այլեւս «արեւմտահայութիւն»ը չէին։
Քիւրքճեան փորձած է 1925-1975 երկարած կէս դարու սփիւռքահայ հոգեկան կառոյցին ծննդաբանութիւնը եւ վերլուծումը կատարել յօդուածաշարքով մը, որուն առաջին բխումը վերնագրուած է «Գաղափարաբանութիւնները՝ Սփիւռքահայ Գրականութեան Մէջ»։ Ապա իր «Սփիւռք Եւ Ինքնացում» հատորին մէջ զայն վերնագրած է «Շողանկարումներ / Սփիւռքի Առաջին Սերունդէն»։ Կ’ենթադրեմ՝ սկզբնապէս ծրագիրը աւելի տարածուն է եղած, ապա՝ փոխուած է։ Եւ հատորին մէջ առնուածին վերնագրութիւնը քիչ մը աւելի կը պատշաճի ընդգրկածին։
Սփիւռքահայ հոգեկան կառոյցին ծննդաբանութիւնը եւ վերլուծումը, անկասկած՝ միաժամանակ ծննդաբանութիւնն է եւ վերլուծումը սփիւռքահայ ինքնութեան։ Ասոր գալէ առաջ յաջորդ յօդուածով, ակնարկ մը՝ իր կողմէ սահմանուած Սփիւռքի ժամանակագրական հանգրուաններուն մասին («Սփիւռքահայ Գրականութիւնը՝ Ժառանգորդ Արեւմտահայ Գրականութեան»)։
Ինք Սփիւռքին չորս հանգրուաններ ուրուագծած է. Ա. հանգրուանը՝ 1920-ականներէն մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտը՝ 1945. Բ. հանգրուանը՝ անկէ մինչեւ 1970, ապա՝ «լրիւ նոր կացութիւն» մը, Գ. հանգրուանը։ Ասոր աւարտ ճանչցած է Հայաստանի Վերանկախացման թուականը, սկիզբը Դ. հանգրուանին։
Ա. հանգրուանին համար՝ գրած է, թէ 1920-ական տարիներու սկիզբը, տեղահանուած արեւմտահայութեան աշխարով մէկ ցրուած վերապրող խումբերը, հոգեբանական ե՛ւ տնտեսական խոր ճգնաժամի մէջ էին, կեցութեան իմաստով՝ անոնք ցրուած աշխարհով մէկ աստիճանաբար պիտի կայունանային։ Այս ցրուեալներուն «կարեւոր մաս»ը՝ բաղկացած էր որբերէ եւ այրիներէ։ Արեւմտահայութեան այս մնացորդը՝ պիտի կազմակերպուէր «տունդարձի երազի մը, Սփիւռքի ժամանակաւորութեան պատկերացումին շուրջ»։
Ա. հանգրուանի ցրուածութիւնը, «արագ բնորոշում»ով մը, «երկու մայր գօտիներ»ու վերածելի տեսած է։ Մէկ գօտին՝ Եւրոպա-Ամերիկա, միւս գօտին՝ Մերձաւոր Արեւելք։ Լատին Ամերիկան իր նայուածքէն դուրս մնացած է (այն մասին հետաքրքրուողները կը յղեմ Վարդան Մատթէոսեանի «Հարաւային Կողմն Աշխարհի» հատորին)։
Առաջին գօտիին մէջ, «համարկում»ի (եւ ոչ միայն, այլեւ ձուլումի, պիտի ըսէի) ընթացքը այնպիսին է եղած, որ գործունէութեան «բաւական անձուկ դաշտ մը» ձգած էր եկեղեցւոյ եւ քաղաքական, մշակութային, ընկերա-բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք «աւելի կամ նուազ արդիւնաւէտ» ջանքեր թափած էին։ Ըստ իրեն, այս գօտիին եւրոպական մասին մէջ «մեծ բացական»՝ Հայ դպրոցն էր։ Իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ կար լոկ միօրեայ վարժարաններու «թերի ցանց» մը։ Մշակութային զարգացման առումով՝ առաջին գօտիին պայմանները շատ աննպաստ էին։
Երկրորդ գօտիին մէջ, գաղութները «աւելի համախումբ» էին քան արեւմուտքի մէջ, յաճախ մեկուսացած տեղական ժողովուրդներէն։ Անոնք իրենք զիրենք հեռու պահեր էին տեղացիներէն։ Այն մեկուսացման մէջ, «որոշ յաւելեալ կարեւորութիւն» ստացած էր եկեղեցին, ուր, ըստ Ազգային Սահմանադրութեան, աշխարհականներ «նախաձեռնող» դեր ունէին․ անոնք կու գային գաղութներու անդամներէն, ինչպէս քաղաքական կամ այլ կազմակերպութիւններէ։ Այս գօտիին մէջ, «կանուխէն գործեր է դպրոցական խիտ ցանց մը»։ Մշակութային պայմանները նպաստաւոր էին, բայց դանդաղօրէն պիտի աճէր այն գործունէութիւնը։
Բ. հանգրուանին, առաջին գօտիին հայութիւնը «կը մասնակցէր վերակառուցման ընդհանուր ճիգին»։ Եւ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական բախումներուն, վարչակարգերու անկայունութեան ու անապահովութեան պատճառով՝ դէպի արեւմուտք շարժող գաղթականներով կը բազմանար։ Գաղթականներուն «որոշ մէկ համեմատութեան ուժը»ը կը տարուէր նոր կեցավայրեր։ Այս գաղթերը կը տկարացնէին արեւելեան գօտին, սակայն դարձեալ կարելի չէր ըլլար արեւմտեան գօտիին ամրապնդումը։ Օտարախօսութիւնը եւ ապամշակութայնացումը զգալի թափով մը կ’ընթանային։
1945-էն ետք, «մշակութային ճիգի նոր կեդրոն» կը դառնար Մերձաւոր Արեւելքը։ Կը ստեղծուէին կրթական հաստատութիւններու ցանցեր, մամուլ։ Հայախօսութիւնը կը տարածուէր։ Մշակութային կառոյցները «աւելի նախա-Եղեռնեան ժամանակաշրջանի տիպերուն համապատասխան ու հաւաքական-համայնքային ոճով» կը հաստատուէին։ Ամէն ինչ որ կ’իրագործուէր՝ «անցեալ աւանդի ու վերապրող երէցներու շուքին» տակ կ’ըլլար, մեկուսացած տեղական եւ համաշխարհային կեանքէն։
Սփիւռքի առաջին յիսնամեակին, այսինքն՝ Ա. եւ Բ. հանգրուաններուն, գրաւոր հայերէնը կը պահէր արեւմտահայ «գեղապաշտ» սերունդին որակը, կ’ապահովէր անոր «կենսային հոլովոյթը», սակայն հազուադէպօրէն կը յաջողէր ստեղծել նոր որակ եւ նոր մտածողութիւն։ Պահպանում/նորոգում երկընտրանքը «սուր կերպով կը դրուէր»։ «Հայապահպանում»ի մտահոգութիւնը՝ ընդհանրապէս պատճառ կ’ըլլար կառչելու աւանդական ձեւերու եւ արժէքներու։ Մտաւորականներու փոքր թիւ մը միայն պիտի գիտնար «որդեգրել եւ իրագործել քաջ ընտրանքը հոգե-մտաւոր գործունէութեան մը՝ միանգամայն հայ եւ աշխարհին բացուուղ»։ Այս յիսնամեակին, կարելի չէր ըլլար յաղթահարել հայ/օտար երկուութիւնը։ «Հայապահպանում»ի կեցուածքը կը խանգարէր «մշակութային բնականոն, առողջ ու հաւասարակշիռ կեանքի մը կայացումը»։
Գ. հանգրուանին համար գրած է, թէ ամբողջացած է արեւմտահայութեան ծնած «սփիւռքացում»ը։ Այս հանգրուանը Սփիւռքի երկրորդ՝ տեղածին սերունդինն է, որ «թէեւ իր միջավայրին աւելի պատշաճած (էր), յաճախ եւ աւելի ուսեալ, բայց նուազ պատրաստուած էր հայեցի մշակոյթով»։ Նշեմ, որ Մերձաւոր Արեւելքը դեռ կը մնար կրթական եւ մշակութային «ճիգ»երու կեդրոն։ Իսկ արեւմտեան գօտիին ֆրանսական տարածքը թէեւ սակաւ դպրոցներով կ’օժտուէր, սակայն լեզուա-մշակութային նահանջը անկասելիօրէն կը շարունակուէր։ Միացեալ Նահանգներու մանաւանդ արեւմտեան ափը կը յաջողէր դպրոցներու ցանց մը ստեղծել, բայց հասկնալիօրէն անյաղթարահարելի կը մնար հայախօսութեան եւ մշակոյթի նահանջը այնտեղ եւս։

Այս հանգրուանին, կը յառնէր ձգտումը զանցելու «կրաւորական հայապահպանումը», ստեղծելու «քաղաքացիական նոր կռուաններ ու արժէքներ», որոնք դրսեւորէին «հայու նոր ինքնութիւնը՝ ներկայի տուեալներով»։
Հայաստանի վերանկախացումով՝ կը սկսէր Դ. հանգրուանը։ Սփիւռքահայութիւնը «ինքնութեան ու խղճի քննութեան մը առջեւ» կը կանգնէր։ Անոր «ազգային-քաղաքական ամուր դաստիարակութեան եւ որոշ ռազմականացումի տէր» կորիզը՝ «կը հասնէր վերցնելու բեռի բաժին մը Արցախի գոյամարտի ճիգին մէջ»։ Հայաստանի մէջ կը բախէր մերժելի «իրադրութիւններ»ու, որոնք «գաղափարական կարծրատիպեր»է կու գային։ Յուսախաբութիւն մը կ’ապրէր։ Սակայն ետքը՝ կը զգար դարմանումը յուսախաբութեան։ Իր համոզմամբ «20-րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսեալ, հայութեան համար ստեղծուած կացութիւնները, լրիւ աննախընթաց, կը պահանջեն պատկերացումներու եւ գործունէութեան խոր վերանայում, նոր համակարգումներ…»։
Ինք եւս շատ ծանր պիտի տանէր Արցախի կորուստը, եւ Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան աղէտալի քաղաքականութիւնը։ Նաեւ ծանր պիտի տանէր Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան գլխուն եկածները՝ շրջանին ռազմա-քաղաքական պայմաններէն. հետեւած զանգուածային արտագաղթերը՝ իրենց ետին կը ձգէին կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ քաղաքական գոյապայքարի ամբողջ ժամանակաշրջան մը։
Յայտնապէս, թուարկեալ հանգրուանները սփիւռքեան ինքնութեան տարբերակման ժամանակներ եղան. կրաւորական տարբերակումէն մինչեւ ներգործական տարբերակման գիտակցումը։ Կարգ մը մտաւորականներ կ’ընդառաջէին նոր պահանջներուն, սակայն բազմութիւնները եւ կազմակերպութիւնները պատկերացումներու եւ գործունէութեան անցեալ համակարգումներու ոճին ու եղանակին իրենց փարումէն չէին հրաժարեր։
Ներգործականօրէն կարելի է Տարաշխարհին մէջ ինքնութեան հորիզոն ունենալ։ Պըլտեանական իմացքը օգտագործելով՝ Քիւրքճեան կենսական համարած է ստեղծել սփիւռքային ինքնութեան «վայր»ը, պիտի աւելցնէի՝ «վայրեր»ը, եւ ինքնանալ…։
(Շարունակելի 3)