ՅԱՐԳԱՆՔ ՀԱՅ ՄՕՐ. Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը Մայրերու օրուան առիթով
Ամէն տարի երախտագիտական զգացումներորով յարգանքի օր մը կը նուիրենք մայրերուն՝ իրենց անհուն սիրոյ, անսակարկ նուիրումի, զոհողութեան եւ ծառայութեան համար։
Մայրեր կարծէք իրենց ստեղծագործութեամբ կը նմանին գարնան ամէնէն փայլուն ու գեղեցիկ ամսուան, երբ լեռներն ու դաշտերը կը ծաղկին եւ կը կանաչազարդարուին, առուակները կարկաչելով կը վազեն, թռչունները աւելի անուշ կ՚երգեն եւ ճնճղուկները կը ճռուողեն։ Բնութիւնը երջանիկ է եւ ուրախ։ Մայրերը որպէս Աստուածարարչութեան գործակիցները՝ կեանքի վերազարթօնքի ստեղծագործ զօրութիւնները կը դառնան։
Եթէ ուզենք մեր ազգի կարեւոր յատկանիշներուն անդրադառնալ, անոնցմէ ամենանուիրականը՝ ընտանեկան սրբութիւնն է։ Ընտանիքը կեդրոնական քարն է ազգի մը, որուն խախտումով՝ անխուսափելի կերպով կը խախտի նաեւ ազգային որեւէ կառոյց։ Հետեւաբար, ընտանիքի կեդրոնական եւ անփոխարինելի սիւնը իրաւ մայրն է իր բոլոր ստորոգելիներով՝ սրբութեամբ, ազնուութեամբ, զգաստութեամբ, լուռ աշխատասիրութեամբ, զոհողութեամբ, համբերատարութեամբ, նուիրումով եւ սիրով։
Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է հայ մօր դերը ընտանիքի առողջ դաստիարակութեան մէջ։ Ամէն հայ մայր պէտք է իմանայ, որ ինքը ազգին ալ մայրն է, որովհետեւ իր զաւակները կը կազմեն ազգը՝ առողջ կամ վատառողջ վիճակով։ Հայ մայրեր պէտք է գիտակցին, որ իրենք են ազգի ինքնուրոյն դիմագիծը եւ պահպանողները։
Այսօր, մենք կը խոնարհինք եւ յարգանք կը մատուցենք մեր ժողովուրդի անձնուէր ու զոհաբերուող, սէր ու գութ բաշխող, կեանք ու շունչ մաշեցնող, երկունք ու տառապանք յանձն առնող, նուիրեալ ու անձնազոհ հայ մայրերուն։
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեր տօնը սիրելի մայրեր, յատկապէս հայ մայրեր, առողջ մնացէք, այս օրերուն տունը առաւել եւս ձեր զաւակներուն առողջ ու գիտակից, քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբեցէք, Աստուծոյ մօտեցուցէք եւ մեր ազգի անժամանցելի գանձերուն եւ սրբութիւններուն հաղորդ դարձուցէք։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ