Յարատեւութեան Մաղթանք Սրբազան Պայքարին
Իսրայէլի Լիբանանի դէմ մղած դաժան պատերազմը բնականաբար դարձաւ մեր անմիջական ուշադրութեան, – ե՛ւ մտահոգութեան-, առարկան: Հայաստանն ու Արցախը սակայն ստուերի մէջ չմնացին: Նախատեսուած էր, որ սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ Սրբազան պայքարը պիտի թէժանայ, սակայն մեզի անծանօթ հանգամանքներ այդ թէժացումը ուշացուցին: Սեպտեմբերի վերջին օրերուն Էջմիածինի մէջ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը եւ վերանորոգուած մայր տաճարի վերաօծումը պայքարի ժամանակաւոր դադարի հասկնալի շարժառիթներ էին: Զանց առնենք այս առիթով իշխանութեան պատասխանատուներու մասնակցութեան մասին անիմաստ բանավէճերը: Եկեղեցին ու քրիստոնէական հաւատքը բոլոր հայերուն սեփականութիւնն են: Քաղաքականութիւնը պէտք չէ խառնել ծիսական արարողութիւններու կատարման հետ:
Վերջապէս, հոկտեմբեր 2-ին կայացաւ Սրբազան պայքարի վերամուտը: Հանրապետական հրապարակի բազմամարդ հաւաքի աւարտին, Բագրատ սրբազան ներկաները հրաւիրեց հետեւելու իրեն դէպի Հանրային հեռուստատեսութեան կեդրոն, Նորքի բարձունքին: Երբ բողոքող բազմութիւնը հասաւ կայանին մօտ, զայն տեսաւ պաշտպանուած ոստիկանական տպաւորիչ ուժերով: Սրբազան պայքարի առաջնորդը կը պահանջէր ելոյթ ունենալ ուղիղ հեռարձակումով Հանրային հեռուստատեսութեամբ: Այս հեռուստատեսութիւնը պետական չէ, թէեւ կը գործէ պետական միջոցներով: Հանրային է, այսինքն` կը պատկանի համայն քաղաքացիներուն` իշխանութեան հաւատարիմներուն, ընդդիմադիրներուն, չէզոքներուն, նոյնիսկ փարիսեցիաբար «մենք քաղաքականութեամբ չենք զբաղիր» ըսողներուն: Սակայն, Հայաստանի ամբողջ տարածքին սփռում ունեցող հանրային կայանը վերածուած է իշխանութեան քարոզչութեան գործիքի: Հանրայինէն ուղերձ յղելու պահանջը օրինական էր. հեռուստատեսութեան տնօրէնութիւնը արտօնեց ուղերձի յղումը, հարցազրոյցի ձեւաչափի տակ: Բագրատ սրբազան, ուշ գիշերին, իր ուղերձը յղեց, ապա մերժեց պատասխանել հաղորդավարի հարցումներուն: Հանրութեան իրաւունքը իր ձայնը, տարատեսակ ձայները լսելի դարձնելու, իրագործուեցաւ, սակայն գիշերային այնպիսի ժամի մը, երբ դիտումը նուազագոյնի հասած կ՛ըլլայ: Բացայայտուեցաւ, որ Հանրային հեռուստատեսութիւնը պարտաւոր է պատշաճօրէն լուսաբանելու հանրային բոլոր իրադարձութիւնները, ի միջի այլոց` Սրբազան պայքարը:
Յաջորդ հաւաքը չուշացաւ. կիրակի 6 հոկտեմբերի երեկոյեան հաւաքուած հոծ բազմութիւնը, լսելէ ետք բանախօսներու պատգամները, քայլարշաւով գնաց Սահմանադրական դատարան, բողոքելու համար անոր վերջին… հակասահմանադրական որոշումին դէմ:
Պիտի յաջորդէ չորեքշաբթի, 9 հոկտեմբերի կէսօրին Գլխաւոր դատախազութեան մօտ հաւաքը, ուր պիտի ներկայացուին դատախազութեան կողմէ ցարդ անտեսուած յանցագործութիւններ:
Սրբազան պայքարը վերջապէս աշխուժացման եւ հետեւողականութեան նշաններ ցոյց կու տայ, ինչ որ գրաւական է նպատակի իրականացման: Այդ նպատակը իշխանափոխութիւնը չէ, այլ հանրային կարծիքի առողջացումը, ընդհանուր համաձայնութիւնը, հաշտութիւնը, նպատակասլաց ազգային գործունէութիւնը: Իշխանափոխութիւնը միջոց է միայն նպատակի իրականացման ճամբին:
Շատերը անմիջական, արագ յաջողութիւն կ՛ակնկալեն: Չեն ուզեր հասկնալ, որ հոգեբանական փոփոխութիւնները կը պահանջեն յաճախ երկարատեւ, սակայն հետեւողական անկոտրում պայքար:Դժգոհ խմբաւորումներ, անհատներ նոր կուսակցութիւններ ու նոր հանրային խմբաւորումներ կը ստեղծեն, յայտարարութիւններ կը կատարեն, խոստումներ կու տան, նպաստելով ընդհանուր համախմբումին ջլատման:
Անհատնում հարցազրոյցներէն մէկը արժանի է յատուկ ուշադրութեան: Եկեղեցւոյ դերակատարութեան վերաբերող հարցազրոյցի մը ընթացքին, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան վճռական շեշտով յայտարարեց, որ Բագրատ սրբազանի ցարդ յաջողած չըլլալուն պատճառը նախկին երկու նախագահներու ներկայութիւնն է քաղաքական ասպարէզին մէջ: Նոր թէզ չէ նախկիններու սատանայացումը: Ամէն շարժում, ո՛վ ալ ըլլայ անոր առաջնորդը կամ ովքե՛ր` առաջնորդները, կը թիրախաւորուի իբրեւ նախկին նախագահներու կողմէ հովանաւորուած, կամ Ռուսիոյ կողմէ թելադրուած: Յաճախ երկուքը միասին: Այս երեւոյթը դիտողի դերին մէջ մնալու, կամ ընդդիմադիր ըլլալով հանդերձ ներքին ընդդիմադիր դառնալու հայկական հիւանդութեան բնորոշ դրսեւորում է: Միքայէլ սրբազանը յարգելի անձնաւորութիւն է ու իր խօսքը կշիռ ունի: Իր խօսքին մէջ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան քննադատութիւնն է էականը. մնացածը մտահոգութենէ ծնած եւ բարի նպատակով կատարուած առաջարկ է:
Քանի մը անգամ արդէն կրկնած եմ նախորդ դարու նշանաւոր յեղափոխականի մը պատգամը. «Ով որ կը յարատեւէ, կը յաղթէ»:
Յարատեւութիւն մաղթենք Սրբազան պայքարին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Comments are closed.