Յառաջիկայ Ամիսներուն Հայաստան Հնդկաստանէն Trajan Հրազէն Պիտի Գնէ

«Իքոնոմիք Թակմզ»ը (The Economic Times) կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ ամիսներուն, Հայաստան Հնդկաստանէն 155 մմ. տրամաչափի Trajan քարշակային հրետանային հրազէնի՝ գագաթնահար կրակով խմբաքանակ մը պիտի գնէ:

«Իքոնոմիք Թակմզ»ի՝ այս զինատեսակը կ՛արտադրուի հնդկական Larsen & Toubro ընկերութեան կողմէ՝ ֆրանսական արտօնագիրով, եւ հրետանային այդ համակարգին առաւելագոյն հեռահարութիւնը 39 քիլոմեթր է:

Երեւան եւ Տելհի այդպիսի գործարքի մը մասին պաշտօնապէս չեն հաղորդած: