Յառաջիկայ  ամիսներուն գործադրման կը դրուի ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի ԱՄԱՐԱՍ վարժողական ծրագիրը 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ ԱՄԱՐԱՍ վարժողական ծրագիրը արդէն իսկ սկսած է:
Ծրագրին դիմած են Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններէ բազմաթիւ ընկերներ: Յառաջիկայ ամիսներուն, փորձնակ երիտասարդները պիտի մեկնին համապատասխան երկիրներ, սկսելու իրենց վարժողութիւնը՝ Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Երիտասարդական Գրասենեակ (ՀՀ), Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ (ՀՀ), Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ (Պելճիքա), Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Ուաշինկթընի Գրասենեակ (ԱՄՆ), Փարիզի Այբ Էֆ Էմ Ռատիոկայան (ֆրանսա) եւ Ազդակ օրաթերթ (Լիբանան):

Comments are closed.