Յայտարարութիւն
- (0)

Քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներու բովէն անցած Միջին Արեւելքի հայ համայնքնրու կենսական կարիքներուն համար անցնող ամիսներուն Գանատայի տարածքին կայացան նուիրահաւաքներ։ Արդարեւ, գիտակից ըլլալով Միջին Արեւելքի ազգային կառոյցներու, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու կենսագործունէութեան համար նիւթական անյապաղ աջակցութեան անհրաժեշտութեան, համագանատական հանգանականութիւնը հունի մէջ դրուեցաւ։ Գանատահայութիւնը, իր աւանդութեան համաձայն, անսալով օժանդակութեան մարմնի կոչերուն անվերապահ մասնակցեցաւ վերոնշեալ հանգանակութեան։
Այսու, Գանատայի մեր հայրենակիցներուն կը տեղեկացնենք, որ նուիրահաւաքին համար ի գործ դրուած ճիգերուն եւ աշխատանքերուն շնորհիւ հանգանականութիւնը հասաւ իր նպատակակէտին եւ գանատահայ համայնքի նուիրատուութեան գումարները Միջին Արեւելքի ազգային պատկան մարմնիններուն փոխանցման ընթացքի մէջ են։
Այն հայրենակիցները որոնք տակաւին կը փափաքին իրենց նուիրատուութիւնները կատարել, կրնան փոխանցել հետեւեալ կերպերով.
-Չէքով. payable to ARS Foundation եւ ուղարկել Armenian Relief Society of Canada | 3401 Olivar Asselin, Montreal, QC | H4J 1L5
- Առցանց. ars-canada.ca/donations and ապա ընտրել Aid to Lebanon
- E-transfer. ars-canada@bellnet.ca
Միջին Արեւելքի հայութեան Գանատայի օժանդակութեան մարմին