ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. Կիսանդրիի քօղազերծում Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի

Horizon Weekly Newspaper

Կիրակի, 30 Մարտ 2025-ին, երեկոյան ժամը 7-ին, Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման 40-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան սկզբնաւորութեան, Ս. Յակոբ Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահի մուտքին պիտի կատարուի ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարի մարտիկ, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի քօղազերծումը։ Այս յուշարձանը, որ մեր հաւաքական պատուոյ տուրքն է աննկուն կամքով եւ նուիրումով օժտուած հերոսին, կերտուած է գանատահայ արուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանի կողմէ։

Կը հրաւիրենք բոլոր հայրենակիցները ներկայ գտնուելու այս պատմական իրադարձութեան, որուն պիտի յաջորդէ յիշատակի հանդիսութիւն՝ Սարգիս Զէյթլեանի անանց ժառանգութիւնը վերարժեւորելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու։

ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէ