«Յաղթանակը մերն է». Արցախի համար Աղօթքի օր Գանատայի մէջ
1932
0
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան հետեւեալ կոչը ուղղեց այսօր, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ.
Այս օրերուն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը յարձակումներու թիրախ է Ատրպէյճանական եւ Թրքական զօրքերուն կողմէ։ Հայ Զինուորը եւ անմեղ քաղաքացիներ (երեխաներ, կանայք …) կը զոհուին պահելու եւ պահպանելու համար Հայոց Աշխարհի սահմանները։ Թշնամի պետութիւնները չեն յարգեր միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները։
Հետեւաբար, Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին, Թեմիս եկեղեցիներէն ներս հաւաքականօրէն եւ հանգամանօրէն անդրադառնանք Արցախեան նորօրեայ պատերազմի հերոսներուն անզուգական նուիրումին, եւ ցոյց տանք մեր աջակցութիւնը, աղօթքով եւ նուիրատուութեամբ՝ յանուն Արցախի մեր մարտիկներուն արեամբ շաղախուած Սուրբ Հողի պահպանման։
Հաւաքական անկոտրում կամքը թող արմատանայ մեր մէջ եւ անկասելի դառնայ մեր յաղթանակի գոյերթը, որովհետեւ մենք հզօր ենք՝ մեր լեռներուն պէս։
«ՏԻՐՈՋ ապաւինողը Սիոն լերան պէս անսասան է, եւ յաւէտ անշարժելի» (Սաղմոս 125։1)։
Մնամք սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ,
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի