Յակոբ եւ Ահարոն Սաչագլեան եղբայրները. Մին՝ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերու փրկարարը, միւսը՝ «Նեմեսիս»ի յանձնակատարը

Horizon Weekly Newspaper

Յակոբ եւ Ահարոն Սաչագլեան եղբայրները մեր խոնարհ եւ անյայտ հերոսներուն մեծ փաղանգին կը պատկանին, որոնց տարած գործունէութեան վրայ տակաւին ըստ արժանւոյն լոյս չէ սփռուած: Յակոբ Սաչագլեան Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն ծանօթ էր Զըմպա Եագուպ անունով, եւ որպէս ծպտեալ իսլամ, թուրքերուն ճանկերէն եւ մահուան ճիրաններէն փրկած է հայ որբեր, կիներ եւ մահուան դատապարտեալներ: Իսկ Ահարոն Սաչագլեան «Նեմեսիս»ի չբացայայտուած մասնակիցն էր, որուն գործունէութեան մասին նոյնիսկ իր ընտանիքի անդամները անտեղեակ էին: Անոր թոռնուհին՝ Մարիան Մեսրոպեան Մաքքըրդին, վերջերս իր մեծ հօր արխիւները բացայայտելով ԱՄՆ-ի մէջ հրատարակած է «Սրբազան արդարադատութիւն. հայկական «Նեմեսիս» գործողութեան ձայներն ու ժառանգութիւնը» գիրքը, պատմելով իր մեծ հօր՝ Ահարոնի դերակատարութեան մասին: Սաչագլեան այս եղբայրները, թէեւ իրարմէ անկախ ու աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու մէջ, երկուքն ալ հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի ոդիսականները ապրելով, անվերապահօրէն, նոյնիսկ իրենց սեփական կեանքն ու ընտանիքը կորսնցնելու վտանգը աչքի առած, նուիրուած են ազգին ծառայութեան վսեմ գործին:

Յակոբ եւ Ահարոն Սաչագլեան եղբայրները բնիկ մալաթիացի են: Անոնց հայրը՝ Յարութիւն, ամուսնացած է երկու անգամ, առաջին կնոջմէն ունեցած է երկու մանչ եւ մէկ դուստր (որոնց անունները չեն յիշուած), իսկ երկրորդ կնոջմէն ունեցեր է երեք մանչ զաւակներ՝ Ստեփանը, Յակոբը եւ Ահարոնը: Յարութիւն եղած է նշանաւոր ճարտարապետ եւ շինած է թրքական մզկիթ մը, որ կը յիշուի «Արթին ամուն ճամին» անունով: Ստեփան փոքր տարիքէն կը հաստատուի Ամերիկա, ու կը մնայ ամուրի, կը զբաղի արեւելեան գորգերու վաճառականութեամբ ու կը մահանայ 1940-ին:

Յակոբ Սաչագլեան

Յակոբ (որուն ծննդեան թուականը անյայտ է), 1895-1896-ի Մալաթիոյ կոտորածներուն ընթացքին հեռացած է Մալաթիայէն, գացած է Ատանայի կողմերը ու հաստատուած Տէօրթ Եոլի (Չորք Մարզպան.- խմբ.) Զամպաք գիւղը (որուն կը վերագրուի իր Զըմպա Եագուպ կոչուիլը հետագային), հոն ամուսնացած է տեղաբնակ Թրուանտա Պասմաճեանին հետ եւ ունեցած հինգ զաւակ. մէկ մանչ՝ Ասատուր եւ չորս դուստրեր՝ Էլիզապէթ, Մարի, Մարկօ եւ Ովսաննա: Զբաղումով եղած է կառապան եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին 1914-1918-ին ընտանեօք աքսորուելով անցած են Սագա գիւղէն, ապա Հալէպ, Մաարա, Համամ եւ Ռագգա: Ռագգայի մէջ արաբ ժանտարմաներէն Ուահիտ Անթիր կը փախցնէ Ովսաննան, կը տանի Հաֆսէրճի գիւղը ու բռնի իսլամացնելով ու Ֆաթմա անունը տալով իրեն կ’ամուսնացնէ իր եղբօրը հետ:

Ովսաննա առաջին ամիսները կ’անցընէ դառնութեամբ եւ խոր ընդվզումով, բայց հետզհետէ կ’ընտելանայ միջավայրին հետ եւ կ’ունենայ 3 մանչ՝ Մահմուտ, Ահմատ եւ Ալի: Ովսաննա սակայն յամառօրէն կը մնայ հայախօս եւ անոր զաւակներէն Ալին հայացած է, անունն ալ փոխած եւ դարձած Ժան Պոյաճեան, հաստատուած է Պէյրութ եւ ամուսնացած հայուհիի մը հետ, բախտաւորուած է հինգ զաւակներով, որոնք յաճախած են հայկական վարժարան Պէյրութի մէջ:

Մինչ Յակոբ Սաչագլեան պատերազմի այդ տարիներուն, երբ հաստատուած էր Ռագգա եւ կը շարունակէր իր գործը որպէս կառապան, կառքով մարդիկ կը փոխադրէ Մալաթիայէն Ատանա, Այնթապ եւ Հալէպ, ճամբուն վրայ հանդիպած հայ աքսորեալները եւ հայու բեկորները փրկելով: Ան այս հայահաւաքման եւ հայապահպանման գործունէութիւնը կը տանի ամէն վտանգ արհամարհելով: Ան ժամանակաւորապէս կրօնափոխ կը դառնայ, կ’ընդունի իսլամութիւնը երեսանց, կը ճանչցուի որպէս Զըմպա Եագուպ եւ իր շրջանակի թուրքերուն վստահութիւնն ու համակրանքը կը շահի, որպէսզի ազատօրէն կարենայ իր հայահաւաքի գործունէութիւնը կատարել: Ան նաեւ կ’որդեգրէ երկու հայ որբեր:

Ըստ Իզմիտի նշանաւոր Առաջնորդ լուսահոգի Տ. Ստեփանոս Եպիսկոպոսի գրաւոր վկայութեան, Յակոբ Սաչագլեան թշնամիներուն ձեռքէն ազատած է շատ մը հայ մտաւորականներ, կիներ աղջիկներ ու երիտասարդներ, աքսորի դատապարտուածներ: Ան Հալէպի Ամերիկեան հիւպատոսին՝ պրն. Ճէքսընի միակ վստահելի անձը եղած է, եւ անոր միջոցաւ անապատներուն մէջ մահուան դատապարտուած հարիւրաւոր հայ խլեակներուն ամերիկայէն ղրկուած դրամական օգնութիւն հասցուցած է: Եպիսկոպոսը կը յիշատակէ նաեւ, որ Սաչագլեան ամբողջ երեք տարի իբրեւ թափառական հայորդի ամէն վտանգ աչք առած կը ճամբորդէ քաղաքէ քաղաք եւ գիւղէ գիւղ՝ Համա, Մաարա, Գասթօն, Մեսքենէ, Պապ, Համամ, Ռագգա, Սապդա, Թէլապիատ եւ այլուր հայ գաղթականները փրկելու, որոնց համար բազմաթիւ անգամներ ձերբակալուած է, բանտարկուած եւ անտանելի չարչարանքներու ենթարկուած, բայց միշտ ալ մեծ-մեծ գումարներ կաշառք տալով յաջողած է ազատիլ ու շարունակել իր գործը: Եպիսկոպոսին այս գրաւոր վկայութեան տակ ստորագրած են իր փրկած անձերէն ու ընտանիքներէն 62 հոգի, վկայելով որ զիրենք փրկողը եղած է Զըմպա Եագուպ՝ Յակոբ Սաչագլեան:

1940-ին Յակոբ Սաչագլեան կը հաստատուի Պէյրութ, ուր իր վրայէն կը նետէ թրքութեան շապիկը եւ կը վերադառնայ հայութեան ու կը ճանչցուի որպէս Յակոբ Աղա, ուր կ’ապրի իր ընտանիքի անդամներով շրջապատուած: Կեանքի վերջին տարիներուն կը վարակուի խլիրդէ եւ 1945-ին կը մահանայ Ճիւնիի մէջ:

Յակոբ Սաչագլեանի Անդրանիկ զաւակը՝ Ասատուրը, վաղուց՝ 1911-ին, Տէօրթ Եոլէն, իր հօրեղբօր Ահարոն Սաչագլեանի եւ անոր կնոջ Էլիզա Տէր Մելքոնեանի հետ անցած է Ամերիկա: Յակոբին Էլիզապէթ դուստրը կը հասնի Ֆրանսա, իսկ Մարին կը հաստատուի Ամերիկա:
Յակոբ Սաչագլեանի թոռնիկներէն մին, Մարկոյին դուստրը՝ Յասմիկ Վասիլեան Պէլլէլի, 1967-ին իր ամուսնոյն հետ հաստատուելէ ետք Գանատա, ծնողքը՝ Մարկօն եւ ամուսինը հետեւելով իրեն կը հաստատուին Մոնթրէալ: Յասմիկ 1994-2009 եղած է Մոնթրէալի քաղաքապետարանի անդամ եւ ունեցած բեղուն գործունէութիւն: Ըստ Յասմիկի յիշողութեան, Յակոբ Սաչագլեանի Լիբանանի մէջ անցուցած վերջին տարիներուն ընթացքին անոնք յաջողած էին կապ հաստատել ու տեսնուիլ իրենց կորուսեալ մօրաքրոջ՝ Ովսաննայի հետ:

Ահարոն Սաչագլեան

Ահարոն Սաչագլեան, Ստեփանի եւ Յակոբի կրտսեր եղբայրը, ծնած է 1879 Սեպտեմբեր 9-ին, Մալաթիոյ մէջ, 16 տարեկանին մօրաքրոջ ամուսնոյն հետ մեկնած է Ֆրանսա, Մարսէյլ, ապա 1895-ին հասած են Ամերիկա, Հարուըրտ, ուր հաստատուած էր Ահարոնի աւագ եղբայրը՝ Ստեփանը: Ան մասնագիտանալով հաշուապահական ճիւղին մէջ կը դառնայ պետական պաշտօնեայ, իբր հաշուապահ: 1909-ին կ’ուղեւորուի դէպի Տէօրթ Եոլ, սակայն շրջան մը Պէյրութ կը մնայ, ուր կը հանդիպի դաշնակցական քեսապցի եւ սուետացի տղոց, որոնք Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներ էին, միեւնոյն ժամանակ զէնք կը փախցնէին իրենց երկիրը, Ահարոն օգտակար կը դառնայ այդ գործին՝ մաքսատունէն առանց խուզարկուելու սնտուկ մը զէնք դուրս բերելով ու յանձնելով տղոց: Ապա Պէյրութէն կ’ուղղուի Տէօրթ Եոլ, ուրկէ իր եղբօր Յակոբին հետ կ’անցնի Իսկէնտէրուն, հոն հասնելէ ետք կը լսեն, թէ Տէօրթ Եոլ պաշարուած է եւ մահու կենաց կռիւ կը մղէ: Ահարոն անմիջապէս կը դիմէ Իսկէնտէրունի ամերիկեան հիւպատոսին ու անոր հետ միասին կ’անցնի Պէյրութ, ուր կը խորհրդակցին ամերիկեան հիւպատոսին հետ, միասին կ’երթան Մերսին ու Պոլիս հեռագիրներ կը ղրկեն: Ազդեցիկ հայերու եւ օտար միջամտութիւններու շնորհիւ Տէօրթ Եոլի պաշարումը վերջ կը գտնէ երկու շաբաթ ետք:

18 Յուլիս 1910-ին Տէօրթ Եոլի մէջ կ’ամուսնանայ Էլիզա Տէր Մելքոնեանի հետ ու 10 Մայիս 1911-ին կը վերադառնայ Նիւ Եորք, ապա նոյն տարուան աշնան կը հաստատուի Պոսթըն, եւ կը ստանձնէ «Հայրենիք» օրաթերթի հաշուապահութիւնը:

Այդ օրերուն «Հայրենիք»ը կը կը տպուէր առողջապահական առումով չափազանց աննպաստ գետնայարկի մը մէջ: Ահարոն մեծ ներդրում կ’ունենայ նոր խմբագրատան մը գնման աշխատանքներուն մէջ, եւ հին եկեղեցի մը գնելով ու կարգ մը բարեկարգումներ ընելով կը դառնայ «Հայրենիք»ի խմբագրատունը: Իր կինը՝ Էլիզան, յուշերուն մէջ գրած է, թէ Ահարոն ՀՅԴ-ի առաջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին մեծ ներդրում ունեցած է անոր կազմակերպական վերելքին, Պատգամաւորական ժողովներուն յաճախ ստանձնած է ատենապետութիւնը, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ եղած է Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

1920-ին փոխադրուած է Սիրաքիւզ: Կեանքին վերջին տարիներուն կորսնցուցած է իր յիշողութիւնն ու տեսողութիւնը: Մահացած է 5 Օգոստոս 1964-ին, Սիրաքիւզի մէջ, 84 տարեկանին:

Նեմեսիսի չբացայայտուած դրամարկութեան չբացայայտուած պատասխանատուն

2015 թուականին Սաչագլեանի թոռնուհին՝ Մարիան Մեսրոպեան Մաքքըրդին, յայտնաբերուած փաստավաւերագրական նիւթերու եւ իր ու իր մօր՝ Էլիզային յիշողութիւններուն հիման վրայ հրատարակած է «Սրբազան արդարադատութիւն. հայկական «Նեմեսիս» գործողութեան ձայներն ու ժառանգութիւնը» գիրքը, պատմելով իր մեծ հօր՝ Ահարոնի դերակատարութեան մասին:

Ահարոն Սաչագլեանի անձնական արխիւներէն կը յստականայ, որ ան ոչ թէ պարզապէս շարքային մասնակից էր, այլ գործողութեան ղեկավարներէն մէկը։ Պետական գործիչ, ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Գարօն «Նեմեսիս»ի ուղեղն էր, Շահան Նաթալին` «Նեմեսիս»ի սիրտը, ոգեշնչողն ու գործողութիւնները համակարգողը։ Իսկ գործողութեան երրորդ ղեկավարը Ահարոն Սաչագլեանն էր, դրամարկութեան տնօրէնը, որ կը զբաղէր գործողութեան համար նիւթական միջոցներու հայթայթմամբ ու բաշխմամբ։

Մարիան Մեսրոպեան Մաքքըրդին իր մեծ մօր՝ Էլիզայի յիշողութիւններէն լսած էր, որ մեծ հայրը «Հայրենիքի» խմբագրատան մէջ օրեր ու գիշերներ կ’անցընէր: Ակնյայտ է, որ օր ու գիշեր ան խմբագրութեան հաշուապահութեամբ չէր զբաղած միայն․․․

Ան իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ իր մեծ հայրը կը յիշէ փայտէ ռատիոյին կողքին` կարմիր, կաշիէ բազկաթոռի մէջ նստած, դողացող ձեռքերով ծխելով։ Անոր վրայ սկսած էին բարքինսըն հիւանդութեան ախտանշանները… Ահարոն Սաչագլեանը հանգիստ, խաղաղ մարդ էր, անհնար էր պատկերացնել, որ ան երկրորդ՝ գաղտնի կեանք ունէր։ Անոր տունը գիրքերով ու մարդոցմով լի էր եւ դարձած էր տեղի հայ համայնքի հաւաքատեղիներէն մէկը։ Սաչագլեանին կարեւոր մարդիկ կ’այցելէին, որոնց կարգին Դրօն եւ «Նեմեսիս»ի մասնակիցները, բայց ընտանիքը պատկերացում ալ չունեցաւ տան տղամարդուն, ինչպէս նաեւ հիւրերուն գերգաղտնի գործունէութեան մասին։ Սաչագլեանը այդ մէկը կ’ընէր ե՛ւ սեփական ընտանիքը պաշտպանելու, ե՛ւ գործողութեան յաջողութիւնը չվտանգելու համար։

Ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդող տարիներուն նուիրական աշխատանք եղած էր հայու բեկորներուն եւ կորսուած խլեակներուն որոնումն ու փրկելը: Շատեր կրցան իրենց ընտանիքներուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն միանալ շնորհիւ Յակոբ Սաչագլեանի նման նուիրեալներու: Իսկ Ահարոն Սաչագլեանի նման հերոսներու գերգաղտնապահութեան կը պարտինք «Նեմեսիս»ի գործողութեան յաջողութիւնը, որուն փաստաթղթային ամբողջ արխիւը լիովին ուսումնասիրուած չէ տակաւին եւ հաւանաբար ապագային նոր բացայայտումներ յայտնաբերուին «Նեմեսիս»ի գործունէութեան եւ անոր մասնակից հերոսներուն մասին: Դժբախտաբար մեր ժողովուրդին վիճակուած սեւ ճակատագրին պատճառով չբացայայտուած արխիւներ կրնան գոյութիւն ունենալ, որոնք Սաչագլեանի նման խոնարհ հերոսներու հոյլ մը կրնան յայտնաբերել:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Աղբիւրներ

  • «Հայրենիք» ամսագիր, Նոյեմբեր 1965, Էլիզա Սաչագլեան, «Ահարոն Սաչագլեան»:
  • «Նայիրի», 13 Մարտ 1996, Սիմոն Հովիւեան, «Յակոբ Սաչագլեան (Զըմպա Եաո՜ւպ)… եւ տէօրթ եոլցի Ովսաննան – Ա. եւ Բ.»:
  • «Նայիրի», 30 Մարտ 1996, Սիմոն Հովիւեան, «Յակոբ Սաչագլեան (Զըմպա Եաո՜ւպ)… եւ տէօրթ եոլցի Ովսաննան – Գ.»:
  • Յասմիկ Պէլլէլիի ընտանեկան արխիւ: