Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի ճաշկերոյթին հանգանակուեցաւ 230,985 տոլար

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան» Նախակրթարանի եւ «Բաստրմաճեան» Երկրորդականի տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 14 Ապրիլ, 2018-ին Հայ Կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք՝ «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս, 300 ազգայիններու ներկայութեամբ:

Երեկոն սկսաւ աւարտական դասարանի հանդիսավարներ՝ Ալինա Սեփեթճեանի եւ Յովիկ Կէտիկեանի բարի գալուստի խօսքերով, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը՝ վարժարանի երգչախումբին կատարողութեամբ եւ տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլողլեանի ղեկավարութեամբ:

Յայտագրի երկորդ բաժինը սկսաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի ճաշի սեղաններու օրհնութեամբ:

Ճաշի սպասարկութենէն ետք, Կրթական Գործադիր Մարմնի ատենապետ՝ Պրն. Թորոս Պապիկեան, խօսք առնելով՝ հաստատեց թէ հայ աշակերտը Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանէն ներս  կը ստանայ ուսումնական բարձր մակարդակ՝ հետեւելով Քէպէգ Նահանգի Կրթական նախարարութեան ծրագրին, առանց սակայն զիջելու իր Ազգային Դաստիարակութենէն, մայրենի լեզուի եւ մշակոյթին հիմնական իր իրաւունքէն, հայաշունչ եւ ապահով միջավայրի մը մէջ: Պրն. Պապիկեան հպարտութեամբ նշեց, թէ Ս. Յակոբ վարժարանը աւարտած շրջանաւարտներու թիւը այս տարի պիտի հասնի 997-ի։ Իր խօսքի աւարտին, Պրն. Պապիկեան նշեց նաև 200-էն աւելի սուրիահայ աշակերտներու ընդունելութիւնը։ Պրն. Պապիկեան եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Գէորգ Օհանեան Ս. Յակոբ վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Լենա Գատեանին յիշատակի նուէր մը յանձնեցին և յայտարարեցին, որ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Լենա Գատեաններ 10,000 տոլար կը նուիրեն վարժարանին, Տիկին Գատեանի հանգստեան կոչուելու առիթով ։

Տիկ. Գատեան խօսք առաւ երկու լեզուներով շեշտելով Ս. Յակոբի բացառիկ ուսուցիչներով կազմուած խմբակը որուն տեսլականը կը հետապնդէ իւրաքանչիւր աշակերտի բարեկեցութիւնն ու յաջողութիւնը, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան անդամներուն՝ Տիկին Շամլեանին, Տիկին Ֆօնդէնին և Օրդ. Ապրաքեանինին։

Տնօրէնուհին ընդգծեց վերջին 7 տարուայ ընթացքին կատարած բարելաւումները յատկապէս աշակերտին կերպարը, դպրոցին վարքագծին կանոնները, որդեգրուած դպրոցին արժէքները՝ յարգանքը, պատասխանատուութիւնը, համագործակցութիւնը եւ յարատեւումը։

Տիկին Գատեանի խօսքի աւարտին անձնակազմին անունով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց 27 տարուան ֆրանսերէն լեզուի և գրականութեան ուսուցչուհի տիկին Պէլլա Ուրֆալեանին, ինչպէս նաեւ 30 տարուան հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Պրն. Յարութիւն Պէրպէրեանին, վարժարանէն ներս իրենց բերած ներդրումին եւ անձնուէր աշխատանքին համար։ Տիկին Պէլլան եւ Պրն. Յարութիւնը հանգստեան կոչուած են այս տարի իրենց հետ տանելով պտղաբեր ասպարէզի մը անմոռանալի յիշատակները։

Պրն. Օհանեան շնորհակալութեամբ յիշեց Ռոզիկ Վարդանուշ Մուրատեանի եւ Ս. Գէորգ Հոգաբարձութեան կողմէ օժանդակութիւնը նաեւ յետեւեալ նուիրատութիւնները.

  • 6 000$ Bridge-ի խմբակէն
  • 22 000$- Տարեցներու Միութենէն,
  • 55 000$ Բաստրմաճեան հիմնարկէն,
  • 12 000$ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղէն,
  • 14 000$ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութենէն
  • 64 000$-ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղէն,
  • 500$ Համազգայինի “Սանահին” մասնաճիւղէն,
  • 250$ Հ.Յ.Դ. «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէ
  • 10 000$ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանէն,
  • 10 000$ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Լենա Գատեան,

Ճաշկերոյթի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Վարժարանի բոլոր բարերարները, պատասխանատուները, կրթական մշակները եւ Ճաշկերոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբը։ Շեշտեց Հայ Դպրոցի առաքելութեան կարեւորութիւնը հետեւեալ նախադասութիւնով « նիւթը հոգիի վերածենք և կապարը ոսկիի» եւ երեկոն փակեց իր օրհնութեամբ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.