Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հեռուստամարաթոնի գումարը հասաւ 777,008.11 տոլարի

Նախապէս տեղեկացուցած էինք, որ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին կազմակերպած հեռուստամարաթոնը պիտի սփռուէր 17 Նոյեմբեր 2019-ին, ժամը 4:00-6:00, ICI հեռուստակայանէն, որուն ընթացքին նուիրատուութիւնները պիտի շարունակուէին առցանց եւ հեռաձայններով: Վերոնշեալ վերասփռումին աւարտին հանգանակուած գումարը հասաւ 777,008.11 տոլարի:

Հեռուստամարաթոնի նուիրահաւաքի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ տակաւին կրնան նուիրատուութիւններ կատարել առցանց՝ www.ecolesourphagop.com կայքէջէն կամ հեռաձայնելով 1-833-332-1373 (ext. 234) թիւին:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.