Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդականի աշակերտներ «La justice a bonne mine» մրցոյթին նուաճած են 3 առաջնակարգ մրցանակներ

Horizon Weekly Newspaper

Շաբաթ, 29 Մարտ 2025-ին, Palais de Justice de Montréal-ի մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն՝ Մոնթրէալի Իրաւաբանական Սենտիքային կազմակերպած «La justice a bonne mine» 38-րդ մրցոյթը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանէն երկրորդականի աշակերտներ:

Քեպէգի Մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութեան կանոնադրութեան 50-ամեակին նուիրուած շարադրական նշեալ մրցոյթին թեման էր Քեպէգի Մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութեան կանոնադրութեան աշակերտին նախընտրած օրէնքն ու նախընտրութեան պատճառներու լուսաբանութիւնը:

Առաջատար 6 մրցանակներէն 3-ին արժանացան Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի աշակերտներ, ինչպէս նաեւ 4 յատուկ յիշատակութեան արժանաւորութեան:

Ընթացքին դատակազմը յայտնած էր, թէ խորապէս տպաւորուած էր աշակերտներուն ներկայացուցած բնագիրներուն որակով եւ ինքնատպութեամբ:
Մրցանակակիր աշակերտներն են.

Երկրորդականի առաջին շրջանակ.-
Առաջին մրցանակ՝ Կալի Զաքարեան – (Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարան – ֆրանսերէն)
Առաջին մրցանակ՝ Ատրիանա Մայքըլ – (Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարան – անգլերէն)

Երկրորդականի երկրորդ շրջանակ.-
Առաջին մրցանակ՝ Գառնի Քէշիշեան – (Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարան – անգլերէն)
Մրցոյթի արդիւնքները հասանելի են Barreau de Montreal-ի կայքէջին վրայ:

Horizon Weekly Newspaper