Մոնթրէալի «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբը 33 հազար տոլար կը նուիրէ Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի մանկապարտէզին

Հոկտեմբեր 21-ին Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբի հոգեւոր երգերու համերգը, որուն հասոյթը՝ 33 հազար տոլար պիտի յատկացուի Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» նորակառոյց մանկապարտէզին։

Հանրութեան առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ հայրենի երգահան Արեգ Լուսինեանի երաժշտական յօրինումով եւ աշխարհաբարի վերծանուած Ս. Պատարագը, խմբավարութեամբ Էլօ Պտղունի-Հարոյեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Դալար Հարպոյեան-Գալլօղլեանի։

«Centre Armenie»ի մէջ կայացած համերգը կը հովանաւորէր Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան։ Գեղարուեստական երեկոյի պատուոյ նախագահն էր տիկ. Շաքէ Կէօնճեան, իսկ համերգի իրականացման սատարողներն էին Տ. Եւ Տ. Արտէն եւ Քրիստին Տէրվիշեան, Տ. Եւ Տ. Մանուկ եւ Աննա Ջուխաճեան եւ Բասդրմաճեան հիմնադրամը։

Յայտագրի սկզբնաւորութեան ներկայացուեցան նաեւ վաստակաւոր երգահան Արեգ Լուսինեանի երգային յօրինումներէն փունջ մը։

Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի կողմէ 2006 թուականին հիմնուած «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը՝ անցեալին նոյնպէս իր համերգներէն գոյացած հասոյթները նուիրած է Հադրութի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզին, Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքին։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.