Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ սփիւռքահայ գրող Վեհանոյշ Թեքեանի նոր հրատարակութիւներու շնորհանդէսը

Հորիզոն Շաբաթաթերթի բոլոր այն ընթերցողները որոնք սովորութիւն ունին «Հորիզոն Գրական»ի յաւելուածներուն աչք մը նետելու, վստահ որ վերջին թիւին մէջ իրենց ուշադրութիւնը գրաւեց  «Ցաւի սանդղակը՝ մէկէն տաս» տողը,  զգացումներ արտայայտող նմանօրինակ նկարները եւ Վեհանոյշ Թեքեանի «ՑԱՒԸ՝ ՄԷԿԷՆ ՏԱՍԻ ՄԻՋԵՒ» գրութիւնը: Ուշագրաւ էր թէ ի՜նչ զուարթամտութեամբ ու գեղեցիկ ձեւով հեղինակը յաջողած է նկարագրել իր կեանքի ամէնէն դժուար ու տագնապալի վայրկեանները:

Ընդունինք որ հաճելի է ընթերցել Վեհանոյշ Թեքեանի գրութիւնները. ան առաջին տողերով իսկ կը գրաւէ ընթերցողի ուշադրութիւնը, հմայելով ու կապելով զինք դէպի իր նիւթը:

Մոնթրէալահայերը բախտաւորութիւնը պիտի ունենան վայելելու Վեհանոյշ Թեքեանի ներկայութիւնը իրենց մէջ, Երեքշաբթի 17 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ Կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահէն ներս, բանաստեղծ եւ Հայ Գրականութեան ուսուցիչ Յարութ Պէրպէրեան պիտի ներկայացնէ  Վեհանոյշ Թեքեանի ԱՂՕԹՔՆԵՐ ՈՒՌԿԱՆԻ ՄԷՋ գիրքը իսկ ճարտարագէտ ու գրասէր Րաֆֆի Աճէմեան պիտի ներկայացնէ  հեղինակի ԽՕՍՈՂ  ԼԵՐԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ հատորը:  Մուտքը ազատ է. տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն եւ զրոյց հեղինակի հետ:

                                                                                                                Անահիտ Պալեան

[…]Աւելցնել առօրեայ դեղեր

Քիչ մը արցունք

Մէկ գլուխ կասկած

Մէկ ափ խնդուք

Առածին չափ յիշատակ

Եթէ խառնուրդը թանձր թուի՝ կամաց-կամաց  աւելցնել

Մէկ ապուրի դգալ ապագայ- աւելին կծու կ’ըլլայ […]

                                                                  Վեհանոյշ Թեքեան

                                          Հատուած՝ Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.