Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. արքայի թագադրութեան շքանշանի տուչութիւն

Horizon Weekly Newspaper

Շաբաթ, 22 Մարտ 2025-ին, La Corbeille Bordeau-Cartierville սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ եւ ձեռամբ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի, տեղի ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. արքայի թագադրութեան շքանշան տուչութիւն, ներկայութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ տիկին Նուշիկ Էլոյեանի եւ ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեանի: Շքանշանին արժանացան, ի շարս այլ համայնքներու, Մոնթրէալի հայ համայնքի հետեւեալ բարերարներն ու ազգայինները, առաջադրութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հովիւի եւ Հոգաբարձութեան.

Ջուխաճեան Ընտանեկան Հիմնադրամի նախագահ տիար Մանուկ Ջուխաճեան, որուն ընտանիքի հիմնած հիմնադրամը կը նպաստէ երիտասարդներու ուսման: Հիմնադրամը առ այսօր կը նպաստէ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի կարիքաւոր ուսանողներուն: Անոր նուիրատուութեամբ վերանորոգուեցաւ վարժարանի տարրալուծարանը, ինչպէս նաեւ հաւաքավայրը: Նշենք, որ ան քաղաքէն դուրս ըլլալուն պատճառաւ, ներկայ չէր պարգեւատրումին:

Տիար Յարութիւն (Արթօ) Մարգարեան, որ եղած է Մոնթրէալի Հայ համայնքի հիմնադիրներէն մէկը եւ կամաւորաբար ծառայած համայնքին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին: Ան նաեւ մեծ ներդրում ունեցած է շարք մը բարեսիրական ծրագիրներու մէջ, նաեւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահի վերանորոգման բարերարներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահի հիմնական բարերարը: Պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով:

Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան, ակնաբոյժ-վիրաբոյժ, անդամ է Royal College of Surgeons-ի եւ the American Academy of Ophthalmology-ի, երկար տարիներ ծառայած է Հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ եղած է Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, այն տարիներուն, երբ Գանատայի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ որդեգրեց: Ան սատարած է Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրութեան եւ տարիներով անդամ եղած է Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան: Անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, նաեւ պարգեւատրուած է Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանով:

Տիկին Շաքէ Պէնօհանեան Կէօնճեան, որ ազգային բարերար է համայնքի եւ շրջանի կրթական, արուեստի եւ մարդասիրական շարք մը ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ տարիներով կամաւոր աշխատանքով ծառայած է հայ համայնքին: Ան Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահի վերանորոգման բարերարներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ Կէօնճեան կեդրոնի հիմնական բարերարն է: Տիկին Կէօնճեան պարգեւատրուած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով:

Տիկին Անահիտ Տէր Կարապետեան Մարգարեան, որ եղած է Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչուհի ապա տնօրէնուհի: Ան եղած է հիմնական բարերարներէն մէկը Հայ համայնքի շարք մը կրթական, գեղարուեստական, մարզական, մշակութային եւ բարեգործական միութիւններու ծրագիրներուն: Բարերարն է Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահին: Եղած է փոխ ատենապետ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, եւ մեծ ներդրում ունեցած է ՀՕՄ-ի ծրագիր-կանոնագրի բարեփոխման հսկայական աշխատանքի յաջողութեան: Եղած է նաեւ անդամ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Կրթական մարմնին: Որպէս գրականութեան սիրահար, ան ստանձնած է շատ մը գիրքերու հրատարակութեան մեկենասութիւնը: Տիկին Մարգարեան պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով:

Պարգեւատրումի ընթացքին խօսք առաւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, որ մեծապէս գնահատեց պարգեւատրուողներուն ներդրումն ու ծառայութիւնը իրենց համայնքներուն, շրջաններուն եւ ընդհանուր Գանատայի բարգաւաճման, զարգացման եւ յառաջդիմութեան:

Նշենք, որ Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. արքայի թագադրութեան շքանշան կը յիշատակէ անոր թագադրումը եւ առաջին անգամ ներկայացուած է 6 Մայիս 2023-ին, թագադրութեան օրին: Այն կը շնորհուի նշանակալի ներդրում ունեցող անձանց՝ Գանատայի մէջ հանրային ծառայութեան, արուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներէն մէկուն մէջ, կամ Գանատայի որոշակի նահանգի, համայնքի կամ արտերկրի մէջ ակնառու ձեռքբերումներ նուաճած անձնաւորութիւններու, որոնք յաւելեալ վարկ եւ միջազգային ճանաչում կ’ապահովեն Գանատայի:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի