Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւն
Կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն, 21 Յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն՝ ՀՅԴ-ի 127-ամեակին առթիւ, ներկայութեամբ Հոգշ. Հայր Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներու, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, դաշնակցական ընկերներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեան:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը՝ «Մեր հայրենիք» եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներու երգեցողութեամբ, որմէ ետք օրուան հանդիսավար ընկհ. Նորա Արուշեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով: Ընկհ. Արուշեան զոյգ կոմիտէութիւններուն անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա նշեց. «Փոթորկալի տասնամեակներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը իր հազարաւոր նահատակներու արեամբ, իր բիւրաւոր նուիրեալներու անլուր եւ համեստ զոհաբերութեամբ ապացուցեց եւ տակաւին կը շարունակէ ապացուցել, որ ինք եղած է եւ կը մնայ հայ ժողովուրդի հաւաքական իղձերը հետապնդելու սահմանուած ամենավստահելի կառոյցը»: Ան իր խօսքին աւարտին յիշեց նաեւ, թէ հայ ժողովուրդը այս տարի պիտի նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, եւ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի զայն նշելու մեծ շուքով եւ համահայկական տարողութեամբ:
Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը հանդէս եկաւ «Հայրենիքիս հետ» երգի կատարմամբ, խմբավարութեամբ՝ տիկ. Լոռի Անթունեանի եւ նուագակցութեամբ՝ տիկ. Ռիթա Շամլեանի: Գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը, որ խանդավառեց ներկաները «Քոչարի» պարով, եւ որուն գեղարուեստական ղեկավարն է տիկ. Եւա Հայրապետեան:
Համաստեղի «Հայու հոգին» բանաստեղծութիւնը հնչեց վաստակաւոր ասմունքող տիկ. Անահիտ Պալեանի ոգեւորիչ կատարողութեամբ, որուն յաջորդեց օրուան պատգամաբեր, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Տարօն Տէր Խաչատուրեանի բանախօսութիւնը: Ընկ. Տարօն ողջունելէ ետք ներկաները, անդրադարձաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ստանձնած դերակատարութեանց, պարտաւորութեանց եւ պատասխանատուութեանց, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը իր վստահութիւնը անվարան շնորհած է այս կազմակերպութեան: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ «Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով ու միջոցներով կը ջանայ իրականացնել հայ ժողովուրդին դարաւոր երազը՝ անկախ պետութեան ստեղծում, ամբողջական Հայաստանի կիրարում, բովանդակ հայութեան համախմբում սեփական ազատ հայրենիքի մէջ եւ ժողովրդավարական կարգերու տակ»: Ան նշեց նաեւ, թէ Դաշնակցութեան օրակարգին վրայ են Հայ դատի հետապնդումը, Արցախեան գոյապայքարը, Հայաստանի կայուն զարգացումն ու Սփիւռքի առողջ պահպանումը:
Ընկ. Տարօն իր խօսքին աւարտին, խօսքը ուղղելով գանատահայութեան, շեշտեց, թէ գանատահայութիւնը մի՛շտ պատնէշի վրայ եղած է համայնքը, հայկական բոլոր գաղութները, Հայաստանն ու Արցախը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը յուզող բոլոր դժուարութիւններուն ժամանակ՝ անվարան իր ներդրումը ունենալով եւ սատար կանգնելով մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն:
Համազգայինի «Անի» պարախումբը դարձեալ հանդէս եկաւ «Սասնայ Քոչարի» պարով, որուն յաջորդեցին պատմական մեր դէմքերուն կողմէ ՀՅԴ-ի նուիրուած խօսքերու եւ լոզունգներու ընթերցումը ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերէն խումբ ընկերներու կողմէ: ՀՅԴ ԳԵՄ-ի վարչութեան կողմէ խօսք առաւ ընկ. Ժան Յակոբ Ճուխաճեան, որ կատարեց խոստումի արարողութիւնը խումբ մը պատանիներու, որոնք փոխանցուեցան ԳԵՄ-ի շարքերը: Ընկ. Ճուխաճեան նորագիր ԳԵՄ-ականներուն ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Դուք Հայ դատի պաշտպան զինուորները պիտի դառնաք, մեր արդար իրաւունքներուն տիրանալու համար ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէք եւ հայ ազգին ու մեր հայրենիքին յառաջդիմութեան ի նպաստ պիտի գործէք»:
Հանդիսութեան աւարտին յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գօգօ Թիւթիւնճեան խանդավառեց մթնոլորտը «Կարկուտ տեղաց», «Հայրենեաց սիրոյ համար», «Վաղ թէ ուշ» եւ «Արիւնոտ դրօշ» յեղափոխական երգերու ոգեւորիչ կատարողութեամբ, երգեհոնի մասնակցութեամբ՝ Վազգէն Հապիպի:
Սոնա Թիթիզեան