Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Կամքի կազմակերպած «Մէկ նպատակ, մէկ ընտանիք» կամաւորներու գնահատանքի երեկոն

22 յունուար 2026-ին, ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի վարչութիւնը հիւրընկալեց աւելի քան եօթանասուն կամաւորներ, պատասխանատուներ, մարզիչներ, մարզական յանձնախումբ, սկաուտական խորհուրդ, սկաուտական խմբապետներ, գործակիցներ եւ գործուն անդամներ, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Արթօ եւ Ալիս մարգարեան սրահէն ներս կազմակերպուած երեկոյին, որուն նպատակն էր մեծարել մեր օժանդակները։ Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութենէն ատենապետ Մանուէլ Քէօսէեան եւ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի վարչութեան մօտ կապ Վահէ Թաշճեան։

Երեկոյին սկիզբը, մասնակիցները դիմաւորուեցան վարչութեան անդամներուն՝ Արբի Ղազարեանի, Արմենուհի Վարդանեանի, Զօհրապ Շահինեանի, Ժիւլի Հինտոյեանի եւ Ժագ Չարֆաճեանի կողմէ։ Երեկոյին առանձնայատուկ խորհրդանիշներէն մէկը ծառի պատկերն էր, որուն տերեւները պիտի ստեղծուէին ներկաներու մատնահետքերով։ Իւրաքանչիւր մասնակից իր մատնահետքը եւ իր անուան սկզբնատառերը կը դնէր ծառին վրայ, այսպիսով երեկոյին ընթացքին այդ ծառը վերածուեցաւ գունաւոր, կենդանի միասնականութիւն խորհրդանշող ստեղծագործութեան։

Երեկոյին պաշտօնական բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի վարչութեան ատենապետ Արբի Ղազարեան, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, յատկապէս՝ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, սկաուտական պատասխանատուներուն, մարզիչներուն, խմբապետներուն, մարզական յանձնախումբին եւ բոլոր կամաւորներուն։

Ան ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը՝ դաստիարակել առողջ մարմին, միտք եւ հոգի ունեցող երիտասարդութիւն, եւ շեշտեց, որ այս առաքելութիւնը հնարաւոր է միայն այն օժանդակներուն շնորհիւ, որոնք իրենց ժամանակը, փորձառութիւնը եւ սիրտը կը դնեն կազմակերպութեան մէջ։

Ընթացքին ներկայացուեցան սահիկներ, որոնց միջոցով ներկաները վերապրեցան անցնող տարիներու կարեւոր պահերը.

– մարզական եւ սկաուտական ծրագիրներու ծաւալում

– մշակութային եւ համայնքային ձեռնարկներ

– համագործակցութեանց ամրապնդում

– ընթացիկ եւ ապագայ ծրագիրներ

– կամաւորներու գործուն ազդեցութիւնը երիտասարդութեան վրայ։

Թիւերը խօսուն էին՝ հարիւրաւոր երիտասարդներ, տասնեակ ձեռնարկներ, ընդարձակուող խումբեր եւ ամուր համայնք։ Իւրաքանչիւր յաջողութեան ետին կանգնած էր կամաւոր մը՝ իր լուռ բայց անփոխարինելի ներդրումով։

Երեկոյին ամենաազդեցիկ պահերէն մէկը եղաւ տասը կամաւորներու մեծարումը, որոնք տասը տարի շարունակ ծառայած են ՀՄԸՄ-Կամք-ին։ Անոնք ստացան յատուկ գնահատագիրներ՝ ի նշան երախտագիտութեան։ Մեծարուած քոյրերն ու եղբայրներն էին՝ Շողիկ Ազարիկեան, Սարգիս Դաւիթեան, Հայկ Էհրամճեան, Նանսի Թորոսեան, Թամար Խաչիկեան, Հուրիկ Հալաճեան, Մուշեղ Պամպուքեան, Անտոնի Ճիափուզեան, Հայկ Նշանեան եւ Տիգրան Քէհեայեան:

Այս պահը կը փոխանցէր պարզ բայց խորունկ պատգամ մը՝ մեր կազմակերպութեան մէջ ամէն կամաւոր արժէք է, ամէն նուիրում՝ գնահատելի։

Շնորհաւորանքէն ետք, ներկաները հրաւիրուեցան ճաշի։ Մթնոլորտը ջերմ էր, ընտանեկան եւ զուարճալի: Նաեւ տեղի ունեցան խաղեր:

Ճաշկերոյթին ընթացքին կը ցուցադրուէին տարուան գործունէութեանց նկարները՝ յիշեցնելով անցնող տարեշրջանին գեղեցիկ պահերը, յաղթանակները եւ բաժակները։

Երեկոյին աւարտին հրամցուեցան քաղցրեղէն եւ սուրճ:

Վերջին հաճելի պահը եղաւ խմբային նկարը, երբ բոլոր կամաւորները միացան միասնական լուսանկար մը ստեղծելու։ Այդ պատկերը ինքնին կը պատմէ մեր մասնաճիւղին եւ համայնքին ուժը, միասնութիւնը եւ փոխադարձ գնահատանքը։

Նշենք, որ այս երեկոն միայն շնորհակալութեան համար չէր։ Ան կը նպատակադրէր, զգալ տալ մեր կամաւորներուն, թէ իրենք գնահատուած են եւ անփոխարինելի։

Ծառին նկարը, լեցուեցաւ ներկաներու մատնահետքերով. ծառին արմատները կը խորհրդանշէր մեր համայնքը, իսկ տերեւները՝ մեր կամաւորները։

ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալը պիտի շարունակէ աճիլ իր կամաւորներուն նուիրումով, սիրով եւ անսակարկ ծառայութեամբ։ Այս երեկոն յիշեցում մըն էր, որ մենք կը քալենք միասին՝ առաջնորդուելով «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» մեր կոչով։

ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի վարչութիւն