Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացք»ը

Շաբաթ 11 յունուար 2020-ին, Մոնթրէալի Սբ. Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ, 16 ուսանողներով ծայր առաւ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարջութեան կազմակերպած «Լեւոն Շանթ Հայերէնագիտական դասընթացք»ը, ղեկավարութեամբ Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի։ Օրուան դասախօսն էր իսթանպուլահայ գրող, ուսուցիչ, թարգմանիչ եւ խմբագիր Սեւան Տէիրմենճեանը, որ ներկայացուց Յետ-Եղեռնեան պոլսահայ գրականութիւնը նիւթը։

Դասախօսը նախ ուրուագծեց 1915-ին յաջորդող տարիներու այն քաղաքական եւ մշակութային մթնոլորտը, որուն մէջ կ՚ապրէին ու կը ստեղծագործէին օրուան գրագէտները։ Ան ապա ներկայացուց Իսթանպուլէն դուրս քիչ ճանչցուած վեց գրողներ, Երուանդ Կոպէլեան, Կարպիս Ճանճիկեան, Վարդան Կոմիկեան, Օննիկ Ֆըչըճեան, Անդան Օէզէր եւ Զաւէն Պիպեռեան։ Իւրաքանչիւրի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ ընթերցելով, Տէիրմենճեան անդրադարձաւ անոնց հասարակաց յատկանիշերուն եւ առանձնայատկութիւններուն։

Ներկայացուած գրողներու մեծամասնութիւնը Մոնթրէալի մէջ կը ներկայացուէր առաջին անգամ. հետեւաբար, անոնք յայտնութիւն մը եղան ուսանողներուն, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսի բացատրութիւններուն եւ նշմարներուն։ Երեք ժամ տեւող դասապահը իր լրումին հասաւ ուսանողներու հարցումներով։

Դասընթացքը կը շարունակուի մինչեւ 18 ապրիլ 2020։ Հետաքրքրուողները կրնան յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ armenolog.wordpress.com կայքէջէն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.