Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի տեղական մարմիններու հանդիպում
2217
0
Երկուշաբթի 27 Նոյեմբեր 2017ին, Մոնթրէալի հայ կեդրոնին մէջ Հ.Յ.Դ. «Միհրան Փափազեան» կոմիտէն հանդիպում ունեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ.ի Մոնթրէալի Վարիչ Մարմնին հետ։
Հանդիպումին մասնակից էր նաեւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէի եւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչները, ուր արծարծուեցան Մեծն Մոնթրէալի հայ գաղութը յուզող զանազան հարցեր, շեշտադրելով համագործակցութեան բարձր ոգին ու միասնական աշխատանքի կամեցողութիւնը, ի շահ Մոնթրէալի հայ գաղութի գոյատեւման ու Հայ Դատի հետապնդման: