Մոնթրէալի մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ««Էրեբունի»» պարախումբը
- (0)

«Պարեց Սասունն, ու ողջ աշխարհը հիացաւ» Գէորգ Էմինի այս տողը յարմարեցնելով Գանատայի հայ գաղութին, պիտի ըլլար՝ «Պարեց Համազգայինի Թորոնթոյի «Էրեբունի» պարախումբը, եւ մոնթրէալաբնակ հայ մշակութասէրները հիացան»։ Սքանչելի բան էր Շաբաթ, 22 Մարտ 2025-ին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի հրաւէրով կայացած ելոյթը, Vanier College-ի սրահին մէջ։
Միջոցառումէն օրեր առաջ արդէն, սպառած էին տոմսերը, եւ կը վստահեցնեմ, թէ եթէ առիթ ըլլար կատարելու երկրորդ ներկայացում մը, նոյնքան եւ աւելի արագ պիտի սպառէին տոմսերը։
Դուրսը ցուրտ էր, հով ու տեղատարափ անձրեւ, որ աւելի ուշ վերածուեցաւ թանձր փաթիլներու, իսկ սրահէն ներս՝ հարիւրաւոր փայլուն աչուկներ եւ շաբաթներէ ի վեր անհամբեր սպասող տաքուկ սրտեր…
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Անի» պարախումբի նախկին պարող Արաքս Մալխասեան, որ երկար տարիներ գործած է «Անի» պարախումբի յանձնախումբին մէջ եւ ներկայիս անդամ է Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ մեծ պատիւ էր հիւրընկալել Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Էրեբունի» պարախումբն ու «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի փոքրիկներէն խումբ մը, ապա «Էրեբունի» պարախումբին մասին հակիրճ ակնարկէ մը ետք նշեց, թէ հայերուս համար պարը պարզ շարժում չէ, այլ խոր իմաստ ունեցող արտայայտութիւն մը՝ կապուած մեր ինքնութեան եւ մեր պատմութեան. մշակոյթի կենդանի լեզու մըն է, որ դարէ դար ապրելով, դարձած է գոյատեւման խորհրդանիշ։
Յայտագիրը սկսաւ երբ թնդաց սրահը Սասնայ ազգագրական պարերու շարանով։ Հայկական գեղեցիկ տարազներով, ինքնավստահ ու համաչափ քայլերով պարախումբը հանդիսատեսին նո՛ր կեանք ու նո՛ր շունչ պարգեւեց իր ամէն մէկ շարժումին հետ։
Աղջիկ տղայ կողք-կողքի, ուս-ուսի, հանգիստ, ազատ ու հաստատ քայլերով հմայքի ուժ կը հաղորդէին հանդիսատեսին։ Կարծես կը յուշէին, թէ մենք՝ շառաւիղը մեր պապերուն, թէեւ մղոններ հեռու մեր հայրենիքէն, կը հաստատենք, թէ ներկայ ենք, կանք եւ մեր պայքարը պիտի շարունակենք։
Ապա Պարոյր Սեւակի «Բարեւ» բանաստեղծութեամբ հանդէս եկաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան վաստակաշատ անդամ եւ ասմունքող Թամար Տօնապետեան։ Ասմունքին յաջորդեցին «Տաւիղ», «Քոչարի», «Ախալցխա», «Հնձուորներ» պարերը, որնցմէ ետք բեմ բարձրացաւ Ռազմիկ Կարպուշեան ու կատարեց Գուսան Հաւասիի «Եարը մարդուն եարա կու տայ» երգը։
«Մոկաց Հարսներ» եւ «Սայաթ Նովա» պարերուն մէջ կը փայլէին աղջիկները իրենց գեղեցիկ շարժումներով ու նազպարերով , որպէս իսկական արտայայտութիւն՝ մեր հարազատ մշակոյթին։
Ապա Մարինէ Շահինեան մեներգեց Առնօ Բաբաջանեանի «Կամուրջներ» երգը, որմէ ետք բեմահարթակին վրայ էր «Էրեբունի» պարախումբը, այս անգամ «Էլեգիա» պարով։
Դարձեալ բեմ բարձրացաւ Թամար Տօնապետեան ասմունքելու Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ» կտորը։ Ձեռնարկը շարունակուեցաւ «Ղարաբաղ», «Նազ մի անի», «Հայոց աղջիկներ» եւ «Հարսանիք» պարերով, որմէ ետք վերջ գտաւ յայտագրի առաջին բաժինը։
Կարճ դադարէ ետք, սկսաւ յայտագրին երկրորդ կէսը։ Այս բաժնի բեմադրութիւնները մտայղացումն էին Համազգայինի Թորոնթոյի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Նելլի Կարապետեանի։
Առաջին հերթին, C-rouge-ի գործիքաւորմամբ, «Էրեբունի» պարախումբը ոգեւորեց հանդիսատեսը «Սասունցիներ» պարով, որուն յաջորդեց «Կռունկի ճախրանքը» տեսանիւթը, որ թեքնիք խանգարումի պատճառով զանց առնուած էր յայտագրի առաջին մասէն։ Տեսերիզը նուիրուած էր Հայաստանի Պարի պետական անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար, Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի-պարի պետական անսամպլի պարարուեստի հմուտ ուսուցիչ Ազատ Ղարիպեանի վաստակին։ Հրաշագործ այս արուեստագէտի բեմադրութիւններէն հանդիսատեսը վայելեց հետեւելով յայտագրի առաջին բաժնի պարերուն։
Երեկոն շարունակուեցաւ «Սիրոյ մեղեդի» եւ «Մարտական Քոչարի» պարերով։ Հիասքանչ բան էր տեսնել «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի փոքրիկներու ու պատանիներու մասնակցութիւնը «Մարտական Քոչարի» պարին։ Անոնք իրենց ճկուն շարժումներով կը ցոլացնէին հայ մշակոյթի յաւերժութիւնը։
Ժողովուրդին մէջէն, դէպի բեմ յառաջանալով, իր անուշ ձայնով «Տլէ եաման»-ը մեներգեց Սոնա Յովսէփեան, որմէ ետք պարախումբի աղջիկներէն խումբ մը կատարեցին «Տլէ եաման»-ը։
Բեմահարթակին վրայ էր դարձեալ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի փոքրիկներն ու պատանիները, որոնք այս անգամ «Շալախօ» պարով հմայեցին հանդիսատեսը։
Երեկոն հասաւ իր գագաթնակէտին երբ «Էրեբունի» պարախումբը ներկայացուց «Կեանք ու կռիւ» պարը, Աւետ Տէրտէրեանի երաժշտութեամբ, նուիրուած Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու յիշատակին, եւ երբ Վահագն Դաւթեանի «Գիշերային զրոյց Նարեկացու հետ» բանաստեղծութենէն հատուածով մը Թամար Տօնապետեան հրապուրեց ներկաները իր յուզառատ կատարումով:
«Էրեբունի» պարախումբը հանդէս եկաւ «Հորովել» պարով, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ հայրենիքի համար իրենց կեանքը նուիրած զինուորներու «Կեանք ու կռիւ» տեսերիզը, որուն ընթացքին ժողովուրդին մէջէն «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի փոքրիկներն ու պատանիները մոմերով յառաջացան դէպի բեմահարթակ ու զետեղեցին զանոնք բեմի եզրին, լոյս յայտնելով արծիւներու հոգիներուն եւ ըսելու թէ դուք ինկաք, բայց չկորաք. յարգանք ձեզ… պայքարը պիտի շարունակուի։
Տպաւորիչ տեսանիւթէն ետք, թնդաց սրահը Արա Գէորգեանի «Արցախ» երաժշտութեամբ, որմէ ետք շնորհակալական գեղեցիկ տողերով իր սրտի խօսքը արտայայտեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ «Գլաձոր» մասնաճիւղի տարիներու աշխոյժ անդամ Թամար Տօնապետեան։ Ան բարձր գնահատեց պարախումբերու անդամները, անոնց ետին կանգնող ծնողները, տաղանդաշատ պարուսոյց Նելլի Կարապետեանը եւ անոր ետին կանգնող «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութիւնը, նշելով թէ իրենց նուիրական աշխատանքով ու յարատեւութեամբ համազգայնական միաւորներ նոր յոյս եւ ուժ կը ներշնչեն բոլորին։ Ան նաեւ իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան։ Եւ եզրափակեց. «Կենաց մահու այս օրերուն, կտոր մը հայրենիք մեր սրտերուն մէջ, գօտեպնդուած եւ ուս ուսի շարունակենք մեր երթը՝ լոյսով լոյսին»։
Գեղեցիկ ու տպաւորիչ այս ձեռնարկի փակման պարն էր «Հոյ Նազան»ը, որուն աւարտին, ծափողջոյններով բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Թորոնթոյի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց եւ բեմադրիչ Նելլի Կարապետեան, որուն վաստակին իբր շնորհաւորանք, Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետ Ռուբէն Սարգիսեան ծաղկեփունջ մը փոխանցեց։
Կեցցե՛ն բոլոր պարողները անխտիր, եւ վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այս ելոյթի յաջողութեան։
Ձեռնարկէն ետք, «Անի» եւ «Էրեբունի» պարախումբերը, ինչպէս նաեւ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի փոքրիկներն ու պատանիները, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, համախմբուեցան Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահէն ներս, համեղ պատառ մը ճաշակելու եւ հայ երգի ու երաժշտութեան ընկերակցութեամբ պարելու մինչեւ առաւօտեան փոքր ժամերը։ Անոնց ոտքերու զարկին տակ ո՛ւժ կար ու կամք՝ ապրելու եւ ապրեցնելու հայ մշակոյթը հայու ոգիով։
Անահիտ Պալեան