Մոնթրէալի «Հայք» քառեակի համերգին հասոյթով Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ խաղաթաքստոցներ պիտի կառուցուին

Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2017-ին, Մոնթրէալի Սէն Լորան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայք» ձայնային քառեակին Ծննդեան համերգը, որուն խմբավարն է տիկ. Յասմիկ Գասպարեանը: Սոյն ելոյթին մասնակցեցան նաեւ «Փոքր Հայք» ինը երեխաներէ բաղկացած մանկապատանեկան խմբակը: Խումբը հանդէս եկաւ հայ թէ օտար Ծննդեան շարականներով եւ երգերով:

Համերգին հիմնական հովանաւորն էր տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Աննա Աֆէեան ամոլը: Համերգի աւարտին խօսք առաւ տիար Լեւոն Աֆէեանը, որ յայտնեց, թէ մեծ հաճոյքով ստանձնած էր սոյն համերգին հովանաւորութիւնը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Տաւուշի մարզի «Պահապան» Զարգացման Հիմնադրամին հայրենանուէր ծրագիրներուն եւ այս պարագային՝ սահմանային գիւղերուն մէջ խաղաթաքստոցներ հիմնելու, որպէս ապահով վայր սահմանամերձ գիւղերու երեխաներուն:

Խանդավառուած մթնոլորտէն համերգի աւարտին տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Աննա Աֆէեանները որոշեցին կրկնապատկել հաւաքուած գումարը: Համերգի հասոյթով եւ Լեւոն եւ Աննա Աֆէեաններու նուիրատուութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կառուցել երկու սահմանամերձ գիւղի խաղաթաքստոց։

Տաւուշի մարզի «Պահապան» Զարգացման Հիմնադրամի մասին կարդալ այս յղումով՝ pahapan.org.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.