Մխիթարեան Միաբանութեան Հաղորդագրութիւն
- (0)

Փարիզի Վերաքննիչ ատեանի կողմէ 2024 թուականի, Սեպտեմբեր 10-ին, կայացած վճիռին համաձայն, եւ այս նպատակով նշանակուած ժամանակաւոր վարիչի հրաւէրովՈւրբաթ, 4 Ապրիլ 2025ին, տեղի ունեցաւ Սամուէլ Մուրատ վարժարանի միութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ընտրուեցաւ միութեան նոր վարչութիւն հետեւեալ անդամներէ
- Մխիթարեան Միաբանութիւն
- Հ. Պօղոս (Վիգէն) Վրդ. Գոճանեան
- Հ. Եղիա (Պետրոս) Վրդ. Քիլաղպեան
- Հ. Վահան (Վիգէն) Վրդ. Օհանեան
- Հ. Նարեկ (Ճորճ) Վրդ. Տատուրեան
- Հ. Համազասպ (Փանոս) Վրդ. Քէշիշան։
Նորընտիր վարչութիւնը իր անդրանիկ նիստին որոշեց նոր վարչական գործադիր մարմին, հետեւեալ պաշտօններով Նախագահ
Հ. Նարեկ Վրդ Տատուրեան,
Փոխ ՆախագահՀ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան, Քարտուղար
Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեան եւ
Գանձապահ` Հ. Վահան Վրդ. Օհանեան։
Վարչութիւնը հանդիսաւոր կերպով վերահաստատեց իր նուիրուածութիւնը Միութեան կրթական, մշակութային եւ Ցեղասպանութեան յիշատակի եռակի առաքելութեան, ինչպէս նաեւ առաքելութիւնը կատարելու համար Սեւրի հայկական վարժարանի տարածքի պահպանման։
Յաջորդաբար, հազիւ Միութեան դիւանը եւ թղթաբանութիւնը տրամադրելի դառնայ պիտի ուսումնասիրուին վերջին հինգ տարիներու գործունէութիւնը, հաշուեկշիռը եւ նախաձեռնած ծրագիրներու իրականացման գործընթացը։
Վարչութիւնը շուտով պիտի քննարկէ միութեան նոր ոյժերով համալրման հնարաւորութիւնը` ընդունելով նոր անդամներ, որոնք կապուած ըլլան վարժարանին եւ մտահոգ անոր ներկայով ու ապագայով։
Միութեան խորհուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայկական գաղութի բոլոր անդամներուն, որոնք միշտ սրտակցութիւն ցուցաբերած եւ սատար կանգնած են Ս. Մուրատեան Վարժարանին եւ անոր առաքելութեան։ Անոնք պիտի շարունակեն ապագային նաեւ անոր զօրավիգ կանգնիլ եւ օգտակար դառնալ։