Միքայէլ Սրբազան պիտի մնայ տնային կալանքի տակ. դատարանը արտօնած է մասնակցիլ պատարագներուն
- (0)

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայել Արքեպիսկոպոս Աջապահյանը պիտի շարունակէ մնալ տնային կալանքի տակ, հակառակ իր պաշտպաններու ներկայացուցած վերաքննիչ դիմումին: Վերաքննիչ դատարանը մերժած է Սրբազանին նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցը վերացնելու միջնորդութիւնը, սակայն արտօնած է անոր ներկայ գտնուիլ եւ մասնակցիլ մատուցուող պատարագներուն։
Փաստաբան Երեմ Սարգսեան դատարանին ներկայացուցած էր Շիրակի հաւատացեալներու դիմում-խնդրանքը, որով կ’առաջարկուէր ազատ արձակել Սրբազանը՝ հոգեւոր արարողութիւնները կատարելու համար։ Պաշտպանական կողմը որպէս հիմնաւորում նշած է նաեւ պատիժի մէկ երրորդի լրանալը եւ Արքեպիսկոպոսին դրսեւորած պատշաճ վարքագիծը, սակայն դատախազը յայտարարած է, որ խափանման միջոցը փոխելու բաւարար հիմքեր չկան։
Միքայել Սրբազան, որ ութ ամիս անարդար բանտարկութենէ ետք արդէն մէկ ամիսէ ի վեր տնային կալանքի տակ կը գտնուի, ամբաստանուած է իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչերու յօդուածով։ Բարձրաստիճան հոգեւորականը կը մերժէ առաջադրուած մեղադրանքը՝ զայն որակելով որպէս քաղաքական հետապնդում։
Զուգահեռաբար, Սրբազանը վերջերս այցելած է «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոն՝ վիրահատութենէ ետք հերթական բժշկական քննութեան ենթարկուելու համար։ Բժիշկներու փոխանցմամբ՝ անոր առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար, սակայն ան պիտի շարունակէ մնալ մասնագիտական հսկողութեան տակ։