Միրզոյեան ընդդիմութեան կ՚առաջարկէ աջակցիլ սահմանադրական հանրաքուէին՝ խոստանալով հրաժարիլ մերժումի պարագային
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդդիմադիր խորհրդարանական ուժերուն առաջարկեց աջակցիլ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի ներկայացնելու նախաձեռնութեան՝ յայտարարելով, որ ժողովուրդին կողմէ անոր մերժումին պարագային կառավարութիւնը պատրաստ է հրաժարական տալու։
Առաջարկը ներկայացուեցաւ հոկտեմբեր 28-ին, Ազգային ժողովի մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին, երբ քննարկման առանցքին կը գտնուէր Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման միջեւ ստեղծուած կապը։
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արամ Վարդեւանեան հարց բարձրացուց, թէ ինչո՛ւ իշխանութիւնները սահմանադրական փոփոխութիւնները կը կապեն խաղաղութեան համաձայնագիրին, երբ նախաստորագրուած փաստաթուղթին մէջ նման պայման չէ ամրագրուած։
Պատասխանելով՝ Միրզոյեան առաջարկեց հանրաքուէի ճամբով լուծել հարցը եւ ընդդիմութեան դիմելով յայտարարեց, թէ եթէ ժողովուրդը մերժէ նոր Սահմանադրութիւնը, կառավարութիւնը պիտի հեռանայ իշխանութենէն։
Մինչ այդ, արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան յայտնած է, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը նախատեսուած է հրապարակել Նոյեմբերի կիսուն։
Սահմանադրական նախաձեռնութիւնը, սակայն, կը շարունակէ լուրջ առարկութիւններ յառաջացնել։ Ընդդիմութեան հիմնական մտահոգութիւնը կը վերաբերի գործընթացին քաղաքական դրդապատճառներուն եւ Պաքուի պահանջներուն հետ անոր առնչութեան։
Իր կարգին, Փաշինեան յայտարարած է, որ իշխանութիւնները պիտի փորձեն հանրային ճնշում բանեցնել ընդդիմութեան վրայ՝ հանրաքուէին համար անհրաժեշտ խորհրդարանական աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով։
Այս զարգացումները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան վերանայումը չի ծառայեր երկրի ինքնիշխան շահերուն, այլ վերածուած է արտաքին պահանջներու իրագործման քաղաքական գործիքի։