Մինչեւ Տարեվերջ Թալիշ Պիտի Վերադառնան Առաջին Ընտանիքները

Մինչեւ տարեվերջ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ ամբողջութեամբ շահագործման պիտի յանձնուին առաջին 17 բնակելի տուները, ուր մշտական բնակութիւն կը հաստատեն այն բնակիչները, որոնք առաջինը ցանկութիւն յայտնած են գիւղ վերադառնալու:

Այս մասին, ըստ Արցախպրես-ի, ըսած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը եւ աւելցուցած, որ բացի հիմնական վերանորոգման աշխատանքներէն, որոշ առանձնատուներու մէջ իրականացուած են կցակառուցման աշխատանքներ: Բոլոր տուներուն մէջ առկայ են սանհանգոյցներ, խոհանոցներ, կահաւորուած ննջասենեակներ եւ հիւրասենեակներ:

ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարի տեղեկութիւններով` շինարարական աշխատանքներուն յաջորդ փուլով պիտի կառուցուի եւս տասը տուն, որուն երկուքի աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:

Բացի բնակելի տուներէն, աւարտին կը մօտենան նաեւ համայնքային բազմատեսակ կեդրոնի վերակառուցման աշխատանքները, ուր կ՝ընթանան ներքին եւ արտաքին ներկարարական աշխատանքներ: «Համայնքային կեդրոնի շէնքը պիտի ունենայ համայնքի ղեկավարի աշխատակազմի համար նախատեսուած սենեակներ, բուժկէտ, երիտասարդներու ժամանցի համար խաղասենեակներ: Շէնքի յարակից տարածքին մէջ կը կառուցենք նաեւ կաթսայատուն, որ պիտի ծառայէ ո՛չ միայն համայնքային կեդրոնին, այլեւ դպրոցին եւ մանկապարտէզին: Կը վերակառուցուի նաեւ գիւղի հանդիսութիւններու դահլիճը, որ աւերուած էր հրետակոծութեան հետեւանքով: Շէնքին հիմքերը ամրացուած են, տանիքի ծածկը՝ իր բոլոր յարդարման աշխատանքներով՝ ամբողջութեամբ նորոգուած է: Ներկայիս այնտեղ եւս շինարարական աշխատանքները աւարտման փուլի մէջ են եւ հիմնականը բարեկարգման աշխատանքներ կ՝իրականացուին: Մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսենք շահագործման յանձնել համայնքային կեդրոնի եւ հանդիսութիւններու դահլիճի շէնքերը»,- ըսած է Կ. Շահրամանեան եւ աւելցուցած, որ մինչեւ 2018 թուականի Սեպտեմբեր 1-ը շահագործման պիտի յանձնուին նաեւ դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերը` իրենց բոլոր յարմարութիւններով` բարեկարգմամբ, գիշերային լուսաւորութեամբ եւ խաղահրապարակներով:

Կ. Շահրամանեան նշած է, որ Թալիշի մէջ կառուցուող հասարակական նշանակութեան բոլոր շէնքները ապահովուած են ապաստարաններով, որ կրնայ ծառայել նաեւ հարեւանութեամբ գտնուող տուներու բնակիչներուն համար:

Բացի պետական միջոցներէն, ըստ քաղաքաշինութեան նախարարի, Թալիշի վերակառուցման ծրագիրներուն մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ունի նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Հիմնադրամին կողմէ յատկացուած է շուրջ 900 միլիոն դրամ: Այդ միջոցներով հնարաւոր դարձած է գիւղին մէջ շինարարական աշխատանքները աւելի անմիջական դարձնել: Մարդոց կենսագործունէութեան համար կը ստեղծուին բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, գրեթէ ամբողջութեամբ վերականգնուած են առկայ ենթակառուցուածքները, կը բարեկարգուին փողոցները, մայթերը, կ’ապահովուի փողոցներու գիշերային լուսաւորութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.